Featured, Սուրբեր

ԵՓԵՍՈՍԻ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԵՐՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎԻ ԵՐԿՈՒ ՀԱՐԻՒՐ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ

Շաբաթ, 10 Օգոստոսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Եփեսոսի ժողովի (431) երկու հարիւր հայրապետներուն տօնը։ Եփեսոսի տիեզերական երրորդ ժողովը գումարուած էր Բիւզանդիոնի Թէոդոս Բ. կայսեր կողմէ։ Մեծ թիւով բարձրաստիճան եկեղեցականներ մասնակցեցան ժողովին, գլխաւորութեամբ Կիւրեղ Աղեքսանդրացի պատրիարքին։ Ժողովին գլխաւոր որոշումը նեստորականութեան դատապարտումն ու Նեստորի նզովումն էր։ Նեստոր չէր դաւաներ, որ Սուրբ Կոյս Մարիամէն ծնածը Աստուած էր, այլ սոսկ մարդ։ Ժողովը նաեւ հաստատեց Նիկիական հաւատամքը եւ վաւերացուց Theotokos (Աստուածածին) տիտղոսը՝ Աստուածամօր համար։

Հայաստանեայց Եկեղեցին ընդունեց Եփեսոսի ժողովի կանոններն ու որոշումները եւ անոր նուիրուած օր մը հաստատեց՝ Աստուածածնի տօնի Բարեկենդանի Շաբաթ օրը։ Մեր եկեղեցին կը ճանչնայ երեք տիեզերական ժողովներ՝ Նիկիա (325), Կ. Պոլիս (381) եւ Եփեսոս (431), իւրաքանչիւրին յատուկ օր մը յատկացնելով տօնացոյցին մէջ։

Յունական հին քաղաք Եփեսոսը հետագային հռոմէական Ասիա նահանգի գլխաւոր քաղաքը հանդիսացած է։ Տեղւոյն Արտեմիսի տաճարը հին աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն մէկը եղած է։ Ս. Պօղոս քրիստոնէութիւնը տարած է Եփեսոս (Առաքեալներու Գործեր 18:18-19) եւ երկու տարի հոն մնացած՝ իր երրորդ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։

Յայտնութեան գիրքին մէջ, Եփեսոս յիշուած Ասիոյ եօթը եկեղեցիներէն մէկն է։ Երկրորդ գլուխին մէջ, Յիսուս կը գովերգէ Եփեսոսի ժողովուրդը իր յարատեւութեան եւ աշխատասիրութեան համար, սակայն, կը քննադատէ զայն աստուածասիրութիւնը մոռացութեան մատնելուն համար։ Եփեսացիներուն համար քրիստոնէութիւնը՝ Տիրոջ հետ սիրոյ յարաբերութենէն աւելի, հաւատացեալի ծէս դարձած էր։