Քանդակագործ ու նկարիչ Երուանդ Ոսկան Թուրքիոյ առաջին քանդակագործը կը նկատուի։
Ծնած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, 1855ին։ Հայրը բանաստեղծ Յակոբ Ոսկանն էր (1824-1907)։ Ծննդավայրի կաթողիկէ Մաքրուհեան վարժարանը (Պէշիկթաշ) յաճախելէ ետք, հօր նման ուսանած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը, զոր աւարտած է 1872ին, իսկ հինգ տարի ետք Հռոմի Գեղարուեստի Ակադեմիայէն շրջանաւարտ եղած է։ 1878ին Փարիզ մեկնած է՝ կատարելագործելու իր արուեստը։ Մասնակցած է նոյն տարին ֆրանսական մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային ցուցահանդէսին, արժանանալով երկու արծաթէ մետալներու։ 1881ին վերադարած է Կ. Պոլիս։
Ոսկանիստեղծածիրապաշտ կերպարները կը բնորոշուին հոգեբանական խորութեամբ։ Հիմնականին անոր գործերը կեդրոնացած են յատուկ նիւթերով քանդակներու («Դափնէ», «Ռազմիկներուաստուածուհիներ», «Աղախինը», «Զէյպէկկնոջպարը», «Զէյպէկիթուրովպարը») եւ դիմաքանդակներու վրայ («ՕսմանՀամտիպէյ», «Տիգրան Չուխաճեան», «Ինքնադիմաքանդակ»)։Այս գործերէն մէկ քանին պահպանուած են Հայաստանի ազգային պատկերասրահին եւ Երեւանի Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանին մէջ։
Զբաղած է նաեւ նկարչութեամբ։ Նկարչական գործերէն երկու նմոյշ՝ «Հօրը դիմանկար» եւ «Թուրը սրել տուող զէյպէկ», պահպանուած են Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ։
1883ին Ոսկան հիմնած է Պոլսոյ գեղարուեստի ուսումնարանի (այժմ՝ Գեղարուեստի պետական ակադեմիա) քանդակագործութեան բաժանմունքը, ուր դասախօսած է մինչեւ 1908։ Ոսկան եւ թուրք նկարիչ ու հնագէտ Օսման Համտի պէյ (1842-1910), որ գեղարուեստի ուսումնարանի հիմնադիր տնօրէնն էր, միասնաբար պեղած են Նեմրութ լեռը, ուր կը գտնուի Կոմմագենէի թագաւոր Անտիոքոս Ա. Երուանդունիի (Ք.Ա. 69-34) կառուցած դամբարան-սրբավայրը (1883), ինչ որ հանդիսացած է Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին հնագիտական պեղումը՝ տեղական խումբի մը կողմէ։ Անոնք 1878ի եւ 1887ի միջեւ նաեւ միասնաբար պեղած են այսպէս կոչուած Աղեքսանդրի դագաղը (sarcophagus) Սիտոնի մէջ (այժմ՝ Սայտա, Լիբանան), իսկ Ոսկան եղած է դագաղին գլխաւոր վերականգնողը, գործակցելով Օսման Համտիի ղեկավարած հնագիտական թանգարանին։
Երուանդ Ոսկան Պոլսոյ եւ նոր շրջանի հայ առաջին արհեստավարժ քանդակագործը եղած է։ Անոր աշակերտած են թուրք յայտնի քանդակագործներ Մ. Իհսան (1867-1944) եւ Մ. Թոմրուկ (1884-1949)։ 1885ին եւ 1904ին կայսերական մետալներ ստացած է իբրեւ գնահատանք իր գործունէութեան։ 1885ին նաեւ մետալ ստացած է գերմանական կառավարութեան կողմէ։
Ոսկան իր մահկանացուն կնքած է 10 Յունիս, 1914ին։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org).