Լուրեր

ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԻ ԴԷՄ ԱՆԱՐԳ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

Ցաւով իմացանք հրեայ երիտասարդներու կողմէ Երուսաղէմի միաբանութեան անդամներէն՝ Հոգշ. Տ. Արբակ վրդ. Սարուխանեանի դէմ գործուած անարգ յարձակումին մասին, որ տեղի ունեցած է, երբ Հայր Սուրբը կը քալէր դէպի Ս. Յարութիւն եկեղեցի։

Նման դաժանութիւն միայն կը ծառայէ Խաղաղութեան Քաղաքի՝ Երուսաղէմի մէջ այժմ գոյութիւն ունեցող տագնապը աւելի եւս խորացնելու։

Կը գնահատենք բժշկական սպասարկութեան ցուցաբերած անմիջական օժանդակութիւնը հայ վիրաւոր հոգեւորականին, ինչպէս եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն, որոնք արագօրէն հակազդեցին այս դէպքին։ Կը յուսանք, որ օրէնքի կիրառումով նման դատապարտելի դէպքերու կրկնութիւնը պիտի կանխուի։

Կ՚աղօթենք Սուրբ Վայրերու մէջ բոլոր կրօնքերու փոխադարձ յարգանքի, հանդուրժողութեան եւ համագործակցութեան ի խնդիր՝ իբրեւ խաղաղ գոյակցութեան ու մարդկութեան բարգաւաճման օրինակ։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ, ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի