ԵՐԵՔ ԱԶԴՈՒ ԲԱՌԵՐ ՄԻԵՒՆՈՅՆ ՆՊԱՏԱԿՈՎ
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Դեկտեմբեր ամիսը սկիզբէն իսկ ողողուած է ուրախութեան շունչով, թէեւ Արեւմտեան Ծնունդի եւ Նոր Տարուան տօները ամսավերջին են։ Ամէնքս ալ կամայ-ակամայ կը կլանուինք համացանցի վրայ եւ կամ շուկաներ երթալով գնումներ կ՛ընենք, որպէսզի մեր զաւակներուն խնդրանքները, ընտանիքի անդամներուն ակնկալութիւնները գոհացնենք, եւ ինչո՞ւ չէ, նուէրներով բարեկամներու հաճելի անակնկալ ընենք։
Եւ ահա, ուրիշներու նման ես զիս գտայ Լոնկ Այլընտի Macy’s վաճառատան դիմաց։ Երաժշտութեամբ եւ հաճելի ողջոյններով լի մթնոլորտը զգլխիչ էր։ Աչքերը շլացնող նուէրներու կողքին, ուշադրութիւնս գրաւեց գրեթէ ամէն տեղ զետեղուած երեք բառերով ազդ մը․
Տո՛ւր
Սիրէ՛
Հաւատա՛
Անկասկած, որեւէ ապրանքի մը ազդը չէր ասիկա, սակայն հոյակապ գրաւիչ հրաւէր մըն էր բոլորին, որոնք մուտք կը գործէին գնում ընելու համար։ Տպաւորիչ պատգամով այս ազդը զօրաշարժի կ՛ենթարկէր մարդ արարածի ազնուագոյն առաքինութիւները՝ Տալու, Սիրելու եւ Հաւատալու։ Ո՛չ մէկ կասկած որ տալով՝ մեր սէրը կ՛արտայայտենք եւ կը հաւատանք որ ստացողի սրտին մէջ ուրախութիւն կը յառաջացնենք, գոհացնելով իր փափաքը կամ իրականացնելով անոր մեծ կամ փոքր երազը։ Վստահաբար, աշխարհը լրիւ կը կերպարանափոխուէր, եթէ այս ազնուահոգի արարքը կարենայինք բաժնել ո՛չ միայն մեր հարազատներուն, այլ մանաւանդ անծանօթներու հետ, որով ներդաշնակութիւն պիտի գոյացնէինք Ստեղծագործութեան գերագոյն նպատակին հետ, որ ի սկզբանէ Արարչագործ Հայրը որակած է Բարի։
Տօնական օրերը կանխող այս պահուն, երախտապարտ եմ մեր Հովիւներուն ու Հոգաբարձութեանց, ինչպէս նաեւ ծխականներուն ու բարեկամներուն։ Անցեալ շաբթուան մեր կոչին ընդառաջելով, Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին այսօր ներկայացուց հինգ հազար տոլարի վճարագիր մը՝ չէք մը, Լիբանանահայ աշակերտներու մասնակի ծախսերուն որպէս օժանդակութիւն։ Այս ձեւով, Լիբանանահայ Օգնութեան Ֆոնտը կը հասնի 132.903 տոլարի։
Ամենախնամ Տէրը թող բոլորիս մէջ վերաշխուժացնէ Տալու, Սիրելու եւ Հաւատալու ոգին, որպէսզի ուրախութիւն սփռելով մեր շուրջ, մեր կարգին դրական ու գործօն մասնիկը ըլլանք արարչագործութեան։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ