Սոյն հրատարակութեան առաջին մասը՝ Ա. հատոր, կ՚ընդգրկէ մեր Եկեղեցւոյ ծիսական-արարողական կեանքի մանրամասնութիւնները։ Տարուան իւրաքանչիւր օր յատուկ վերնագրի տակ զետեղուած է հատորին մէջ, եւ հոն տրուած է ամբողջ արարողութեան ընթացքին կատարուելիքներու մանրամասն բացատրութիւնը։
Երկրորդ մասը՝ Բ. հատոր, կը սկսի կարճ յառաջաբանով մը, ուր եօթը կէտերու մէջ բացատրութիւններ տրուած են գիրքին բովանդակութեան ու նպատակին մասին։ Այս մասին մէջ տարուան բոլոր օրերը նշուած չեն, այլ միայն երկարող ու նուազող միջանկեալ շրջանները, նաեւ անոնց մէջ դրուած տօները, բոլոր մանրամասնութիւններով։ Երկրորդ հատորը կ՚ամբողջացնէ առաջին հատորը։
Այս հրատարակութիւնը մեծապէս օգտակար կ՚ըլլայ հոգեւոր դասուն, դպրապետերուն ու դպրաց դասերուն, կանոնաւորելով ու դիւրացնելով մեր եկեղեցւոյ արարողութիւններուն ծիսական-կանոնական ընթացքը։
Weight | 2.74 lbs |
---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.