Featured, Առաջնորդարանէն

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ Է ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ 2022Ի ՅՈՒՇԱՏԵՏՐԸ

Շուտով պիտի ստանաք Ազգային Առաջնորդարանի 2022ի յուշատետրը։ Ան նուիրուած է Ազգային Առաջնորդարանի 65ամեայ ծառայութեան։ Ասիկա ո՛չ միայն մեր Եկեղեցւոյ, բայց նաեւ հայ համայնքին ու մեր ծուխերուն համար յատուկ տօն մըն է։ Յուշատետրը կը պարունակէ, ինչպէս միշտ, օգտակար տեղեկութիւններ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մասին եւ այլ նիւթեր։

Առաջին յուշատետրը լոյս տեսած է գրեթէ կէս դար առաջ՝ 1974ին։ Շնորհակալ ենք տարիներու ձեր աջակցութեան ու քաջալերանքին համար։