ԵՐԵՄԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷ
Ըստ մեր տօնացոյցին, այսօր՝ 29 Օգոստոս, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը նշէ Երեմիա մարգարէի տօնը։ Երեմիա՝ Աստուածաշունչի մեծագոյն մարգարէներէն մէկը, իր կոչումը ստացած է հրեայ ժողովուրդի հոգեւոր վերանորոգման մէկ շրջանին։ Սակայն, Յուսիա թագաւորի մահը եւ անոր յաջորդներուն տկար քաղաքականութիւնը պատճառ դարձան Երուսաղէմի գրաւումին եւ հրեայ ազգի աքսորին։ Երեմիայի խօսքերը, թէեւ ցաւով լեցուն (Երեմիա ծանօթ է «ողբացող մարգարէ» անունով), աստուածահաճոյ եւ յուսատու են, դառնալով ժամանակը զանցող դաս մը բոլորիս համար։ Այս պատմութիւնը նկարագրուած է «Մարգարէութիւն Երեմիայի» եւ «Ողբք Երեմիայի» գիրքերուն մէջ։