ԴՈԿՏ. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆԻ ԳԻՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ
Չորեքշաբթի, 8 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ պատմաբան ու գրականագէտ Վարդան Մատթէոսեանի «Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանելու քաղաքականութիւնը. լեզու, պատմութիւն եւ “Մեծ Եղեռն”» անգլերէն հատորին ներկայացումը։ Այս գիրքի ներկայացումը առաջին հրապարակային ձեռնարկն էր Առաջնորդարանին մէջ՝ Մարտ 2020ին համավարակի սկզբնաւորութենէն ի վեր։ Ձեռնարկին ուղիղ սփռումը կարելի է դիտել այստեղ։
Իրաւաբան Անահիտ Ուղուրլայեան կատարեց բացման խօսքը եւ ներկայացուց հեղինակը։ Դոկտ. Մատթէոսեան՝ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետը, սահիկներու օժանդակութեամբ բացատրեց գիրքին տարբեր գլուխներուն բովանդակութիւնը։
Ան լեզուական օրինակներով ցոյց տուաւ Մեծ Եղեռն անուան ստուգաբանութիւնն ու իմաստային զարգացումը՝ 5րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը, եւ անդրադարձաւ անուան քաղաքական շահագործման, որ տեղի ունեցած է վերջին քսանամեակին, յիշելով Յովհաննէս Պօղոս Պապի այցելութիւնը Հայաստան, 2008ի թրքական ներողութեան արշաւը, ամերիկեան վերջին նախագահներու պարագաները, կատարելով ուշագրաւ վերլուծումներ եւ դիտողութիւններ։ Դասախօսութեան վերջաւորութեան, դոկտ. Մատթէոսեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։
Հարց ու պատասխանի բաժինէն ետք, փրոֆ. Շըպան Նաշ-Մարշալ՝ Մանհաթանվիլ գոլէճի քրիստոնէական փիլիսոփայութեան դասախօս եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած հատորի մը հեղինակ, իր տպաւորութիւնները բաժնեց ներկաներուն հետ։ Ան ողջունեց գիրքը, որ կը նպաստէ հասկնալու «ինչի մասին կը խօսինք» եւ իբրեւ «ճշմարտագոյն ձեւը՝ պատմութեան շահագործումն ու ժխտումը գտնելու համար, որովհետեւ կասկած չկայ, որ Մեծ Եղեռնը տեղի ունեցաւ»։
Իր փակման խօսքին մէջ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ըսաւ, թէ անկախաբար այն փաստէն, թէ Մեծ Եղեռն կամ Ցեղասպանութիւն կը գործածենք, կը խօսինք մեր ամբողջ ազգը բնաջնջելու դիտաւորեալ ոճիրին մասին եւ պէտք է արդարութեան ու ճշմարտութեան հետապնդումը շարունակենք, ո՛չ միայն հայերու, այլ բոլորի համար։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Մատթէոսեանին, աւելցնելով՝ «անգամ մը եւս ձեր պատմութեան հաւատարիմ ըլլալու եւ այս հատորը հանրութեան հրամցնելու համար»։
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ գիրքերու մակագրութիւն։
Գիրքը կարելի է ապսպրել Առաջնորդարանի գրախանութէն (armenianprelacy.org/shop), կամ դիմելով գրախանութին՝ ելեկտրոնային նամակով (books@armenianprelacy.org) կամ հեռաձայնելով 212-689-7810 թիւին։