Հայ լեզուի անկիւնը

«ՎԱՐՁՔԸ ԿԱՏԱՐ» ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՏԱՆ ՎԱՐՁՔԸ ՎՃԱՐԵ՞Լ

Վարձ բառը բազմաթիւ կիրարկումներ ունի, որոնք սկիզբը առած են գրաբարի  «աշխատանքի փոխարէն տրուած վճարում, պարգեւ» իմաստէն։ Այսպէս, անկէ բխած են վարձատրել բայը եւ վարձատրութիւն գոյականը, որոնք կը գործածուին թէ՛ «հատուցում»  եւ թէ՛ «վճարում» իմաստներով, ինչպէս եւ վարձկան բառը («վարձքով ծառայող. կաշառուած»)։ Աշխարհաբարի մէջ ունինք վարձել բայը («գոյքի մը գործածութեան իրաւունքը վճարել») եւ աշխատավարձ («աշխատանքի վճարում») բառերը, ուրիշներու շարքին։ 1990-2000ական թուականներուն, երբ տեսերիզներու տարբեր տեսակներ գոյութիւն ունէին շուկայի մէջ, Երեւանի մէջ բազմաթիւ խանութներ կային, որոնք վարձու կու տային տեսերիզները՝ տեսավարձոյթբառի օգտագործումով։

Արեւելեան եւ արեւմտեան տարբեր բարբառներու մէջ գոյութիւն ունեցած է վարձք «երկնային վարձատրութեան արժանի բարի գործ» իմաստը։ Ահա այս իմաստն է, որ հիմքը կը կազմէ վարձքդ կատար շատ գործածական արտայայտութեան, զոր կը գտնենք արեւմտահայերէնի մէջ, որ կը մաղթէ Աստուծոյ վարձատրութիւնը բարեգործական արարքիդ դիմաց, այսինքն՝ բարոյական հատուցում մը։ Անշուշտ, (քու) վարձքդ կատար եզակի ձեւն է, իսկ յոգնակի ձեւը պէտք է ըլլայ ձեր վարձքը կատար, որ ժողովրդային լեզուի անճիշդ գործածութեամբ դարձած է վարձքերնիդ կատար։

Հետաքրքրական է նշել, որ հայերէնին յատուկ ու փաստօրէն անթարգմանելի արտայայտութեան այսպէս կոչուած «թարգմանութիւններու» կը հանդիպինք՝ մեքենաներու կողմէ։ Այսպէս, եթէ յանկարծ համարձակիք, հետաքրքրութեան համար, «վարձքդ կատար» գրել Google Translateի մէջ, պիտի գտնէք անգլերէն “pay your rent” թարգմանութիւնը։ Անշուշտ, մեքենան միայն գտած է վարձք բառի՝ տան հետ կապուած իմաստը, եւ ըստ այնմ կատարած է թարգմանութիւնը։ Ա՛լ աւելի ծիծաղելի է վերջերս Դիմատետրի մէջ երեւցած ինքնաշխատ թարգմանութիւնը։ Ուրեմն՝ «վարձքերնիդ կատար» գրառումը հոն երեւցած է “rental perform” ձեւով, անշուշտ անջատաբար թարգմանելով վարձք եւ կատար(ել) բառերը։

Բայց, ինչպէս գիտենք, երբ բարի գործ մը կատարուի, ո՛չ վարձքի վճարում տեղի կ՚ունենայ եւ ո՛չ ալ վարձք կը «գործադրուի»…։