Առաջնորդարանէն

ՄԱՅԻՍ 28Ի ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ԳՈՐԾԻ ԵՒ ՅԵՏԱԴԱՐՁ ՀԱՅԵԱՑՔԻ ՊԱՀ ՄԸՆ Է

Վաղը Հայաստանը պիտի նշէ իր առաջին անկախութեան 103ամեակը։ Այս տարեդարձը մեր հայրենիքը կը գտնէ վիրաւոր եւ սգաւոր՝ արցախեան 44օրեայ պատերազմէն ետք, երբ հայկական պետականութեան հիմքերը կը թուին սասանած ըլլալ։ Բուժումը ժամանակի կը կարօտի եւ միայն հաւաքական ճիգով կարելի է։

Շատ մելան հոսած է այն մասին թէ՝ հայերս ի՛նչ պէտք է ընենք կամ չընենք մեր սեփական հայրենիքին մէջ խաղաղութեան տիրանալու համար։ Հոս տեղը չէ այդ նիւթը քննարկելու։ Մեր աշխարհագրական տարածքին մէջ դէպքերու ընթացքը որոշող քաղաքական շահերու եւ զինակցութիւններու ոստայնը շատ աւելի հեռուն կ՚երթայ, քան այս սիւնակին նպատակը։ Սակայն, պէտք է սորվինք մենք մեզի վստահիլ թէ՛ իբրեւ անհատներ եւ թէ՛ իբրեւ ազգ։

Այժմ ժամանակն է վերաշինութեան, հակառակ մեր ցաւին ու սուգին՝ մեր նորագոյն նահատակներուն համար, որոնք զոհուեցան պաշտպանելով Հայաստանը երկրորդ ցեղասպանութենէ մը։ Այսպիսի պահերու գտնուած ենք որպէս ազգ, ա՛լ աւելի անյոյս պայմաններու մէջ։ Հետեւաբար, պէտք չէ յուսահատ ըլլանք, ինչ որ իսկապէս մեր պարտութեան ժամը պիտի ըլլայ։

«Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ Սատանան, առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ: Հաստատուն հաւատքով դէմ դրէք անոր, գիտնալով որ աշխարհի մէջ բոլոր ձեր եղբայրներն ալ նոյն չարչարանքներէն կ’անցնին» (Ա Պետրոս Ա. 5. 8-9)

Պէտք չէ տեղի տանք մեր վախին եւ տանջանքին։ Դիմադրութիւնը անօգուտ չէ։ Ա՛յս ալ պիտի յաղթահարենք։