Լուրեր

SAVE ARMENIAN MONUMENTS ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՄԸ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

9-10 Սեպտեմբերին, միջազգային կրօնական ազատութեան եւ խաղաղութեան երկօրեայ համագումար մը տեղի ունեցաւ Ս. Էջմիածնի մէջ։ Մասնակիցներուն շարքին էին կրօնական իշխանաւորներ, հանրային գործիչներ, գիտնականներ եւ փորձագէտներ, որոնք քննարկեցին կրօնական ազատութեան ժամանակակից խնդիրներ եւ մշակութային ցեղասպանութեան սպառնալիքը Արցախի մէջ։

Ազգային Առաջնորդարանի նախաձեռնութիւնը՝ Save Armenian Monuments (Փրկել Հայկական Յուշարձանները, SAM), միասնաբար աշխատեցաւ համագումարի կազմակերպիչներուն հետ։ Նախաձեռնութեան հիմնադիր ու նախագահ՝ դոկտ. Վըրճինիա Տէյվիս, խօսք առաւ համագումարի վերջին նիստին, իսկ գործադիր տնօրէն Սիմոն Մաղաքեան ներկայացուց իր գիտական հետազօտութիւնը մշակութային քանդման մասին։ Save Armenian Monumentsի հոգաբարձութեան անդամներ՝ փրոֆեսորներ Հեղնար Վաթընփօ եւ Քրիստինա Մարանսի, ներկայացուցին իրենց հետազօտութիւնները հեռավար կերպով։

Համագումարի ընթացքին, նաեւ խօսք առին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ., Հայաստանի հանրային պաշտպանը (օmbudsman), Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի, Եւրոպական Եկեղեցիներու Համագումարի եւ ԱՄՆի Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդի ղեկավարներ, ինչպէս եւ Ասորական, Կաթողիկէ, Ղպտի, Մալանքարա (Հնդկաստան), Յոյն, Ռուս եւ Նեստորական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։

Համագումարի աւարտին, մասնակիցները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին, ընդգծելով ամէնուրեք, յատկապէս Արցախի մէջ կրօնական ազատութիւնը պահպանելու եւ պաշտպանելու։

Համագումարէն ետք, Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինստիտուտին մէջ, տեղի ունեցաւ ռազմավարութեան փակ նիստ մը՝ SAMի նախաձեռնութեամբ եւ համատեղ համակարգումով, եւ մշակութային ժառանգութեան նուիրուած զանազան կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ։ Ապագայ ռազմավարական ժողովները պիտի գումարուին առցանց՝ մշակութային պահպանման ջանքերը գնահատելու կոչուած չափագրութիւնը մշակելու համար։

.