ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆ (ծնունդ՝ 15 Հոկտեմբեր, 1809)
Խաչատուր Աբովեան նշանաւոր է իբրեւ արեւելահայ աշխարհաբար գրականութեան հիմնադիր՝ «Վէրք Հայաստանի» վէպով (գրուած՝ Քանաքեռի բարբառով)։ Իր առեղծուածային վախճանն ալ սերունդներու ուշադրութիւնը գրաւած է։ Անոր ստեղծագործութիւնը հայ գրականութեան նոր փուլի սկիզբը դրած է։
Աբովեան ծնած է Երեւանի մօտ գտնուող Քանաքեռ գիւղը (այժմ՝ Երեւանի շրջան) 15 Հոկտեմբեր, 1809ին, նահապետական նշանաւոր ընտանիքի մը ծոցին մէջ։
1819ին, ծնողքը զինք տարած է Էջմիածին, յանձնելով ընտանիքի բարեկամ Եփրեմ Ա. Կաթողիկոսին, ուր ստացած է իր նախնական ուսումը մինչեւ 1822։ Այնուհետեւ, մեկնած է Թիֆլիս, ուր յայտնի հայկաբան Պօղոս վարդապետի քով երկու տարի ուսումը շարունակելէ ետք, 1824ին մտած է նորաբաց Ներսիսեան դպրոցը, որուն առաջին շրջանաւարտներէն մէկը եղած է 1826ին։ Նոյն տարին բռնկած ռուս-պարսկական պատերազմը խանգարած է Աբովեանի ծրագիրը՝ ուսումը շարունակելու։ Հայրենիք վերադառնալով, կէս տարի դասաւանդած է Սանահինի վանական դպրոցին մէջ, իսկ յետոյ կարգուած է սարկաւագ ու թարգման՝ Էջմիածնի մէջ։
1829ին, Աբովեան ընկերացած է Դորպատի համալսարանի դասախօս Ֆրիտրիխ Փարրոթին՝ Արարատի գագաթը մագլցելու։ Երրորդ փորձէն ետք, արշաւախումբը գագաթ հասած է Հոկտեմբեր 9, 1829ին։ Հետագային Արարատի գագաթ բարձրանալը յայտարարուած է «սրբապղծութիւն» եւ Աբովեան հալածուած է հոգեւորականներու կողմէ։ Տարիներ անց՝ 1845ին, Աբովեան գերմանացի բնագէտ Օթթօ ֆոն Ապիխի հետ կրկին բարձրացած է լերան գագաթը, իսկ երորրդ ու վերջին անգամ Արարատի գագաթ բարձրացած է 1846ին՝ անգլիացի Հենրի Տէնպի Սէյմուրի հետ։
Փարրոթի աջակցութեամբ, 1830-1836ին Աբովեան պետական թոշակով ուսանած է Դորպատի համալսարանը եւ յատուկ ծրագրով նախապատրաստուած՝ ուսուցչական գործունէութեան։ Ուսումնասիրած է բնական եւ ընկերային գիտութիւններ, լեզուներ (գերմաներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, լատիներէն), եւրոպական գրականութիւն ու փիլիսոփայութիւն, երաժշտութիւն եւ արհեստներ։
1836ին վերադառնալով հայրենիք, Աբովեան նպատակ դրած էր կրթական գործունէութիւն ծաւալել, սակայն հոգեւորականութիւնը անվստահութեամբ վերաբերած է անոր հանդէպ՝ «այլադաւաններ»ու (այսինքն՝ աւետարանական) միջավայրի մէջ կրթուած ըլլալուն համար։ Աբովեան հրաժարած է հոգեւոր կոչումէն եւ 1837-1843ին վարած է Թիֆլիսի գաւառական դպրոցի տեսուչի պաշտօնը։ Հիմնադրած է նաեւ մասնաւոր դպրոց մը՝ ժողովրդական դպրոցներու ուսուցիչներ պատրաստելու համար։
Հակառակ ցարական պաշտօնէութեան եւ հայ պահպանողական մտաւորականներու յարուցած խոչընդոտներուն, Աբովեան կարողացած է ստեղծել իր ամենէն նշանաւոր երկերը, ինչպէս «Վէրք Հայաստանի» վէպը (1841, հրատարակուած՝ 1858ի), որոնք մեծ մասամբ լոյս տեսած են յետմահու։ Գրած է նաեւ այլ արձակ գործեր, բանաստեղծութիւններ, ուսումնասիրութիւններ, դպրոցական դասագիրքեր, եւ այլն։
1843-1848ին աշխատած է Երեւանի գաւառական դպրոցներուն մէջ։ Ժամանակի ցարական պաշտօնէութեան հակահայ քաղաքականութիւնը իր բացասական ազդեցութիւնը ունեցած է ազատամիտ ու յառաջդիմական ոգիով տոգորուած Աբովեանի վրայ։ Ռուսաստանի հանդէպ խանդավառ վերաբերմունք ունեցող գրագէտը գաղափարական շրջադարձի բոլոր նախադրեալները՝ ի տես դպրոց ստեղծելու ծրագիրներու եւ հայ ժողովուրդի սեփական պետութիւն վերականգնելու բոլոր ձգտումներու ձախողութիւններուն։ Այս բոլորի հետեւանքը եղած է Աբովեանի առեղծուածային անհետացումը։
1848 Ապրիլ 2ին, առաւօտ կանուխ, Աբովեան տունէն դուրս ելած է ու այլեւս վերադարձած չէ։ Տարբեր վարկածներ յառաջացած են՝ ինքնասպանութենէն մինչեւ պարտապան թուրքերու կողմէ սպանութիւնը, Եւրոպա անցնելէն՝ 1848ի յեղափոխութիւններուն մասնակցելու, մինչեւ Սիպիր աքսորը։ Հարցը դեռ կը մնայ անլոյծ։
Աբովեան ձգած է գրական հարուստ ժառանգութիւն, թէեւ իր ողջութեան միայն հրատարակած է «Նախաշաւիղ կրթութեան» դասագիրքը։ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիան 1948-1961ին հրատարակած է անոր երկերը՝ 10 հատորով։
Անոր անունով կը կոչուին շրջան, քաղաք, գիւղ, երկաթուղային կայարան, Երեւանի մանկավարժական համալսարանը եւ այլ հաստատութիւններ, փողոցներ, եւ այլն։ Աբովեանի յուշարձաններ զետեղուած են Երեւանի ու Քանաքեռի մէջ, ուր կը գտնուի անոր տուն-թանգարանը։