«ՎԵՐԱՊՐՈՒՄ, ՊԱՇՏԱՃԵՑՈՒՄ ԵՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒՄ» (ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ)
Ազգային Երեսփոխական Ժողովի սիրելի անդամներ,
Ձեզ բոլորդ կ՚ողջունեմ Յարուցեալ Աստուծոյ Սիրով։
Պսակաձեւ ժահրի համավարակի անօրինակ պայմաններուն մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով, կը հաւաքուինք մեր Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքին իրագործումները քննելու եւ ընթացիկ տարուան մասին ծրագրելու համար։ Համավարակի սկիզբէն, մեր Առաջնորդարանի գործունէութիւնը կրնայ ամփոփուիլ երեք բառերով՝ վերապրում, պատշաճեցում եւ ստեղծագործում։ Համավարակի սկիզբը, շատեր մտածեցին, որ համաշխարհային սարսափը ժամանակներու վախճանին մօտալուտ նշանն էր։ Մահուան վիճակագրութեան ահազանգային աճը դամոկլեան սուրի պէս կախուած էր մեր վրայ, մեզ բոլորս սարսափեցնելով եւ ուղղելով դէպի մէկ նպատակ՝ վերապրում։ Փառք Աստուծոյ, հակառակ որ փորձառութիւն չունէինք այս մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման, իւրաքանչիւր անհատ եւ մեր ամբողջ համայնքը յարմարեցան մեր ապրելակերպի այս բռնի փոփոխութիւններուն նոր իրականութեան։ Ընդունինք կամ ոչ Տարուինի եղափոխութեան (evolution) տեսութիւնը, մեր վերապրումը գոյութենական փորձառութիւն մը դարձաւ, որ մեզ ստիպեց ո՛չ միայն վերապրիլ եւ պատշաճիլ այս աննախընթաց սպառնալիքին, այլեւ նորարարութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու։
Այս առիթով, կ՚ուզեմ գոհաբանութիւն յայտնել Ամենակալ Աստուծոյ, որուն Նախախնամութիւնը մեզ առաջնորդեց այս ցնցիչ փորձառութեան ընդմէջէն եւ որ մեզի տուաւ վերակազմակերպութեան ուժն ու տեսիլքը։ Մինչ կ՚աղօթենք այս մանրադիտակային ժահրին յաղթահարել չկրցած թանկագին կեանքերու հոգիներուն համար, նաեւ կը դրուատենք եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք ամէն մակարդակի վրայ իրենց կեանքը վտանգեցին ուրիշներու կեանքը փրկելու եւ, աւելի՛ն, իրենց առաւելագոյնը փորձեցին այս հիւանդութեան սփռումը կանխելու համար։ Այս առիթով, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի եւ մեր ամբողջ Թեմին անունով, կ՚ուզեմ յատկապէս ողջունել ռումանահայ ծնողքէ սերած, Լիբանանի մէջ ծնած ու մեծցած Նուպար Աֆէեանին, որ այս երկրին մէջ, իր գործընկերներուն հետ գիւտը կատարեց արդիւնաւէտ պատուաստի մը, դէմ դնելով աշխարհին սպառնացող այս ժահրին։
Համավարակի կողքին, հայերս ուրիշ հարուածներ ալ ստացանք անցեալ տարի։ Գլխաւորը եղաւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի ու Հայաստանի դէմ ձեռնարկուած ամօթալի եւ ապօրինի յարձակումն ու պատերազմը։ Իբրեւ աշխարհասփիւռ համայնք, հակառակ մեր նիւթական եւ այլ օժանդակութեանց, միջազգային համայնքի ձախողութիւնը՝ վճռակամօրէն գործելու այս ճակատագրական պահուն, վերստին բարձրացուց մեր հայրենիքին ու իր ժողովուրդին դէմ գոյութենական սպառնալիքի մը ստուերը։ Որպէս Ազգային Առաջնորդարան, «Մեծն Ներսէս» գրասենեակի գործունէութիւնը Երեւանի մէջ տենդագին կերպով կը շարունակէ օժանդակել կարիքաւորներուն, բայց նաեւ գիտակից ենք, որ այս պատերազմի հետեւանքով գաղթական դարձածներուն օժանդակելու մեր ճիգերը ապագային պէտք է բազմապատկուին։
Կարծես Արցախի ու Հայաստանի մէջ պատերազմը բաւարար չըլլար, անցեալ տարուան Օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստին ահռելի պայթիւնը՝ համավարակին հետ միասին, Լիբանանն ու լիբանանահայ համայնքը նետեց տնտեսական անդունդի մը մէջ, առաջնորդելով քաղաքական ու տնտեսական տագնապներու, որոնք մինչեւ օրս անլոյծ թնճուկներ եղած են լիբանանեան կառավարութեան համար։ Լիբանանեան ոսկիի փլուզումը՝ 1 տոլարի դիմաց 1.500 ոսկիէն հասնելով շուրջ 15.000 ոսկիի, ահռելի տառապանք պատճառած է Լիբանանի բնակչութեան, ներառեալ հայութեան։ Ահա դարձեալ կոչ կ՚ուղղուի Առաջնորդարանին՝ ամենէն էական բաներու կարիք ունեցողներուն օգնութեան հասնելու։ Փառք Ամենակալին, որ մեր կրանիթեայ կամքը դարբնեց, որպէսզի, բազմապիսի նման տագնապներէ ետք, կարողանայինք օգնել մարդկութեան օրրան մեր Հայրենիքին եւ Միջին Արեւելքի մեր համայնքներուն։
Մեր Թեմի համայնքի յանձնառութիւնը զիս կը ներշնչէ անպայման շարունակելու մեր Ծառայութեան առաքելութիւնը բոլոր անոնց, որոնք Թեմէն ներս թէ դուրս են։ Ճիշդ է, որ անցեալ տարուան ընթացքին շրջապատուեցանք, յարձակումի ենթարկուեցանք եւ բազմաթիւ սպառնալիքներու ենթարկուեցանք, այսուհանդերձ չյանձնուեցանք, չճզմուեցանք եւ այս մահացու ճնշումները, տագնապներն ու հոգերը դիմագրաւելու մեր ընդունակութիւնը չկորսնցուցինք։ Ասիկա ո՛չ բանաստեղծական եւ ո՛չ ալ հռետորական դիտարկում մըն է, այլ փաստական հաստատում մը։ Ինչպէս ոսկին, որ հրեղէն ձուլարանին մէջ կը ստանայ իր փայլն ու արժէքը, համավարակին կրակը եւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն տառապանքը անցեալ տարուան ընթացքին մեզ դրդած ու հզօրացուցած է՝ փոխադարձ կապ հաստատելու, խնամելու եւ բաժնեկցելու նոր ձեւեր ու միջոցներ գտնելու, վերանորոգելու համար մեր առաքելութիւնը Անով, որ ըսաւ. «Ես եմ Յարութիւնն ու Կեանքը»։
Մեր արդի պատմութեան ճակատագրական պահուն, այս տարուան մեր փորձառութեան հիմամբ, կ՚ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել երկու գլխաւոր եւ զուգահեռ հարցերու վրայ, որոնք Առաջնորդարանիս առաքելութեան հզօրացման եւ նորոգման կորիզը կը կազմեն։
Անոնցմէ առաջինը, որ աւելի բացայայտ դարձաւ համավարակին պատճառով, մեր հոգեւոր կեանքը ամրապնդելու հրամայականն է։ Առհասարակ Սփիւռքի, բայց մանաւանդ Հիւսիսային Ամերիկայի հայ համայնքի առաջին օրերէն, մեր հաւատացեալները ցեղասպանութեան հետեւանքով զրկուած մնացին հաւասարակշիռ հոգեւոր կեանքի փորձառութենէն՝ մեր կրօնական ուսմունքի եւ առօրեայ կեանքին մէջ։ Շատ յաճախ, Սուրբ Խաչի միջոցաւ Յարութեան զօրութեան ուսմունքը փոխարինուած է աշխարհիկ արժէքներով։ Հայրենիքի, ազգային մշակոյթի եւ գիւղական աւանդութիւններու գաղափարները ո՛չ միայն մեր սիրտն ու միտքը գրաւած են, այլեւ՝ մեր հոգին, այն աստիճան, որ մեր քարոզները, փոխանակ հիմնուելու մեր աստուածային էութեան եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ուսուցած հաւատքին վրայ, կեդրոնացած են մեր ազգային արժէքներու կերտումին վրայ։ Մեր բարեմիտ կեցուածքին չնախատեսուած հետեւանքներէն մէկը եղած է մեր համայնքի նշանակալից մէկ մասին կորուստը եւ հեռացումը, որ ջանացած է իր հոգեւոր ծարաւը յագեցնել այլ կրօնական յարանուանութիւններու եւ աղանդաւորական շարժումներու միջոցով։
Փա՜ռք Ամենակալ Աստուծոյ, որ վերջին տասնամեակներուն այս հաշուեկշիռը աստիճանաբար փոխուած է, կիրառելով ոսկեայ կանոնին սկզբունքը՝ «Կայսրինը Կայսեր տուէք եւ Աստուծոյ բաժինը՝ Աստուծոյ» (Մտ 22:21), որուն կենդանի վկայութիւնն են հայոց պատմութեան վերջին երկու հազարամեակները։
Համավարակին ընթացքին, նպատակ դրած եմ փաստօրէն մեր բոլոր համայնքներուն կանոնաւոր այցելութիւններ կատարելու՝ մեր ժողովուրդին հետ ըլլալու համար։ Երբ որ այցելած եմ ծուխ մը, մարդիկ մօտեցած են իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու, որ մեր Թեմի եկեղեցիները անխտիր սկսած ու շարունակած են Պատարագի ուղիղ սփռումը առանց դադարի։ Թոյլ տուէք յայտնել իմ զարմանքս ու երախտապարտութիւնս շատերու սրտանց արտայայտութիւններուն համար՝ Առաջնորդարանի սկզբնական հոգեւոր ծրագիրներուն մասին, որոնց շարքին՝ մեր հովիւներու ամէնօրեայ խորհրդածութիւնները, Սուրբ Գիրքի սերտողութիւնները եւ այլ հոգեւոր դասախօսութիւններ, որոնք մատուցուեցան Zoomով եւ այլ արհեստագիտական միջոցներով։ Մեր ստացած դրական արձագանգները մղեցին մեր առցանց ծառայութիւնը ճոխացնելու նոր ծրագիրներով, ինչպէս «Հաւատք եւ ընտանիք» յայտագիրը Երկուշաբթի օրերուն՝ Տէր Նարեկի եւ Տէր Վահանի գլխաւորութեամբ, «Աղօթք ժողովուրդին հետ»՝ Երեքշաբթի երեկոյեան (հայերէն) եւ Հինգշաբթի երեկոյեան (անգլերէն)՝ մեր հոգեւոր դասու մասնակցութեամբ, եւ յառաջիկայ շաբաթներուն՝ «Մեր հաւատքի հիմքերը» շարքը, որ պիտի սփռուի Չորեքշաբթի օրերուն։ Այս ձեւով, Առաջնորդարանը կարողացած է հոգեւոր սնունդ մատուցանել մեր հաւատացեալներուն ո՛չ միայն Կիրակի օրերուն, այլ շաբթուան ընթացքին։
Օրհնաբեր եղաւ նաեւ Ճորճ Ա. Սրկ. Լէյլէկեանի ծառայութիւնը, որ կամաւոր եւ բոլորանուէր կերպով սարկաւագներու առցանց դասընթացքի մը հիմքը դրաւ։ Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ սիրով, բուռն զգացմունքով ու լայն գիտելիքներով տոգորուած, ամէն Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի երեկոները ան սարկաւագներուն նուիրուած սեմինար մը դասաւանդեց ամբողջ կիսամեայ մը։ Սուրբ Գրային հիմքերով, ան ծիսագիտութեան ընդմէջէն շեշտեց Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան դարաւոր եզակիութիւնը։ Մեր դպրեվանքերէն դուրս որեւէ ծրագրի ծանօթ չեմ, որ դաստիարակութեան այս խորութիւնը ընծայէ մեր սարկաւագներուն եւ խորանի ծառայողներուն։ Եթէ հիմքը պիտի դնենք քաջալերելու բարձր կրթութեան հոգեւորականներու նոր սերունդի մը յառաջացումը մեր Թեմին մէջ, Ճորճ Ա. Սարկաւագին ձեռնարկած այս ծրագիրը կարեւոր քայլ մըն է այդ ուղղութեամբ։
Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը, օգտուելով արհեստագիտութեան ընձեռած բարիքներէն, ուսուցիչներու վերաորակաւորման դասընթացքի մը նախաձեռնեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքի գործակցութեամբ։ Նաեւ «Սիամանթօ» լսարանին տեսագրութեան ձեւաչափ տուաւ, այսպիսով Նիւ Եորքէն անդին՝ մեր Թեմի տարածքին գտնուող աշակերտներու մատչելի դարձնելով զայն։ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը եւս տեսաժողովի ձեւաչափի վերածած է Ս. Գիրքի սերտողութիւնները եւ «Տաթեւ» ամառնային լսարանը, այսպիսով աշակերտներ ներգրաւելով աշխարհագրական աւելի լայն տարածքէ մը, եւ նոյնիսկ՝ արտասահմանէն։ Բոլոր ասոնք շօշափելի նշաններ են, որ Ազգային Առաջնորդարանը հետեւողականօրէն կ՚աշխատի այժմէականացնել մեր կրթական ծրագիրները տարբեր մակարդակներու վրայ, նաեւ կ՚աշխատինք հասցնել այս կրթական ծրագիրները առհասարակ մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն։
Ծխական մակարդակի վրայ, ներշնչող հանգամանք մը եղաւ տեսնել, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, մեր հովիւներու, հոգաբարձութիւններու եւ օժանդակ մարմիններու հրաշալի գործակցութիւնը։ Ճիշդ է, որ համավարակը զանազան տարեկան տօնավաճառներու եւ դաշտագնացութիւններու ջնջումի պատճառ դարձաւ, բայց ճիշդ է նաեւ, որ զանազան նորարարական միջոցներ՝ առցանց մոմավառութիւն, տուն տարուող ճաշեր եւ նոյնիսկ Ս. Ծննդեան, Ծաղկազարդի եւ Զատկուան նուէրներու կողովներ, ո՛չ միայն ստեղծագործական, այլ հոյակապ պատասխան մը եղած են մեր համայնքներու դիմագրաւած իրականութիւններուն։ Հիացմունքով ականատես եղած եմ, թէ ինչպէ՞ս մեր հոգաբարձութիւնները եւ տիկնանց միութիւնները, աւելի քիչ մարդուժով բայց աւելի նախանձախնդրութեամբ եւ միշտ ուրախութեամբ ու նուիրումով, քայլ պահեցին մեր նահանգային եւ դաշնակցային իշխանութիւններու մշտափոփոխ կանոններուն հետ։
Գոհունակութեամբ կը հաղորդեմ, որ, հակառակ համավարակին եւ մեր ներկայ պարագաներուն, կը շարունակենք ներգրաւել բարձրորակ թեկնածուներ մեր հոգեւորական դասուն համար։ Անցեալ Փետրուարին, ուրախ եղայ, որ Ռոլանտ Սրկ. Թէլֆէեանը, որ մասնագիտական իր յաջող ասպարէզէն ետք, քահանայութեան կոչին անսալով, Առաջնորդարանիս եւ Կաթողիկոսարանին մէջ երկու տարուան ուսումէ ետք, ձեռնադրուեցաւ եւ վերակոչուեցաւ Տէր Կարապետ։ Ան անմիջապէս սկսաւ իր հովուական պաշտօնին որպէս հոգեւոր հովիւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ)։ Վստահ եմ, որ Տէր Կարապետ Քհն. Թէլֆէեանի ջանքերը պիտի ամրացնեն այս ծուխը եւ շարունակեն Տէր Արամի եւ Տէր Վահանի աշխատանքը, որոնք Ս. Խորհուրդներու մատակարարումով կանոնաւորութեամբ ծուխի կարիքներուն հասան անցնող տասնամեակին։ Ուրախ եմ նաեւ տեղեկացնելու, որ Արժ. Տ. Դանիէլ Քհն. Մանճիկեան, ամբողջացուցած ըլլալով իր նախապատրաստական շրջանը Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն), այժմ կը ծառայէ մեր Թեմին իբրեւ հոգեւոր հովիւ Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ (Կրանիթ Սիթի, Իլինոյ)։ Կը շարունակենք աշխատիլ մեր հովիւներու քանակն ու որակը բարձրացնելու՝ Թեմէն ներս թէ դուրս թեկնածուներ հայթայթելով։
Վերջապէս, թէեւ ճիշդ է, որ զանազան մշակութային ձեռնարկներու անձամբ մասնակցելու կարելութենէն զրկուեցանք, անցեալ տարի կատարուեցան շարք մը հրատարակութիւններ, որոնք կը ծառայեն մեր համայնքի տարբեր կարիքներուն, ներառեալ մեր տարեկան յուշատետրը, որ այս տարի նուիրուած էր մեր Կաթողիկոսարանի Կիլիկիայէն բռնագաղթի 100ամեակին, Արժ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանի «Մտերմութիւն Նարեկի հետ» հատորը՝ հայերէն եւ անգլերէն, հանգուցեալ Գուրգէն Սարգիսեանի «Իմ յուշերը (1914-1921)»՝ հայերէն եւ անգլերէն, եւ Ազգ. Ուսումնական Խորհուրդի կողմէ պատրաստուած ու հրատարակուած «Let’s Chat/Զրուցենք 4»ը՝ տոքթ. եւ տիկ. Արամ Սէմէրճեանի նիւթական օժանդակութեամբ։ Յատկապէս կը յանձնարարեմ, անկախաբար ձեր տարիքէն, որ «Let’s Chat/Զրուցենք 4»ի օրինակ մը ձեռք բերէք, որովհետեւ այս պրակը կրնայ օգնել ձեզի խորացնելու ձեր կրօնական ու ազգային ինքնութիւնը՝ տարեկան կրօնական ու այլ տօներու հետ ծանօթանալով։
Այս եւ ուրիշ իրագործումներ համավարակի սկիզբէն ի վեր, վերանորոգած են իմ մէջ աղօթքի ուժը, ինչպէս որ Ս. Ներսէս Շնորհալին կ՚ուսուցանէ մեզի իր աղօքթով՝ «Կենդանի հուր՝ Քրիստոս, իմ սրտիս մէջ բորբոքէ՛ քու սիրոյդ կրակը»։ Այո՛, այս համավարակը մեզ անջատեց ֆիզիքապէս, սակայն, միաժամանակ, վախէ մղուած կամ Երկնային Հօր հետ մեր յարաբերութիւնը վերահաստատելու հարազատ կարիքէ մը առաջնորդուած, մեր հաւատքն ու իսկական սէրը վերստին վառեց մեր մէջ։
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ կարեւոր հարցին, կ՚ուզեմ համառօտ կերպով անդրադառնալ մեր ներկայութեան այս ցամաքամասին վրայ անցեալ դարու սկիզբէն։ Առաջին ժամանողները՝ նախաեղեռնեան թէ յետեղեռնեան շրջանին, իրենց ընտանիքներուն հոգալու կողքին, միշտ նայեցան դէպի Երկիր, սկզբնապէս դառնալու նպատակով եւ ապա՝ խորունկ կարօտով, երբ այդ վերադարձը անկարելի դարձաւ տիրող կացութեան բերմամբ։ Տասնամեակներ շարունակ, անոնց առաջնահերթութիւնն էր իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնութեան հասնիլ, այն աստիճանին, որ իրենք զիրենք զրկեցին կրթական եւ այլ հաստատութիւններէ Միացեալ Նահանգներու մէջ, մինչ բարոյապէս ու նիւթապէս կ՚աջակցէին Միջին Արեւելքի եւ ընդհանրապէս արտասահմանի մէջ դպրոցներու եւ այլ հաստատութիւններու։ Աւելի՛ն. երբ աւելի ուշ մեր համայնքը ականատես եղաւ Խորհրդային Հայաստանի փլուզման նախօրեակին, սկզբնապէս՝ ղարաբաղեան շարժման օրերուն, այնուհետեւ՝ աղէտալի երկրաշարժի ժամանակ, ապա՝ երրորդ հանրապետութեան հաստատումին եւ Արցախի ազատագրումի օրերուն, իր առաւելագոյնը ըրաւ՝ նիւթական եւ այլ աջակցութիւն հասցնելու մեր ժողովուրդին։
Ի տարբերութիւն այլ քրիստոնէական յարանուանութիւններու, ինչպէս մեր ղպտի եւ ասորի քոյրերուն ու եղբայրներուն, որոնք այս երկիրը հասան մեզմէ ետք եւ հաստատեցին իրենց սեփական վանքերը, դպրոցները, ծերանոցները եւ ճամբարները, մենք քիչ բան ըրած ենք կրթական եւ այլ հաստատութիւններ կառուցելու, որոնք այնքան անհրաժեշտ են այս երկրին մէջ մեր հիմքերը ամրացնելու։ Այսօր հազուագիւտ ամէնօրեայ դպրոցներ կամ ծերանոցներ կան մեր Թեմի տարածքին մէջ։ Չենք յաջողած մենք մեզ հաստատել շատ մը մեծ քաղաքներու մէջ, ուր մեր հաւատացեալներէն շատեր կը բնակին։ Իբրեւ արդիւնք, այսօր թէ՛ մեր եւ թէ՛ էջմիածնական Առաջնորդարանը միայն կը հասնին Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ հաստատուած հայութեան մէկ փոքր համեմատութեան։ Մերկ իրականութիւնն է, որ շատերը, որոնք մեր համայնքին մաս պէտք է կազմէին, իրենց պապենական արմատներէն ու հայկական ինքնութենէն հեռացած են։
Այս յետահայեաց ակնարկով, անկեղծօրէն կը հարցադրեմ, թէ իբրեւ համայնք իրագործա՞ծ ենք ուժեղ համայնք մը կազմելու նպատակը, համայնք մը, որ հիմնուած ըլլայ կրթական, կրօնական եւ ընկերային հաստատութիւններու, աւելի քան կարօտի կամ զգացումի վրայ։ Անկասկած, մեր Հայրենիքը անփոխարինելի է որպէս մեր հայկական ինքնութեան կորիզ՝ մեր արտասահմանի համայնքներուն հետ։ Սակայն, հարց է, թէ ինչպէ՞ս կը սահմանենք մենք մեզ այս երկրին մէջ։ Արդեօք ժամանակաւոր բնակիչնե՞ր ենք, թէ՞ անբաժանելի մաս մը այս Միացեալ Նահանգներուն, ուր Մարթին Հայը (Martin the Armenian) առաջին հունտը ցանեց 1619ին Ճէյմսթաունի մէջ, նոյնիսկ երբ Միացեալ Նահանգները տակաւին չէր ծնած։ Եթէ մեր ընտրութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ ուժեղ համայնք մը ըլլալ է, ուրեմն ՊԷՏՔ Է ըստ այնմ զայն գործադրենք առանց ուշացումի։ Առանց նսեմացնելու աշխարհի ու յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնութեան հասնելու մեր արտահաս առաքելութեան կարեւորութիւնը, նաեւ հրամայական է, որ վերակազմակերպենք ու վերակենդանացնենք մեր ներքին առաքելութիւնը՝ մեր ենթակառուցուածքը ստեղծելով այս երկրի մէջ բոլոր մակարդակներու վրայ՝ կրօնական, կրթական, ընկերային, մշակութային եւ քաղաքական։ Ուժական ու հեռատես ամերիկահայ համայնք մը, որ ունի հասարակաց նպատակներ եւ համատեղ արժէքներ, ո՛չ միայն մեր համայնքներու, այլ եւ հայ ազգի հզօրացման երաշխաւորն է Հայրենիքի եւ համայն աշխարհի մէջ։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի 1700ամեայ պատգամը, թէ ո՛չ զնտանները, ո՛չ խոր վիրապները եւ ո՛չ ալ մահուան սպառնալիքները կրնան ազդել իրենց քրիստոնէական հաւատքին եւ ինքնութեան մէջ ամուր մնացողներուն վրայ, կը պահէ իր ճշմարտացիութիւնը այսօր եւս։ Ի մի բան՝ գործելու ժամանակը հիմա է։
Փակելու համար խօսքս, կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ամենակալ Աստուծոյ, որ Իր Նախախնամութեամբ մեր առաքելութիւնը ամրացուց ու վերակենդանացուց այս դժուարին տարուան ընթացքին։ Իմ որդիական երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ իր հայրական իմաստութեամբ եւ խորհուրդներով առաջնորդեց մեզ համաշխարհային ներկայ տագնապին մէջ։ Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու պաշտօնակիցներուս՝ իրենց անսակարկ աջակցութեան եւ գործակցութեան համար, Առաջնորդարանի անձնակազմին՝ իրենց գովելի նուիրումին համար, մեր հովիւներուն, որոնք իրենց ծառայութեամբ տեւաբար իրենց սէրը կը փոխանցեն մեր ժողովուրդին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի երեսփոխաններուն եւ մեր հոգաբարձուներուն, որոնք կը շարունակեն հսկել իրենց եկեղեցիներու բարօրութեան եւ մեր համայնքի ամբողջութեան պահպանման, մեր քոյր կազմակերպութիւններուն իրենց թանկագին գործակցութեան համար, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր նուիրատուներուն, ծխականներուն եւ բարեկամներուն, իրենց անվերապահ օժանդակութեան համար։ Անձնական իմաստով, կ՚ուզեմ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք մեծահոգաբար պատասխանեցին տարեվերջի կոչիս, ինչպէս նաեւ սատարեցին մեր արտահաս բարեսիրական ծրագիրներուն իրագործման Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի մէջ ։
Աղօթելով, որ այս համավարակը շուտով անհետանայ, անոր դրական հետեւանքները պիտի շարունակեն մղում հանդիսանալ մեր ապագայ ծրագիրներուն՝ մեր համայնքի աճին ի խնդիր։ Թող Աստուած օրհնէ եւ պաշտպանէ մեզ բոլոր երեւելի եւ աներեւոյթ ժահրերէն, աղանդներէն, թշնամիներէն եւ ուժերէն այս աշխարհի երեսին, թող Ան անայլայլ պահէ մեր Հայ Առաքելական Եկեղեցին եւ Ազգը, եւ խաղաղութեամբ, փոխադարձ յարգանքով եւ ներդաշնակութեամբ պահէ բոլոր անոնք, որոնք կ՚ապրին այս սքանչելի երկրագունդին վրայ։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի