ՄԵԾՆ ՆԵՐՍԷՍ ԵՒ ԽԱԴ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Շաբաթ, 8 Յունիսին, Հայ Եկեղեցին կը տօնախմբէ Մեծն Ներսէս կաթողիկոսի եւ Խադ եպիսկոպոսի տօնը։ Մեծն Ներսէս՝ Սահակ Ա․ Պարթեւ կաթողիկոսի հայրը, յաջորդած է աննշան վաստակով երկու կաթողիկոսներու, որոնք ժողովուրդին անընդհատ փնտռել կու տային իրենց պաշտելի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ կաթողիկոսը։ Ս․ Ներսէս կաթողիկոս իր ուսումը ստացած էր Ս. Բարսեղ Կեսարացիի՝ Կապադովկիոյ երեք հռչակաւոր հայրերէն մէկուն քով։ Անոր հայրապետութիւնը նոր դարաշրջանի մը սկիզբը կը համարուի։ Ան եկեղեցին ազնուականներէն ու պալատականներէն աւելի՝ ժողովուրդի պարզ խաւին մօտեցուցած է։ Գումարած է Աշտիշատի ժողովը, որ բազում նոր օրէնքներ վաւերացուցած է, կապուած՝ ամուսնութեան, պաշտամունքի եւ սովորութիւններու հետ։ Բազմաթիւ դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ վանքեր կառուցած է, եւ վանականներ ուղարկած՝ Աւետարանը քարոզելու Հայաստանի ամբողջ տարածքին: Ս. Ներսէս կաթողիկոսի այսպիսի կարեւոր քայլերը պալատի դժգոհութեան արժանացած են, որուն հետեւանքով, ըստ աւանդութեան, Պապ թագաւոր զինք թունաւորած է 373 թուականի շուրջ։
Միւս կողմէ, ժողովուրդին հոգեւոր եւ առօրեայ կեանքին մէջ անոր կատարած հսկայ ներդրումները խորունկ գնահատանքի արժանացած են, որուն շնորհիւ Ս. Ներսէս կաթողիկոսը մեծարուած է «Մեծ» տիտղոսով։
Ի յարգանս եւ ի պատիւ մեծ սուրբին, Ազգային Առաջնորդարանի Երեւանի մէջ գործող մարդասիրական օգնութեան գրասենեակը, որ այս տարի իր երեսնամեակը կը տօնէ, կոչուած է «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութիւն։
Խադ եպիսկոպոս սերտօրէն գործակցած է Մեծն Ներսէսի հետ։ Ան ալ իր կարգին, կաթողիկոսին օրինակով, մեծ սէր ունեցած է ժողովուրդին հանդէպ ու մանաւանդ հետամուտ եղած է աղքատ դասակարգի առօրեան բարելաւելու։ Ս. Ներսէս եկեղեցւոյ բարեսիրական գործերը մեծ մասամբ վստահած է Խադ եպիսկոպոսին։ Այս երկու մեծերը իրենց աշխատանքային վարքով այնքան զուգորդուած են իրարու, որ եկեղեցին զիրենք նոյն օրը կը պատուէ։
«Որ զլոյս անճառ շնորհաց աստուածային քո գիտութեանդ ծագեցեր յաշխարհ Հայաստանեայց. գթած հայր երկնաւոր գթա ի մեղուցեալքս։
Որ ընտրեցեր յորովայնէ զմաքրեալն հոգւով Սուրբն Ներսէս, ժառանգել զվիճակ հայրենի, հովուել արդարութեամբ եւ իրաւամբք։
Որ օրինօք ճշմարտութեանն զարդարեաց զեկեղեցի․ կարգաւորեալ բարեպաշտութեամբ, սորին աղաչանօք խնայեա ի մեզ Քրիստոս։
Որ յերջանիկ ընտրեալ սրբոց հայրապետացն ժողովոյն գերագոյն փառօք պատուեցաւ սուրբն Ներսէս, դաւանեալ Աստուած զհոգին ճշմարիտ ընդ Հօր եւ Որդւոյ։
Որ զծածկեալ խորհուրդ ապագայից ժամանակաց յայտնեցէք սրբոյն Ներսէսի․ սորին աղաչանօք խնայեա ի մեզ Քրիստոս։
Որ ի վերայ պատուիրանաց թագաւորին երկնաւոր զբաժակ մահու ընկալաւ ի թագաւորէն․ եւ փոխեցաւ ի յերկինս եւ լուսեղէն յառագաստն»։
(Դուն որ աստուածային գիտութեանդ անճառ շնորհքներուն լոյսը ծագեցուցիր Հայաստան աշխարհին վրայ, գթառատ երկնաւոր Հայր, ողորմէ մեղաւորներուս։
Հոգիով մաքուր Սուրբ Ներսէսը որովայնէ ընտրեցիր, հօրենական պաշտօնը ժառանգելու եւ արդարութեամբ ու իրաւամբ հովուելու։
Ան ճշմարտութեան օրէնքով եւ բարեպաշտութեամբ զարդարեց ու կարգաւորեց Եկեղեցին․ անոր աղաչանքով խնայէ մեզի, Քրիստոս։
Սուրբ Ներսէսը ընտրեալ երջանիկ սուրբ հայրապետներու ժողովէն գերագոյն փառքով պատուըւեցաւ, ճշմարիտ Հոգին Հօր եւ Որդիին հետ Աստուած դաւանելով։
Դուն որ ապագայ ժամանակներու թաքուն խորհուրդը Սուրբ Ներսէսին յայտնեցիր, անոր աղաչանքով խնայէ մեզի, Քրիստոս։
Ան երկնաւոր Թագաւորի պատուիրաններուն համար մահուան բաժակը ընդունեց թագաւորէն, եւ երկինք՝ լուսեղէն առագաստ փոխադրուեցաւ)։