«ԵԿՈ՛ՒՐ ԵՒ ՏԵ՛Ս»
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 14 Նոյեմբեր)
Այսօր՝ Սուրբ Խաչի Վերացման տասներորդ Կիրակին, Աւետարանի ընթերցումը կը ներկայացնէ Ղուկաս 9.44-50, որով մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս հոյակապ գործնական պատգամ մը կու տայ խոնարհութեան մասին իր աշակերտներուն եւ բոլոր դարերու հաւատացեալներուն։ Այս առթիւ, սակայն, կ՛ուզեմ անդրադառնալ Փիլիպպոս Առաքեալին, որուն տօնն էր երէկ Անդրէաս Առաքեալին հետ, եւ անոր մասին կատարել խորհրդածութիւնս։
ա․ Փիլիպպոս Առաքեալը, Անդրէասի նման, Պէթէստայէն էր, որ եբրայերէն կը նշանակէ Տուն Ողորմութեան կամ Ազնուութեան։ Մեր Տէրը, երբ կանչեց Փիլիպպոսը, որ հետեւի Իրեն, ան իսկոյն ետեւէն գնաց։ Աւելի՛ն. իր բարեկամը՝ Նաթանայէլը գտնելով, կը քաջալերէ, որ ինք եւս հանդիպի եւ ծանօթանայ Ռաբբիին, որ կը մարմնաւորէր Օրէնքն ու մարգարէութիւնները։ Վերջինս, փոխանակ ընդունելու այս հրաւէրը, հարցականի տակ կ՛առնէ Յիսուսի ծննդավայրը, ըսելով՝ «Կարելի՞ է, որ Նազարէթէն լաւ բան մը ելլէ»։ Փիլիպպոս, առանց ազդուելու արհամարհական այս պատասխանէն, մարտահրաւէր կը կարդայ անոր, ըսելով՝ «Եկո՛ւր եւ տե՛ս»։ Մնացեալը՝ անհաւատալի վկայութեան մը պատումն է, որ ինքնին առանձին նիւթ է։
բ․ Յովհաննէս Աւետարանիչ, Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը արձանագրելէ ետք, կը նշէ, որ կարգ մը յոյներ գալով կը խնդրեն Փիլիպպոսէն, որ Յիսուսը կ՛ուզեն տեսնել։ Առաքեալը, իր կարգին, Անդրէասին կը ներկայացնէ անոնց խնդրանքը, ապա միասին կը յայտնեն իրենց Վարդապետին, որ ամենայն հանդիսաւորութեամբ կը յայտարարէ, թէ «հասած է ժամը որ Մարդու Որդին փառաւորուի» (Յհ 12.20-23)։
գ․ Վերջին Ընթրիքին, երբ Քրիստոս կ՛ակնարկէ Հօր եւ Իր յարաբերութեան մասին, Փիլիպպոս կը հարցնէ Յիսուսին. «Տէ՛ր, ցոյց տուր մեզի Հայրը, եւ կը բաւէ մեզի»։ Այս խնդրանքը առիթ կը հանդիսանայ, որ մեր Տէրը շատ կարեւոր եւ վերջին ուսուցում մը կատարէ Հօր եւ Միածնին միութեան մասին։
դ․ Փիլիպպոս նաեւ մասնակցութիւն կ՚ունենայ հինգ հազարի կերակրման հրաշքը կանխող մեր Տիրոջ եւ առաքեալներուն միջեւ տեղի ունեցած խօսակցութեան մէջ։ Հոգեգալուստէն ետք, ան կը քարոզէ Սամարիոյ մէջ (Գործք 8.4-13), եթովպացի ներքինիին քրիստոնեայ դարձի դերակատարը կը հանդիսանայ (Գործք 8.26-39), իսկ աւելի ուշ, ան Աւետարանը կը քարոզէ մինչեւ Կեսարիա, ապա արեւմտեան Փոքր Ասիա։ Թաղուած էր Եփեսոսի մէջ, եւ մինչեւ անցեալ դարադարձին իր մասունքները կը յարգուէին Ամասիոյ հայոց կողմէ։
Վերոյիշեալ մէջբերումներէն կարելի է եզրակացնել թէ, յարաբերաբար կարգ մը առաքեալներու, Փիլիպպոս աւելի մօտիկութիւն վայելած էր Քրիստոսի հետ, զոր լաւագոյնս արժեցուցած էր Աւետարանի քարոզութեամբ։ Իր վարքէն կը քաղենք հետեւեալ օգտաշատ դասերը․
ա․ Փիլիպպոս, անմիջապէս որ կը կանչուի մեր Տիրոջ կողմէ, չի վարանիր Բարի լուրը բաժնելու Նաթանայէլի հետ։ Աւելի՛ն. անիկա այնպիսի անձնաւորութիւն մըն էր որ ժամանակ չէր վատներ առարկելու կամ վիճաբանելու, որպէսզի իր տեսակէտը արդարացնէր կամ պարտադրէր, այլ առարկայական ձեւով կը հրաւիրէ իր բարեկամը որ «գայ եւ տեսնէ», որպէսզի ուղիղ կապ հաստատելով իր համոզումը ունենայ Մեսիայի մասին։
բ․ Փիլիպպոս դրական մտածողութեան եւ անանձնական նկարագրի տէր միջնորդ մըն էր։ Երուսաղէմ յաղթական մուտքին հանդիպող յատուկ անձնաւորութեանց այցը՝ Յիսուսը տեսնելու, տօնական օրերու ամենէն խճողուած շրջանին կը համընկնէր։ Այս մթնոլորտին մէջ Առաքեալին յանձնառութիւնը, որպէսզի յաջողցնէ ակնկալուած հանդիպումը, ինքնին խօսուն փաստ մըն է անոր նկարագրին, երբ մանաւանդ չի վարանիր օգնութիւն խնդրելու իր պաշտօնակիցէն։
գ․ Փիլիպպոսի հարցաքննողի բնաւորութիւնը կը յայտնուի երկու առիթներով, սակայն, ինչպէս յայտնի է վերեւի յիշուած պարագայէն, երբ հայթայթուէր որոշ տուեալ մը, կը բաւարարուէր։ Սա լաւագոյն ապացոյցն է, թէ առարկելու սիրոյն չէր որ կը հարցնէր, այլ գլխաւոր նպատակն էր ապահով յենակէտի մը վրայ հիմնաւորուիլ։
Առաքեալին նկարագրային այս գովելի գիծերուն ծանօթանալով, հետեւեալը կը սորվինք․
ա․ Պէտք է միշտ բաժնեկցինք, տարածենք Բարի Լուրը, եւ երբեք տեղի պէտք չէ տանք, նոյնիսկ երբ ընդդիմութեան հանդիպինք ծանօթներէ կամ անծանօթներէ։
բ․ Մարդիկ ծանօթացնել Քրիստոսի՝ գոհունակութիւն պատճառող մեծագոյն ծառայութիւններէն մին է։ Այս ընթացքին մէջ, երբե՛ք պէտք չէ տատամսինք, եթէ հարկ ըլլայ, նոյնիսկ օգնութիւն խնդրել փորձառու անձերէ։
գ․ Կեանքը լի է խորհուրդներով։ Երբ լուսաբանուելու համար դիմենք գիտութեան Աղբիւրին, յարմար ժամանակին Ան կը հայթայթէ մեզի գոհացուցիչ պատասխանը։ Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան սկիզբը յստակ կերպով յայտարարեց, «Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի» (Մտ 7.7)։
Կենսատու այս ուսուցումով լուսաւորուած, գոհութեամբ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, որ միշտ կը յագեցնէ մեր մարմնաւոր, մտաւոր եւ հոգեւոր ծարաւը։ Ամէն։