ԿԻՐԱԿԻ, 23 ՄԱՅԻՍ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ
ԿԻՐԱԿԻ, 23 ՄԱՅԻՍ
ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 14:25-31
Այս բոլորը խօսեցայ ձեզի, քանի տակաւին ձեզի հետ եմ: Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրս ձեզի պիտի ղրկէ իմ անունովս, անիկա ձեզի ամէն ինչ պիտի սորվեցնէ եւ յիշեցնէ ինչ որ ես ձեզի ըսի:
– Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է: Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք: Լսեցիք ինչ որ ըսի ձեզի, թէ՝ «Ահա կ’երթամ, բայց կրկին պիտի գամ ձեզի»: Եթէ զիս սիրէիք, ուրախ պիտի ըլլայիք որ Հօրս կ’երթամ, որովհետեւ Հայրս ինձմէ մեծ է: Այս բոլորը ձեզի ըսի՝ նախքան պատահիլը, որպէսզի երբ պատահին՝ այն ատեն հաւատաք: Այլեւս երկար պիտի չխօսիմ ձեզի, որովհետեւ ահա կու գայ այս աշխարհի իշխանը, որ իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունի: Բայց աշխարհը պէտք է գիտնայ թէ ես Հայրը կը սիրեմ եւ այդ է պատճառը, որ ինծի բոլոր պատուիրածները կը կատարեմ: Ելէ՛ք, երթանք այստեղէն:
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 2:1-21
Երբ Պենտէկոստէի օրը հասաւ, բոլոր հաւատացեալները միասնաբար մէկտեղուած էին: Յանկարծ սաստիկ հովի մը սուլոցին պէս ձայն մը հնչեց երկինքէն եւ լեցուց ամբողջ տունը, ուր անոնք նստած էին: Յետոյ անոնք տեսան հրեղէն լեզուներ, որոնք տարածուեցան եւ հանգչեցան իւրաքանչիւրին վրայ: Բոլոր ներկաները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար:
Այն օրը Երուսաղէմ քաղաքը լեցուն էր բարեպաշտ Հրեաներով, որոնք աշխարհի բոլոր երկիրներէն եկած էին: Երբ այս ձայնը լսուեցաւ, մեծ բազմութիւն մը եկաւ խռնուեցաւ եւ բոլորը անակնկալի եկան, որովհետեւ կը լսէին թէ ի՛նչպէս անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրենց սեփական լեզուով կը խօսի: Ամէնքն ալ սքանչացումով եւ զարմանքով կ’ըսէին իրարու.
– Այս խօսողները բոլորն ալ Գալիլեացիներ չե՞ն միթէ. ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ մեր ծննդավայր երկիրներու լեզուներով կը խօսին, ինչպէս ահաւասիկ կը լսենք: Չէ՞ որ ահա մեր մէջ կան՝ Պարթեւներ, Մարեր, Ելամացիներ, Միջագետացիներ, Հրէաստանցիներ, Կապադովկիացիներ, Պոնտացիներ, Ասիացիներ, Փռիգիացիներ եւ Պամփիլիացիներ, Եգիպտացիներ, Կիրենիայի շրջանէն Լիպիացիներ, Հռոմէն եկած Հրեաներ եւ հրէութեան դարձած նորահաւատներ, Կրետացիներ եւ Արաբիացիներ: Եւ ահա բոլորս ալ մեր խօսած լեզուներով իրենցմէ կը լսենք Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն մասին:
Ապշահար, եւ շփոթի մատնուած՝ կը հարցնէին իրարու.
– Ի՞նչպէս կարելի է բացատրել ասիկա:
Իսկ ոմանք ծաղրանքով կ’ըսէին.
– Նոր գինիով գինովցած են:
Այն ատեն, Պետրոս տասնըմէկ առաքեալներուն հետ ոտքի ելաւ եւ բարձրաձայն սկսաւ անոնց խօսիլ.
– Ո՜վ Հրէաստանցիներ եւ դուք բոլորդ որ հիմա Երուսաղէմ կը գտնուիք. իրականութիւնը գիտնալու համար՝ լսեցէք ինչ որ պիտի ըսեմ: Դուք կը կարծէք թէ ասոնք գինով են. բայց այդպէս չէ, որովհետեւ առտուան ժամը ինն է դեռ: Մինչդեռ ասիկա կատարումն է Յովէլի մարգարէութեան, որ կ’ըսէ.-
«Այնուհետեւ երբ վերջին օրերը գան,-
կ’ըսէ Աստուած,-
իմ Հոգիս պիտի թափեմ բոլոր մարդոց վրայ.
ձեր տղաքն ու աղջիկները
իմ պատգամներս պիտի փոխանցեն ձեզի,
ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի ունենան
եւ ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն:
Այն օրերուն իմ Հոգիս պիտի թափեմ նաեւ
իմ ծառաներուս եւ աղախիններուս վրայ,
եւ անոնք եւս
իմ պատգամներս պիտի փոխանցեն ձեզի:
Երկինքի բարձունքին վրայ
հրաշքներ պիտի ցոյց տամ,
եւ նշաններ՝ վարը երկրի վրայ.
աշխարհ արիւնով, կրակով եւ թանձր ծուխով
պիտի լեցուի
արեւը պիտի խաւարի,
եւ լուսինը արիւնի գոյն պիտի առնէ,
նախքան Տիրոջ մեծ եւ փառահեղ օրուան գալը:
Այն ատեն ով որ Տէրը օգնութեան կանչէ՝
պիտի փրկուի»: