«ՏԱԹԵՒ» ԼՍԱՐԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ՝ ԻՐԵՆՑ ԻՍԿ ԽՕՍՔԵՐՈՎ
Ազգային Առաջնորդարանի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանը, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ 28 Յունիսէն մինչեւ 2 Յուլիս՝ առցանց։ Լսարանին մասնակցեցան 12 համայնքներէ՝ 13-18 տարեկան 51 պատանիներ եւ 13 դասատուներ։ Իւրաքանչիւր օր, կատարուեցաւ կարճ աղօթք մը, որուն հետեւեցան երկու կարճ դասախօսութիւններ տարիքային երեք տարբեր խումբերու համար։ Երեք խումբերուն դասերը տեղի ունեցան միաժամանակ։
Ահա կարգ մը մասնակիցներու տպաւորութիւնները.
Նորա Դարբինեան. «Դասախօսութիւնները հետաքրքրական ու խորաթափանց էին, եւ նոր բաներ սորվեցուցին ինծի։ Կը յուսամ, որ յառաջիկայ տարի բոլորս միասին ըլլանք»։
Մարի Աշպահեան. «Խիստ դաստիարակիչ ծրագիր մըն էր։ Աւելի մօտեցայ իմ մշակոյթիս ու հաւատքիս։ Հանդիպեցայ նոր ընկերներու եւ վերստին կապուեցայ հիներու հետ»։
Նայիրի Ուրլեան. «Տաթեւ մասնակիցներուն ցոյց կու տայ թէ ի՞նչ կը նշանակէ քրիստոնեայ ըլլալ, ինչպէ՞ս պէտք է ենթադրաբար գործենք եւ ի՞նչ է կամ ինչպէ՞ս պէտք է դիտենք քրիստոնէական եկեղեցին։ Այս ծրագիրը մեզ քով-քովի կը բերէ՝ մեր հաւատքը հասկնալու, քրիստոնէական բարոյականութեան մասին սորվելու եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ աւելի զօրաւոր անդամներ ըլլալու համար։ Շնորհակալութիւն այս հրաշալի շաբթուան համար»։
Ստեփան Խաչատուրեան. «Ծրագիրը շատ դաստիարակիչ էր եւ ահագին բան սորվեցայ՝ սրբութենէ մինչեւ ներողմատութիւն եւ եկեղեցի երթալու պատճառներուն մասին։ Կ՚ուզէի խորհուրդ տալ, որ յաջորդ անգամ թերեւս պէտք է քիչ մը աւելի փոխգործուն (interactive) ըլլայ։ Ընդհանուր առմամբ, կը կարծեմ, որ ասիկա շատ դաստիարակիչ փորձառութիւն մըն էր ու արժանի՝ անոր ժամանակ յատկացնելու»։
Արենի Թոքմաքճեան. «Տաթեւը լաւ էր, թէեւ Zoomի մեծ հետեւորդը մը չեմ»։
Արփի Տօնոյեան. «Տաթեւը փոխգործուն ու դաստիարակիչ ծրագիր մըն էր, եւ ընդհանրապէս՝ այս ամրան ժամանակ անցընելու շատ լաւ ձեւ մը։ Իւրաքանչիւր օր սկսաւ աղօթքներով, որոնց հետեւեցան երկու դասախօսութիւններ, որոնք ուսանելի եւ դաստիարակիչ էին։ Ընդհանրապէս, Տաթեւը հոյակապ փորձառութիւն մըն էր եւ կը յուսամ բոլորը անձամբ տեսնել յաջորդ տարի»։
Ալեքս Վարժապետեան. «Շատ հաճելի էր Տաթեւի ընթացքը, թէեւ առցանց էր, որովհետեւ կը սիրեմ ուսումը եւ ահագին բան սորվեցայ անցեալ շաբաթ։ Իւրաքանչիւր սորվածս նորութիւն էր, որովհետեւ Տաթեւէն առաջ նախընթաց գիտելիք չունէի։ Կէս ժամը անգամ դասատու փոխելը թարմացումի միջոց էր, որովհետեւ ինծի յիշեցուց դպրոցի մէջ դասերու փոփոխութիւնը։ Կը յուսամ յառաջիկայ տարի անձամբ հանդիպիլ դասատուներուս եւ դասընկերներուս»։