Մանկավարժ, գրաքննադատ, հանրային գործիչ, բանասէր։ Բառեր, որոնք կը բնորոշեն Նիկոլ Աղբալեանի բազմաթիւ ձիրքերէն մէկ քանին, զորս ի սպաս դրաւ իր ժողովուրդին ամէնուրեք։
Ծնած է Թիֆլիս, 24 Մարտ, 1875-ին: Յաճախած է թաղին ծխական վարժարանը, ապա Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանը, յետոյ Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանը, եւ վերջապէս՝ Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանը։ Սակայն, համալսարանը չէ աւարտած, թէեւ հետեւած է կարգ մը դասընթացքներու Մոսկուայի, Փարիզի եւ Լօզանի մէջ։ Կանուխէն մաս կազմած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն, ուր եռանդուն գործունէութիւն տարած է։
Երիտասարդ տարիքէն, Նիկոլ Աղբալեան սկսած է զբաղիլ ուսուցչութեամբ, միաժամանակ աշխատակցած է Թիֆլիսի «Մուրճ» ամսագրին՝ գրական – քննադատական յօդուածներով: 1900-ականներու սկիզբը, Նիկոլ Աղբալեան իրագործած է մեր հոգեմտաւոր աշխարհի հայացման իր առաքելութեան առաջին փուլը՝ ռուսական եւ եւրոպական ազատախոհ ու յառաջադէմ արժէքներով ուղղութիւն տալով գրական-մշակութային կեանքի վերաշխուժացման։ Յովհաննէս Թումանեանի հետ ձեռնամուխ եղած է Թիֆլիսի հայ երիտասարդ մտաւորականութեան «Վերնատան» հանդիպումներու կազմակերպման։
1909-1912 թուականներուն, Աղբալեան վարած է Թեհրանի ազգային վարժարանին տնօրէնութիւնը։ Որպէս կուսակցական գործիչ մասնակցած է Հ.Յ.Դ. ընդհանուր ժողովներու։ Վերադառնալով Թիֆլիս, 1913-ին վարած է «Հորիզոն» օրաթերթի խմբագրութիւնը։
1914-1915 թուականներուն, ան մաս կազմած է հայ կամաւորական խումբերու Կարգադրիչ Մարմինին եւ Ազգային Բիւրոյին: Այնուհետեւ, զբաղած է արեւմտահայ գաղթականութեան պատսպարման, սնուցման եւ բուժման դժուարին գործով։
1918-ին, Հայաստանի հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Աղբալեան ընտրուած է Հայաստանի Խորհրդարանի անդամ, իսկ 1919-1920ին Հանրային Կրթութեան նախարարի պաշտօնը վարած է Ալեքսանդր Խատիսեանի կառավարութեան մէջ։ Աղբալեան հիմը դրած է Երեւանի պետական համալսարանին, ինչպէս նաեւ ստանձնած է պետական հովանաւորութիւնը նորահաս արժէքներու, ինչպէս օրինակ՝ Եղիշէ Չարենցի:
1921ին, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Լեւոն Շանթի, Համօ Օհանջանեանի եւ այլ պետական ու մշակութային դէմքերու հետ բանտարկուած է Փետրուար 9-18ին։ Բանտէն ազատելով` Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ, Աղբալեան ապստամբութեան աւարտէն ետք, իր ընտանիքը Երեւան ձգելով, անցած է Պարսկաստան, ապա՝ Եգիպտոս, ուր զբաղած է մանկավարժական եւ մշակութային գործունէութեամբ իբրեւ` Ալեքսանդրիոյ ազգային վարժարանի տնօրէն:
1928ին, Գահիրէի մէջ, Շանթի, Օհանջանեանի, Գասպար Իփէկեանի եւ այլոց հետ հիմնած է Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութիւնը, իսկ 1930ին անցած է Պէյրութ, ուր Լեւոն Շանթի հետ հիմնած է Համազգայինի Պէյրութի Հայ Ճեմարանը:
Մինչեւ իր մահը, Աղբալեան ծաւալած է մանկավարժական եւ հայագիտական եռուն գործունէութիւն։ Դասաւանդած է հայ գրականութեան պատմութիւն, գրաբար եւ հայ մատենագիտութիւն։ Ժողովրդային լսարաններ կազմակերպած է, որպէսզի տարագիր ու գաղթական բազմութիւններուն մէջ սերմանէ հայ մշակոյթին եւ արուեստին պաշտամունքը։ Անոր անունը անջնջելիօրէն կապուած է Համազգայինի Հայ Ճեմարանին (յետագային «Նշան Փալանճեան», իսկ այժմ՝ «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» Ճեմարան) ժառանգութեան։
Աղբալեանի տարիներու տքնաջան աշխատանքին արգասիքը եղած են գրական-քննադատական, բանասիրական եւ ազգային-գաղափարաբանական արժէքաւոր գործեր։ Այդ շարքին մաս կը կազմեն «Բանասէրի յուշագիրը», «Պատմութիւն հայ գրականութեան», «Մտածումներ Հ. Յ. Դաշնակցութեան մասին» եւ արժէքաւոր այլ գործեր։ Յետմահու, անոր գործերը ամփոփուած են չորս հատորներով։
Նիկոլ Աղբալեան մահացած է Շթորայի մէջ, 15 Օգոստոս, 1947ին։ Անոր անունով կոչուած է Երեւանի թիւ 19րդ հիմնական միջնակարգ դպրոցը։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org).