Շարա Տալեան անցեալ դարու հայ ժողովրդական եւ օփերային երգի արտակարգ մեներգիչներէն մէկը եղած է, յատկապէս՝ «Անոյշ» օփերայի Սարոյի դերի չգերազանցուած մեկնաբանը։
Ծնած է 16 Յուլիս, 1893ին, Թիֆլիսի մէջ։ Տալեաններու ընտանիքը նշանաւոր էր երաժշտութեան մէջ. ապագայ երգիչին հօր պապը նշանավոր աշուղ Քամալին էր, հայրը յայտնի աշուղ Ջամալն էր, իսկ հօր մօտ ազգականներէն էր աշուղ Շերամը (Գրիգոր Տալեան): Շարա Տալեան մանկութենէն ցուցաբերած է երաժշտութեան հանդէպ իր սէրն ու երաժշտական ընդունակութիւնը։ 1901-1913 թուականներուն իր ուսումը ստացած է Ներսիսեան վարժարանին մէջ, իսկ միաժամանակ երաժշտութեան դասեր առած է երգահան Գրիգոր Սիւնիէն եւ Կոմիտաս Վարդապետի աշակերտ Սպիրիդոն Մելիքեանէն։ Դպրոցի երգչախումբին մէջ իբրեւ մեներգիչ սկսած է ելոյթ ունենալ 13 տարեկանին, իսկ 1911-1912ին Շուլաւէրի եւ Թիֆլիսի մէջ իր առաջին մենահամերգները տուած է։
1912ին, դեռ դպրոցը չաւարտած, Տալեան մասնակցած է Տիգրան Չուխաճեանի «Լէպլէպիճի Հօր-Հօր աղա» օփերէթի բեմադրութեան՝ Հօր-հօր աղայի գլխաւոր դերերգով, իսկ Օգոստոս 1912ին դարձեալ արական գլխաւոր՝ Սարոյի դերը առած է Արմէն Տիգրանեանի հռչակաւոր «Անոյշ» օփերայի առաջին բեմադրութեան, որ տեղի ունեցած է երգահանի ծննդավայրին՝ Ալեքսանդրապոլի (այժմ՝ Գիւմրի) մէջ, ժողովրդային մեծ յաջողութեամբ։
1913-1916ին երգիչը աշխատած է իբրեւ երգի ուսուցիչ եւ խմբավար Հիւսիսային Կովկասի Սվիատոյ Քրեստ (այժմ՝ Պուտիոնովսկ) քաղաքի հայկական դպրոցին մէջ, իսկ 1916-1917ին ուսանած է Ս. Փեթերպուրկի երաժշտանոցին մէջ, զուգահեռաբար մենակատարելով հայկական եկեղեցւոյ դպրաց դասին մէջ։ Այդ տարիներուն, Շարա Տալեան իբրեւ երգիչ ելոյթ ունեցած է Անդրկովկասի շատ քաղաքներու մէջ իր ստեղծած թատերական խումբերուն հետ։ 1923ին կազմակերպած ու ղեկավարած է Ալեքսանդրապոլի օփերայի եւ օփերէթի խումբը։
1927ին փոխադրուած է Երեւան, ուր կազմակերպած է «Հայ աշուղներ» ազգագրական խումբը, իսկ 1936ին՝ գուսանական երգերու համոյթը:
Շարա Տալեան կազմակերպիչներէն մէկը եղած է 1933ին հիմնուած օփերայի թատրոնին, իսկ 1933-1954ին՝ մեներգիչ։ Ստեղծած է աւելի քան երեսուն դերերգեր՝ Սարոյի կերպարի կողքին, որոնց շարքին՝ Արշակ թագաւորի («Արշակ Բ.», Տիգրան Չուխաճեան) եւ Դաւիթ Բէկի («Դաւիթ Բէկ», Արմէն Տիգրանեան) կերպարները։
Այսուհանդերձ, անոր ստեղծագործութեան գագաթնակէտը հայ աշուղական երգը եղած է։ «Հայ երգի երեկոյ» խորագրով, ան բազմաթիւ համերգներ տուած է Հայաստանի ու արտասահմանի մէջ, հնչեցնելով հայկական ժողովրդական մեղեդիները։ Մուշեղ Աղայեանի հետ գրի առած, կազմած ու խմբագրած է Սայեաթ-Նովայի (1946, 1963) եւ հաւաքած ու կազմած՝ Ջիւանիի (1955) ձայնանիշերով առաջին ժողովածուները։
Շ. Տալեան 1939ին արժանացած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի կոչման, իսկ 1946ին՝ Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակին։ Երկար տարիներ Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր եղած է։ 1956ին իր վերջին ելոյթը ունեցած է Մոսկուայի Մեծ թատրոնին մէջ՝ հայկական արուեստի եւ գրականութեան երկրորդ տասնօրեակի եզրափակիչ համերգին։ Ան իր մահկանացուն կնքած է Երեւանի մէջ, Նոյեմբեր 7, 1965ին։ Անոր անունով կը կոչուի Վանաձորի երաժշտական դպրոցներէն մէկը, ինչպէս եւ փողոցներ՝ Գիւմրիի եւ Երեւանի մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org).