Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ԻԼԻՆՈՅԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 7 Նոյեմբերին, մեծ շուքով տօնախմբուեցաւ Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ համայնքի (Կլենվիու, Իլինոյ) 78րդ տարեդարձը։ Գերշ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց ու քարոզեց (տեսնել ստորեւ), վեր առնելով Քրիստոսի մէջ խարսխուած հաւատքի գերագոյն զօրութիւնը, որ կը յաղթահարէ նոյնիսկ մահուան։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ «Շահնազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեդարձի հոյակապ ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ 130 ծխականներու։ Եկեղեցւոյ այցելու հովիւ՝ Արժպ. Տ. Վահան Քհն․ Գույումճեանի աղօթքով ճաշասեղանի օրհնութենէն ետք, տիար Ռաֆֆի Գրիգորեան՝ հոգաբարձութեան ատենապետ, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ միամեայ գործունէութեան հակիրճ պատկերը ներկայացուց, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք յատկապէս անցնող տասնութ ամիսներուն իրենց անսակարկ ծառայութիւնը բերին եկեղեցւոյ եւ համայնքի պահպանման։

Այս առթիւ, Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագիր ստացան տիկ. Քնարիկ Յարութիւնեան, տիկ. Մարալ Փօլատեան, տիկ. Մանուշակ Շանթ, պրն. Թոնի Ճէյքոպ եւ տէր եւ տիկ. Ժիրայր եւ Շարի Գազարեան՝ իրենց ծառայութեան եւ զօրակցութեան համար (կողքի նկար)։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ տարեդարձին առընթեր շնորհաւորեց համայնքը, որ գովելի ներկայութեամբ մասնակցելով  այս ձեռնարկին, համավարակի ստեղծած ընկերային կեանքի կղզիացումի սառցակոյտը կտրեց, կամ ինչպէս անգլերէն խօսքը կ՛ըսէ՝ «Breaking the ice»։ Բարձրօրէն գնահատեց  եկեղեցւոյ այցելու հովիւ՝ Տ.Վահան եւ երէցկին Մակի Գույումճեաններու սիրայօժար  յանձնառութիւնը, որ ամէն շաբաթ Նիւ Ճըրզիէն կու գան Շիքակօ, հակառակ թռիչքներու անբնական ուշացման կամ ջնջման, աշխոյժ պահելով գաղութի բազմակողմանի կեանքը։ Ան նաեւ գնահատեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, յարակից մարմիններն ու քոյր կազմակերպութիւնները, իրենց ցուցաբերած անվհատ կամքին համար։

Խօսքը ուղղելով առ հասարակ ներկաներուն, Սրբազան Հայրը օրուան Աւետարանի պստգամը փոխ առնելով որպէս մերօրեայ նշանաբան, ըսաւ. «Ժամանակն է որ Քրիստոսի խօսքով, ամէնքս ոտքի կանգնինք եւ աղօթքով, զգուշութեամբ եւ համբերութեամբ թօթափենք համավարակի ստեղծած թմրութիւնը եւ ողջունենք Աստուծոյ պարգեւ՝ բնականոն կեանքը, առաւել գիտակցութեամբ եւ երախտագիտութեամբ»։

«Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ տարեդարձի հաւաքը, տօնախմբելու համար նորանոր տարեդարձներ։