Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 6 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Դ ԿԻՐԱԿԻ ԾՆՈՒՆԴԷՆ ԵՏՔ

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 6:15-21

Յիսուս երբ գիտցաւ թէ պիտի գան զինք բռնութեամբ թագաւոր ընելու, դարձեալ լեռը ելաւ, առանձինն:

Երեկոյեան, Յիսուսի աշակերտները լիճին եզերքը իջան եւ նաւակ մտնելով՝ սկսան երթալ լիճին դիմացի կողմը, դէպի Կափառնաում: Երբ մթնցաւ, տակաւին Յիսուս իրենց չէր եկած: Լիճը զօրաւոր հովէն կ’ալեկոծէր:

Աշակերտները հազիւ հինգ կամ վեց քիլոմեթր նաւարկած էին, երբ տեսան Յիսուսը, որ լիճին վրայէն քալելով կը մօտենար նաւակին: Բոլորը սարսափեցան: Յիսուս ըսաւ անոնց.

– Ես եմ, մի՛ վախնաք:

Անոնք կ’ուզէին զինք նաւակին մէջ առնել, բայց արդէն նաւակը հասաւ այն տեղը, ուր կ’երթային:

 

Բ. ՆԱՄԱԿ ՏԻՄՈԹԷՈՍԻՆ 2:15-26 

Ջանա՛ Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ, այնպիսի մշակ մը՝ որ իր գործերուն համար ամչնալիք բան մը չունի, որպէս մէկը՝ որ ուղիղ կերպով կ’ուսուցանէ Աստուծոյ ճշմարիտ պատգամը:

Հեռո՛ւ կեցիր հաւատքի ճշմարտութիւնները խեղաթիւրող պարապ վիճաբանութիւններէ, որոնք հետզհետէ մարդիկը Աստուծմէ հեռացնելու կը ծառայեն միայն: Այդպիսի խօսքերու ձգած թոյնը քաղցկեղի պէս կը կրծէ մարդս: Այդպիսի խեղաթիւրող վիճասէրներ էին Հիմենէոս եւ Ֆիլետոս, որոնք ճշմարտութենէն շեղեցան եւ շատերու հաւատքը քանդեցին, ըսելով՝ թէ մեռելներու յարութիւնը արդէն տեղի ունեցած է: Բայց Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմը կանգուն կը մնայ: Անոր վրայ գրուած է. «Տէրը կը ճանչնայ անոնք՝ որոնք իրն են», եւ «Ով որ Տիրոջ անունը կը կրէ՝ թող հեռու մնայ անիրաւ գործերէ»:

Մեծ տունի մը մէջ միայն ոսկիէ եւ արծաթէ անօթներ չեն ըլլար, այլ նաեւ փայտէ ու կաւէ անօթներ: Յստակ է՝ թէ առաջինները թանկագին են, իսկ միւսները՝ անարժէք: Արդ, ով որ ինքզինք մաքրէ նման մեղքերէ, Տիրոջ համար թանկագին անօթ մը կը դառնայ, մաքուր եւ պատրաստ՝ ամէն տեսակի բարի ծառայութիւն մատուցանելու:

Երիտասարդական ցանկութիւններէն փախի՛ր, եւ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան ու սրբութեան հետամուտ եղիր, անոնց պէս՝ որոնք մաքուր սրտով կ’աղօթեն Աստուծոյ: Յիմար եւ անօգուտ վէճերէ հրաժարէ՛, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծագին: Աստուծոյ ծառան պէտք չէ կռուի, այլ պէտք է հեզ ըլլայ բոլորին հանդէպ, կարող ըլլայ Աւետարանը սորվեցնելու, ներողամիտ ըլլայ, որպէսզի քաղցրութեամբ խրատէ հակառակողները, որովհետեւ Աստուած միշտ ալ առիթ կու տայ որ անոնք դառնան իրենց սխալէն եւ ճշմարտութիւնը ճանչնան, եւ զգաստանալով՝ դուրս գան Սատանային որոգայթներէն, որոնց մէջ բռնուած՝ անոր կամքը կը կատարեն։