Մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեան՝ Սարդարապատի հերոսամարտի մասնակից եւ խորհրդային բանակի հայ բարձրագոյն զինուորականներէն մէկը եղած է Բ. Աշխատրհամարտին, վճռական յաղթանակներ տանելով գերմանական բանակներուն դէմ։ Յետագային Խորհրդային Միութեան Պաշտպանութեան փոխնախարար եղած է։
Ծնած է Դեկտեմբեր 2, 1897ին, Էլիզավետպոլ (պատմական Գանձակը, այժմ՝ Գեանջա, Ատրպէյճանի մէջ), երկաթուղային բանուորի ընտանիքին մէջ։ Ուսումը ստացած է տեղւոյն երկամեայ դպրոցին մէջ, զոր աւարտած է 1912ին։
1915ին իբրեւ կամաւոր ընդգրկուած է Ռուսաստանի բանակի 2րդ Կովկասեան սահմանային գունդին մէջ, եւ կռուած է Կովկասի ճակատին մէջ Օսմանեան կայսրութեան դէմ։ 1918ին, հայկական բանակի կազմին մէջ մասնակցած է Սարիղամիշի եւ Կարսի տարածքին մէջ թուրքերու դէմ կռիւներուն, ինչպէս նաեւ Սարդարապատի հերոսամարտին՝ իբրեւ դասակի հրամանատար։
1925 թուականին, Բաղրամեան աւարտած է Լենինկրատի (այժմ՝ Ս. Փեթերպուրկ) հեծելազօրային դպրոցը, իսկ 1934ին՝ Ֆրունզէի անուան ռազմական ակադեմիան։ Այդ ընթացքին ծառայած է Հայաստան տեղակայուած խորհրդային զօրքերուն՝ Էջմիածնի, Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ։
1934-1936 թուականներուն ծառայած է իբրեւ Կարմիր Բանակի 5րդ հեծեալ բաժնի սպայակոյտի պետ, իսկ 1938էն սկսեալ դասախօսած է Խորհրդային Միութեան զինուած ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի ռազմական ակադեմիային մէջ։ Այդ ընթացքին, կարճ ժամանակով ձերբակալուած է ստալինեան մաքրագործումներու շրջանին։ Հրամանատարական ծառայութեան վերադարձած է 1940ին, դառնալով Կիեւի (Ուկրանիա) յատուկ ռազմական շրջանի գործողութիւններու բաժնի պետ։
Յունիս 1941ին, նացիական Գերմանիոյ Խորհրդային Միութիւն ներխուժումէն ետք, Բաղրամեան նշանակուած է սպայակոյտի պետի տեղակալ հարաւ-արեւմտեան ռազմաճակատին վրայ, որուն սպայակոյտը Կիեւ կը գտնուէր։ Մասնակցած է հրասայլային մեծ ճակատամարտերուն Ուկրանիոյ արեւմուտքը եւ Կիեւի պաշտպանութեան ճակատամարտին։ Վերջինիս հրամանատարը՝ զօր. Միխայիլ Կիրպոնոս, սպաննուեցաւ, եւ ամբողջ զօրքը գերի ինկած է գերմանացիներուն։ Բաղրամեան այն քիչ սպաներէն էր, որ կարողացած է խուսափիլ գերութենէն։ Ապա նշանակուած է մարաջախտ Սեմէոն Տիմոշենկոյի սպայակոյտի պետ եւ կռուած՝ Ռոստովի մօտ, ինչպէս նաեւ մասնակցած՝ Խարկովի հակայարձակման (1942)։ Այս ժամանակ Բաղրամեանը անյաջող հակայարձակման համար խնդիրներ ունեցած է, որոնք շուտով հարթուած են ու ան նշանակուած է 16-րդ բանակի հրամանատար, որ արդէն կը կոչուէր 11-րդ պահակային բանակ: Այս բանակի հրամանատարի պաշտօնին վրայ, ան վարած է քանի մը բացառիկ յաջողած ռազմական գործողութիւններ։ Նոյեմբեր 1943ին, Բաղրամեան զօրավար-գնդապետի կոչումով նշանակուած է առաջին Մերձպալթեան ճակատի հրամանատար եւ մասնակցած՝ 1944 թուականի խորհրդային մեծ յարձակման Պելառուսի եւ Լատուիոյ մէջ («Բագրատիոն» գործողութիւն)։ Անոր բանակները ճեղքած ու հասած են Պալթիք ծովը, շրջապատելով 30 գերմանական բաժանմունքներու Լատուիոյ մէջ։ Այս ռազմական քաջագործութեան համար, Բաղրամեան արժանացած է Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչման։
Բաղրամեանի բանակը 1945ի սկիզբը մասնակցած է Արեւելեան Պրուսիոյ գրաւման եւ նոյն տարուան Մայիսին Մերձպալթեան շրջանը գտնուող գերմանական հզօր զօրախումբը պարտադրած է յանձնուիլ։
Պատերազմէն ետք, Բաղրամեան մնացած է իբրեւ Պալթեան ռազմական շրջանի հրամանատար։ 1954 թուականին նշանակուած է խորհրդային Պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր տեսուչ, իսկ 1955ին՝ փոխնախարար, ստանալով Խորհրդային Միութան մարաջախտի կոչում։ Ան նաեւ զինեալ ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի ակադեմիայի պետն էր եւ խորհրդային պահեստի ուժերու հրամանատարը։ Հանգստեան կոչուած է 1968ին։ Արժանացած է Խորհրդային Միութեան հերոսի կրկնակի տիտղոսին եւ ստացած՝ երկրի ամենաբարձր պարգեւատրումները։ Հրատարակած է իր յուշերը ռուսերէն լեզուով։
Մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեան մահացած է 21 Սեպտեմբեր, 1982ին։ Անոր անունով կոչուած են Երեւանի կեդրոնական փողոց մը, գետնուղիի կայարան մը, Արմաւիրի մարզի մէկ գիւղը։ 1997ին Հայաստանի Պաշտպանութիւնը հաստատած է «Մարշալ Բաղրամեան» մետալը, որով կը պարգեւատրուին աչքի ինկող հայ սպաներն ու զօրավարները։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org)