ԱՐՈՒՍ ՈՍԿԱՆԵԱՆ (ծնունդ՝ 28 Ապրիլ, 1889)
«Արուս Ոսկանեանը ոչ միայն մեր… բեմի, այլեւ մեր ողջ էպոխայի հիասքանչ դերասանուհին է», գրած է հռչակաւոր բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցը եւ չէ սխալած։Արուս Ոսկանեան 20րդ դարու առաջին կէսի հայ թատրոնի լաւագոյն դերասանուհիներէն մէկը եղած է։
Նախամուսնական անունով՝ Արուսեակ Դարպասեան, ապագայ դերասանուհին ծնած է Կ. Պոլիս, 28 Ապրիլ (նոր տոմարով՝ 10 Մայիս), 1889ին։ Կանուխ տարիքէն հրապուրուած է թատրոնով։ Աւարտած է Էսաեան վարժարանի նախակրթարանի բարձրագոյն բաժինը եւ ապա ուսումը շարունակած է ֆրանսական «Սէն Վենսան» վարժարանին մէջ։ Կրթութիւնը աւարտելէ ետք, Ս. Փրկիչ ազգ. հիւանդանոցին մէջ ուսուցիչ եղած է։ Սակայն, ուսուցչական ասպարէզը զինք այնքան չէր հրապուրեր, որքան դերասանական աշխատանքը։
Թատերական գործունէութեան առաջին առիթը եղած է երիտասարդ Վահրամ Փափազեանի ժամանումը Պոլիս։ Անոր առաջարկով, խաղացած է Էմիլիայի դերը Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Օթելլո»յի մէջ։ Այս խաղարկութեան հետեւանքով, դեռատի Արուսեակի նշանածը խզած է իրենց կապը, եւ աղջկան ծնողները զայն փախցուցած են Պուլկարիա։
1908ին Պուլկարիայէն վերադառնալէ ետք, Արուսեակ Դարպասեան դիտած է Թիֆլիսէն Պոլիս ժամանած Աբելեան-Արմենեան թատերախումբի ներկայացումները։ Ծանօթանալով մեծանուն դերասան Յովհաննէս Աբելեանին, անոր հովանաւորութեամբ խումբին հետ Կովկաս կը մեկնի։ Այնուհետեւ, կը մտերմանայ եւ կ՚ամուսնանայ թատերախումբի դերասաններէն Յովսէփ Ոսկանեանի հետ, հաստատուելով Պաքու եւ որդեգրելով Արուս Ոսկանեան բեմական անունը։
1909-1916ին, Ա. Ոսկանեան մաս կը կազմէ Պաքուի հայկական թատերախումբին։ Երբեմն, Յ. Աբելեանի եւ Սիրանոյշի խումբերուն հետ, շրջագայած է Հիւսիսային Կովկաս, Միջին Ասիա, Պարսկաստան եւ այլուր։ Պաքուի մէջ ծանօթացած է արդէն հանգստեան կոչուած մեծանուն դերասանուհի Ազնիւ Հրաչեայի հետ, որ սիրայօժար ստանձնած է անոր բեմական ուսուցիչը ըլլալու գործը։
Դերասանուհիի գործունէութեան յաջորդ փուլը (1917-1921) ընթացած է Թիֆլիսի մէջ, ուր Ալեքսանդր Շիրվանզադէի խորհուրդով մաս կազմած է Հայոց Դրամատիկական Ընկերութեան խումբին։ Խաղացած է թէ՛ օփերէթներու եւ նուագախաղերու, եւ թէ՛ դասական թատերախաղերու մէջ։ Սակայն, հռչակուած է «ճակատագրական կիներ»ու կերպարներու մարմնաւորումով: 1921 թուականին փոխադրուած է Երևան, ուր Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոնի դերասանուհի էր. լաւագոյն դերերէն եղած են՝ Ամալիա (Ֆրիտրիխ Շիլլէրի «Աւազակներ»), Ռաութենտլայն (Կերհարտ Հաուպտմանի «Ջրասոյզ զանգ»), Աննա (Իւճին Օ’Նիլի «Աննա Քրիստի»), Նատաշա (Շիրվանզադէի «Մորգանի խնամին»), Անոյշ (Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար») եւ այլն:
Ոսկանեանի խաղը բնորոշուած է հերոսականութեամբ, բանաստեղծական իրապաշտութեամբ, թեթեւութեամբ ու նուրբ զուարթախոհութեամբ։ Ան նաեւ ասմունքող եղած է ու յօդուածներ գրած՝ թատրոնի մասին։
Արուս Ոսկանեան իր ստեղծագործական բարձրակէտին հասած է 1930ական թուականներու կէսին։ Ան եղած է նաեւ առաջին Ճուլիետն ու Լէյտի Մաքպէթը, անգերազանցելի Փորցիա եւ Տեզտեմոնա (Շէյքսփիրի «Ռոմէօ եւ Ճուլիէթ», «Մաքպէթ», «Վենետիկի վաճառականը», «Օթելլօ») եւ Նորա (Հենրիկ Իպսէնի «Նորա»): Ուշագրաւ են նաեւ Փառանձեմի (Դերենիկ Դեմիրճեանի «Երկիր հայրենի») եւ Սելմայի (Մկրտիչ Ջանանի «Շահնամէ») դերակատարումները:
1935ին, դերասանուհին Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի տիտղոսը ստացած է։ Մահացած է 20 Յուլիս 1943ին, տիֆէ, Երեւանի մէջ։