ԽՈՐԷՆ ՏԷՐ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ (ծնունդ՝ 2 Ապրիլ, 1909)
Ամերիկահայ արուեստագէտ Խորէն Տէր Յարութեանի բեղուն գործունէութիւնը ամերիկեան ու միջազգային ճանաչումի արժանացած է իր քանդակագործութիւններով, որոնք կը գտնուին աշխարհի հանրային եւ անհատական հաւաքածոներու մէջ։
Խ. Տէր Յարութեան (Տէր Յարութիւնեան) ծնած է Խարբերդի Աշոտաւան գիւղը, 2 Ապրիլ, 1909ին։ Միացեալ Նահանգներ ժամանած է՝ մօր ու քոյրերուն հետ, 1921ին, վերապրելով Մեծ Եղեռնին, ուր անոր հայրը՝ Տ. Յարութիւն Քհն. Քեհեայեան, եւ 22 ազգականներ թրքական բրտութեան զոհ դարձած են։
Ապրած է Ուստըր (Մասաչուսեթս), ուր տեղական արուեստի թանգարանի արուեստի վարժարանը յաճախած է, երբ տակաւին երկրորդական դպրոցի աշակերտ էր։ Իր ջրաներկերուն առաջին ցուցահանդէսը ներկայացուցած է Փրովինսթաունի (Մասաչուսեթս) մէջ (1928)։ Մեկնած է Նիւ Եորք եւ կրթաթոշակով ուսում ստացած է Ազգային Ակադեմիայի գեղարուեստի դպրոցին մէջ։ Յաջող ցուցահանդէսէ մը ետք (Նիւ Եորք, 1929), 1930ին փոխադրուած է Ճամայքա կղզին՝ նկարելու, եւ հոն տարուած է քանդակագործութեամբ։ Թէ՛ Ճամայքայի եւ թէ՛ Նիւ Եորքի մէջ քանի մը ցուցահանդէսներէ ետք, 1939ին Տէր Յարութեան այցելած է Լոնտոն, ուր խմբական ցուցահանդէսներու մէջ իր նկարներն ու առաջին քանդակները ցուցադրած է։
1944ին վերադառնալով Միացեալ Նահանգներ, յաջորդ տարին Նիւ Եորքի մէջ իր առաջին նկարներու եւ քանդակներու առանձին ցուցահանդէսը ունեցած է։ Ուաշինկթըն հրապարակի 1948ի բացօթեայ ցուցահանդէսէն ետք, Մեթրոփոլիթըն թանգարանը գնած է Տէր Յարութեանի արձանը՝ «Պրոմեթէոս եւ անգղը»։
1950-1970ական թուականներու ժամանակաշրջանը ամենէն նշանակալիցն էր Խորէն Տէր Յարութեանի գեղարուեստական ասպարէզին մէջ։ Իր գործերը դարձած են պատերազմի, ցեղասպանութեան ու բրտութեան դէմ անոր զգացումներուն արտայայտութիւնը՝ արդիաշունչ ոճով։ Տարիներու ընթացքին շահած է բազմաթիւ մրցանակներ։
1962-1963ին Իտալիա հաստատուած է, քանդակագործութեան նոր ձեւեր եւ պրոնզէ արձաններ ձուլելու նոր յղացումներ հետազօտելով։ 1964ին իր արձաններուն, քանդակներուն, ջրաներկերուն եւ գծագրութիւններուն համապարփակ ցուցահանդէս մը ներկայացուցած է Լոնտոնի մէջ։
1960ական թուականներէն, Տէր Յարութեան հայկական նիւթերով բազմաթիւ արձաններ կերտած է՝ պատմական դէպքերու վերարտադրութեամբ։ 1965ին, ՀԲԸՄի Նիւ Եորքի պատկերասրահին մէջ նկարչութեան եւ քանդակագործութեան ցուցահանդէս մը տուած է։ 1971ին այցելելով Հայաստան, իր գործերը Երեւանի Նկարիչի Տան մէջ ցուցադրած է։ Նոյն տարին, ցուցահանդէս մը տուած է Փարիզի մէջ։
1974ին, ԱՄՆի երկուհարիւրամեակի Ֆիլատելֆիայի հայկական յանձնախումբը Տէր Յարութեանին պատուիրած է նահատակներուն նուիրուած յուշակոթողի մը պատրաստութիւնը։ «Փոքր Մհեր»՝ 22 ոտք բարձրութեան պրոնզէ արձանը, զետեղուած է Ֆիլատելֆիայի արուեստի թանգարանին դիմացը եւ բացուած՝ 24 Ապրիլ, 1976ին։ «Կարծես սրբազան արարողութեան մը մէջ էի, եւ ոչ թէ ես էի քանդակողը, այլ նահատակներուն ոգիներն էին, որ կը ղեկավարէին ձեռքերս։ Երբ երկու երկար տարիներ ետք արձանը աւարտեցի, սանդուխի վրայ զգացի, որ վրէժս լուծած եմ… ու յանկարծ… արցունքներս յորդեցան», յայտնած է 1978ին, Հայաստան այցելութեան մը ընթացքին։
1983ին, Տէր Յարութեան նուիրած է 88 արձաններ եւ աւելի քան 100 նկարներ Հայաստանի ազգային պատկերասրահին։ Յաջորդ տարի, Հայաստանի «Մարտիրոս Սարեան» մետալին արժանացած է իր գեղարուեստական վաստակին համար։
Արուեստագէտը արկածամահ եղած է 17 Փետրուար, 1991ին, Նիւ Եորքի մէջ։ Խորէն Տէր Յարութեանի գործերուն մնայուն ցուցահանդէս մը բացուած է 1994ին՝ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի Էջմիածնի մասնաճիւղին մէջ։