Featured, Տօներ

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Կիրակի, 24 Մարտին, Ծաղկազարդ է։ Կը տօնենք Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ Աւագ Շաբթուան սկիզբը։ Եկեղեցին ցնծութեան մէջ է՝ քառասուն օրուան ապաշխարութենէ ետք։ Քրիստոս Երուսաղէմ կու գայ Տիրոջ անունով՝ մարգարէութիւնը գործադրելու (Զաքարիա 9: 9-16)։

«Ցնծա՛, Երուսաղէմ, եւ զարդարեա զառագաստ քո, Սիոն, քանզի՝ ահա թագաւոր քո Քրիստոս նստեալի յաւանակի նորոյ՝ հեզութիւն ցուցանելով գայ մտանէ յառագաստ քո։ Եւ մեք աղաղակեմք, ո՛վսաննա օրհնեալ եկեալի յանուն Տեառն, որ ունի զմեծ ողորմութիւն» (Ծաղկազարդի Ժամամուտ)։

(Ցնծա՜ Երուսաղէմ, եւ զարդարէ՛ քու առագաստդ, Սիոն, որովհետեւ ահա թագաւորդ Քրիստոս՝ նոր աւանակի վրայ նստած, հեզութիւն ցուցաբերելով, կու գայ մտնելու քու առագաստդ։ Եւ մենք կ՚սղաղակենք. Ովսաննա՛, օրհնեալ ըլլայ Տիրոջ անունով եկածը, որ ունի մեծ ողորմութիւն)