ԿՈՍՏԱՆԴԻԱՆՈՍ ԵՒ ԻՐ ՄԱՅՐԸ՝ ՀԵՂԻՆԷ
Երեքշաբթի, 11 Յունիսին, Հայց. Եկեղեցին կը տօնէ Մեծն Կոստանդիանոսը եւ իր մայրը՝ Հեղինէն։ Կոստանդիանոսը Հռոմի առաջին քրիստոնեայ կայսրը եղած է։ 330ին հիմնած է Կոստանդնուպոլիսը մայրաքաղաքը իբրեւ «երկրորդ Հռոմ», եւ ինքզինք համարած է Աստուծոյ ծառայ։ Ան թաղուած է Պոլիս, առաքեալներուն շարքին՝ անոնց ի պատիւ կառուցած եկեղեցւոյ մէջ։ Հետեւելով իր զաւակին, Հեղինէ նոյնպէս քրիստոնեայ դարձած ու իր կեանքը նուիրած է բարեգործութեան։ Շինած է բազմաթիւ եկեղեցիներ ու վանքեր եւ կարեւոր դեր մը խաղացած է Քրիստոսի խաչափայտի գիւտին մէջ՝ Գողգոթայի վրայ։ Կը կարծուի, որ Հեղինէ նաեւ օգնած է գտնել Քրիստոսի թաղման բուն վայրը, ուր աւելի ուշ կառուցուած է Ս. Յարութեան տաճարը։