ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Կիրակի, 23 Յունիսին, Հոգեգալուստի տօնին առթիւ, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս այցելեց Սուրբ Ստեփաննոս եկեղեցին (Ուոթըրթաուն), մասնակցեցաւ Սուրբ Պատարագին ու քարոզեց։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, ան նախագահեց դոկտ․ Վարդան Գրիգորեանի մահուան քառասունքին առթիւ հոգեհանգստեան արարողութեան։
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Կիրակնօրեայ վարժարանի վկայականաց բաշխման հանդիսութեան։ Ան նախ շնորհաւորեց հինգ շրջանաւարտները, որոնք 15 տարիներ՝ մանկապարտէզ եւ ապա մինչեւ 12րդ դասարան, յաճախած են հոգեւոր այս կրթօճախը, քրիստոնէական արժէքներով կռանելով իրենց մանուկ եւ պատանի ինքնութիւնն ու հաւատքը, եւ մաղթեց որ իրենց կեանքին մէջ մի՛շտ քալեն Աստուծոյ հետ։ Ան բարձրօրէն գնահատեց տնօրէնուհի՝ Տիկին Նայիրի Պալճեան-Պէլը եւ ուսուցչական կազմը, որ տասնամեակ մը ամբողջ սիրով եւ համբերութեամբ դաստիարակած են Յիսուսի փոքրիկ եղբայրներն ու քոյրերը։ Նաեւ դրուատեց ծնողաց նախանձախնդրութիւնը, որով իրենց մանուկները առաջնորդած են զրահուելու աստուածային պատուէրներով։
Հանդիսութենէն ետք, Սրբազան Հայրը, Արժ. Տ. Անդրանիկ Աւագ Քհն․ Պալճեանի եւ հոգաբարձութեան հետ, ուղղուեցաւ հոգաբարձութեան գրասենեակը։ Տէր Հայրը եւ հոգաբարձութիւնը գովելի որոշումը առած էին գրասենեակը ձօնել ի պատիւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան բազում տասնամեակներու հաւատարիմ անդամ՝ տիար Չարլի Յուսեանին։ Պրն․ Յուսեան յուզումնախառն՝ «Ո՛վ իմ Աստուած» բացագանչութեամբ, ընդունեց այս պատիւը եւ ցուցատախտակի քօղը վերցուց։
Այնուհետեւ, Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ Սրբազան Հայրը Տէր Հօր ընկերակցութեամբ հանդիպեցաւ դոկտ․ Վարդան Գրիգորեանի ընտանիքի անդամներուն եւ անոնց փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Կաթողիկոսի հայրական սրտազգաց ցաւակցութիւնը։