Յայտնի թատերագիր ու վիպագիր, Պերճ Զէյթունցեան նաեւ հանրային կարեւոր պաշտօններ վարած է, ինչպէս նորանկախ Հայաստանի առաջին մշակոյթի նախարարի պաշտօնը։
Ծնած է 18 Յուլիս, 1938ին, Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս)։ 1948ին իր ծնողներուն հետ Խորհրդային Հայաստան փոխադրուած է։ 1956ին Երեւանի Ղազարոս Աղայեանի անուան միջնակարգ դպրոցէն շրջանաւարտ եղած է՝ ոսկեայ մետալով։ Զէյթունցեան կանուխէն ցոյց տուած է իր գրական տաղանդը։ 1953ին իր առաջին պատմուածքը հրատարակելով «Պիոներ» ամսագրին մէջ, դպրոցը աւարտելու տարին՝ 1956ին, լոյս ընծայած է իր առաջին հատորը՝ «Նրա առաջին ընկերը» պատմուածքներու հաւաքածոն։ Նոյն տարին Հայաստանի երիտասարդական փառատօնի առաջին մրցանակը ստացած է, իսկ յաջորդ տարին՝ Խորհրդային Միութեան երիտասարդական փառատօնի երկրորդ մրցանակը։ 1959ին հրատարակեց «Մեր թաղի ձայները» (պատմուածքներ եւ վիպակ), իսկ 1963ին՝ «Մեզնից յետոյ» վէպը։
1963ին աւարտելէ ետք Պեատիգորսկի (Ռուսաստան) օտար լեզուներու հիմնարկի հեռակայ բաժինը, 1963-1964ին Զէյթունցեան Մոսկուայի բեմագրութեան երկամեայ բարձրագոյն դասընթացքին հետեւած է։ Մոսկուայէն վերադարձին, «Հայֆիլմ» շարժանկարի արուեստանոցի խմբագիր (1965-1968) եւ հեռատեսիլի շարժանկարներու «Երեւան» արուեստանոցի գլխաւոր խմբագիր եղած է (1968-1975)։ Ֆրունզէ Դովլաթեանի «Երեւանեան օրերի խրոնիկա» ժապաւէնը (1973) նկարահանուած է Պերճ Զէյթունցեանի բեմագիրով։
1975-1986ին Զէյթունցեան Հայաստանի Գրողներու Միութեան քարտուղար էր։ Այլ գործերու շարքին, 1977ին հրատարակած է «Արշակ Երկրորդ» պատմավէպը, իսկ 1980ական թուականներուն սկսած է լոյս ընծայել թատերախաղեր, որոնց առաջին նմոյշները ամփոփուած են «Ամենատխուր մարդը» (1981) եւ «Մեծ լռութիւն» (1985) հատորներուն մէջ։ Իր թատերական վաստակը կ՚ընդգրկէ 12 գործեր, որոնք բեմադրուած են Երեւանի թատրոններուն մէջ, ինչպէս եւ այլուր։ Հրատարակած է նաեւ հրապարակագրական յօդուածներու ժողովածուներ։ Անգլերէնէ թարգմանած է, ի շարս այլոց, Կրէհէմ Կրինի եւ Էռնեստ Հէմինկուէյի գործերը։
1986-1990ին «Պիոներ» ամսագրի խմբագրապետը եղած է, իսկ 1989ին Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի կոչումը ստացած է։ 1991-1992ին, Պերճ Զէյթունցեան վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի առաջին նախարարը եղած է։ Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ մետալներու, ինչպէս «Մովսէս Խորենացի» մետալը (1998), Հայաստանի պետական մրցանակը 1999ին՝ «Խոր Վիրապ» թատերախաղի համար, «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը (2008), եւ այլն։ 2005ին ընտրուած է Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի։
Ականաւոր վիպասանն ու թատերագիրը մահացած է Երեւանի մէջ, 21 Օգոստոս, 2017ին։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org)