ԲԱՐՁՐԱՑՆԵՆՔ ՄԵՐ ՀՈԳԻՆԵՐԸ ԱՌ ԱՍՏՈՒԱԾ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 12 Սեպտեմբեր)
Այսօր Հայաստանեայց եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն Խաչվերացի տօնն է, որ եօթներորդ դարուն գերութենէ ազատագրուած Խաչափայտին պանծացման պատմական դէպքին ոգեկոչումն է։
Ճիշդ է, որ Խաչը նիւթեղէն առարկայ մըն է, այնուամենայնիւ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Փրկագործութեան մէջ ունի իր իւրայայտուկ տեղը։ Յիսուսի վարդապետութեան մէջ Խաչի վերագրումները թէպետ սակաւ, սակայն խոր առնչութիւն ունին Իր սրբազան առաքելութեան հետ (Մտ 10.38; 16.24; 24.30)։ Աւելի՛ն. Աստուածային սիրոյ զոհասեղանը եղաւ Գողգոթայի վրայ։ Հետեւաբար, Խաչը կենդանի պատգամ կը փոխանցէ բոլոր դարերու քրիստոնեաներուն։
Այս առթիւ, կ՚ուզեմ հետեւեալ հինգ մտածումները բաժնել, ներշնչուած՝ Սուրբ Խաչէն, որ նկարագրուած է որպէս «անբարբառ բարեխօս», եւ անոր պատգամը տեսնել մանաւանդ 9/11ի ողբերգութեան եւ համավարակի փորձառութեան ընդմէջէն։
ա․ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս որպէս անբիծ ու վստահելի ուսուցիչ եւ առաջնորդ, ի յառաջագունէ ուսոյց Չարին անուրանալի մարտահրաւէրները, նաեւ Իրեն աշակերտելու իրա՛ւ չափանիշը, որ է Խաչը կրել։ Արդար կերպով Ան նշեց, թէ այս աշխարհի Իշխանը որեւէ իշխանութիւն չունի Իր վրայ (Յհ 14.30), բայց եւ այնպէս չծածկեց եւ ոչ ալ անտեսեց այն իրողութիւնը, որ «Սատանան, առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ», ինչպէս կ՚ըսէ Պետրոս Առաքեալ (Ա Պտ 5.8)։ Յիսուս Խաչ կրեց ո՛չ միայն Սիոն լեռէն մինչեւ Գողգոթա, այլ համայն մարդկութեան փրկութեան խաչը կրեց, առաջնորդելով մեղքի գերութենէն դէպի խոստացուած Կեանքը։
բ․ Խաչը, որ մահապատիժի գործիք էր, Գողգոթայի վրայ բարձրանալով դարձաւ անանձնականութեան, առանց նախապայմանի սիրոյ գերագոյն առհաւատչեան, որ կ՚անդրանցնի մարդկային ամէն շահ ու նկատառում։ Եկեղեցական թէ աշխարհական պատմութիւնները հարուստ են նման պատումներով։ 2001, Սեպտեմբեր 11ի ողբերգական փորձառութիւնը, որուն քսանամեակն էր երէկ, նաեւ համավարակի աղէտը եկան փաստելու թէ ներկայի մարդկային նիւթապաշտ ընկերութեան մէջ դեռ եւս գտնուեցան հրշէջներ, ոստիկաններ, բժիշկներ եւ հանրային սպասաւորներ, որոնք պարտականութեան ճամբուն վրայ զոհեցին իրենց կեանքը՝ ազատելու համար անոնք, որոնք մահուան ճիրաններուն մէջ կը տուայտէին։ Անգամ մը եւս ճշմարտուեցաւ, թէ որքան ալ հզօր ըլլան ատելութիւնը, նախանձն ու թշնամութիւնը, եւ մահասփիւռ սարսափ, ողբ ու կոծ եւ յուսահատութիւն տարածեն, վերջին խօսքը կը պատկանի զոհուիլ գիտցող Սէր ոյժին որ կը վերաշինէ եւ կը սփռէ խաղաղութիւն, ուրախութիւն ու յոյս։ Խաչեալ, Թաղեալ եւ Յարուցեալ Տէրը բոլոր անոնց հետ է, որոնք Իր քայլերով կ՛ընթանան։
գ․ Խաչը մեզի կը սորվեցնէ բոլոր ծածուկ հնարքները Չարին, որ երբե՛ք չի դադրիր մեզ թակարդելէ իր սադրանքներուն մէջ։ Խաբեբան մինչեւ վերջին րոպէն օգտագործեց Խաչը շրջապատող հրեայ ղեկավարները, որպէսզի մարտահրաւէր կարդան Խաչեալին որ վար իջնէ խաչէն, եթէ իրապէս Աստուծոյ որդին է, եւ հաւատան Իրեն (Մտ 27.42)։ Ի՜նչ հեգնանք։ Այդ խաւարած մտքերն ու հոգիները ուրիշ ոչինչ էին, եթէ ոչ Չարին գործիքները, որպէսզի Մեսիան շեղեցնեն Փրկագործութեան աստուածային առաքելութենէն։ Արդարեւ, զարմանազան հրաշքներու ականատես ըլլալէ ու դեռ եւս անհաւատ մնալէ ետք, ակներեւ էր որ անոնց նպատակը հեռու էր իրենց յայտարարածէն։ Սուրբ Գիրքր մեզ կը զգուշացնէ, որ Չարը հոգի ըլլալով, քաջածանօթ է իւրաքանչիւրի տկարութեան, եւ ըստ այնմ մեղսալից տարբեր միջոցներ կ՚օգտագործէ, որպէսզի մեզ խաբելով առաջնորդէ յաւիտենական դատապարտութեան։ Ինչպէս ներկայի համավարակի ժահրը մշտատեւ կը փոխուի, որուն հետեւանքով պէտք ունինք շարունակական պատուաստի, որպէսզի մեր դիմադրականութիւնը զօրացնենք, նմանապէս հրամայական է, որ մշտատեւ կերպով աստուածային պատուաստը ընդունինք կարենալ յաղթահարելու համար Չարին ոռոգայթներուն։
դ․ Խաչը կը դարբնէ մեր համբերութիւնը երբ ամէն ինչ հակառակ կ՚ընթանայ մեր ակնկալածին, եւ կը սորվեցնէ մեզի որ ապաւինինք Աստուծոյ նախախնամութեան։ Առաքեալները նոյնիսկ շուարած, յուսախաբ եղած էին իրենց ակնկալութեանց մէջ, կորսնցնելով Խաչի ոյժին ներքին ոյժի գիտակցութիւնը։ Մարդկային իրենց համբերութեամբ չկրցան նոյնիսկ երեք օր տոկալ, վայելելու համար Հրաշագործ Վարդապետին խոստումը։ Համբերութիւնը նկարագիր կը կերտէ, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս Առաքեալ (Հռ 5.4)։ Աստուածային համբերութեան քուրային մէջէն յարատեւութիւն, տոկունութիւն, նորարարութիւն, յաջողութիւն եւ այլ առաքինութիւններ կը ծնին։ Համավարակի սկիզբը բոլորս անխտիր կը կարծէինք, թէ քանի մը շաբթուան, իսկ աւելի ուշ՝ քանի մը ամսուան ընթացքին պիտի անհետանար անիծեալ այս աղէտը, մինչ ահա, սարսափի ձորին մէջէն կը քալենք շուրջ տասնեւութ ամիսներ՝ առաւել համբերութեամբ եւ գիտակցութեամբ, յուսալով որ մօտիկ ապագային պիտի յաղթահարենք մարդկութիւնը կլանող այս անտեսանելի հրէշին։
ե․ Խաչը կեանքի յաղթանակի անուրանալի նշանն է մահուան դէմ։ Մարդացեալ Աստուածորդիին ապրուած կեանքէն սորվեցանք, թէ Խաչը նոր իմն ապրելակերպ մըն է այն ճամբորդութեան, որ կ՚երկարի մայրական արգանդէն մինչեւ երկրի արգանդը՝ գերեզման, ուր կը թաղուինք Յարութեան յոյսով։ Խաչը կեանքը ըմբռնելու եռեակ տարածքը կ՚ընդլայնէ քառեակ տարածքի, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ․ «Կ’աղօթեմ որ սիրոյ մէջ արմատանաք եւ կարենաք հասկնալ Աստուծոյ բոլոր ընտրեալներուն հետ միասին, Քրիստոսի սիրոյն ամբողջական տարողութիւնը՝ իր լայնութեամբ ու երկարութեամբ, իր բարձրութեամբ ու խորութեամբ» (Եփ 3.18-19)։ Երկրաւոր կեանքի մեզի հրամցուցած ժխտական բոլոր իրադարձութեանց դիմաց երբ քալենք Աստուծոյ հետ, Ան մեզի կը պարգեւէ վստահութիւնը Բարիին ու կեանքին յաղթանակը՝ չարին ու մահուան վրայ։ Սուրբերու վարքը կարդալով, ծանօթ կ՚ըլլանք, թէ ինչպէս անոնք ուրախութեամբ կեանքը կ՚ողջունէին երբ սխալ կը հասկցուէին, կը հալածուէին, կը տանջուէին եւ նոյնիսկ կը սպաննուէին, պարզ այն պատճառաւ, որ յստակ կը տեսնէին ու կը խոստովանէին Ճշմարիտ Ճանապարհը որ Կեանք կ՚առաջնորդէ։
Խաչվերացի տօնին առթիւ, միասնաբար բարձրացնենք մեր սրտերն ու հոգիները, եւ աստուածային իմաստութեամբ, համբերութեամբ եւ սիրով դարբնենք մեր կամքը, «որպէսզի մարենք Չարին արձակած բոլոր մխացող նետերը» (Եփ 6.16), եւ «անդադար Տէրը օրհնենք, եւ Անոր օրհներգութիւնը մեր շրթներուն վրայ ըլլայ շարունակ» (Սղ 34.1)։ Ամէն։