Առաջնորդարանէն

ԱՊԱՀՈՎԵՑԷՔ «ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»ՅԻ ՁԵՐ ՏՈՄՍԱԿՆԵՐԸ

Քիչ տոմսակներ մնացած են «Միւզիքըլ Արմինիա»յի 37րդ տարուան համերգին, որ տեղի պիտի ունենայ 6 Մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00ին, աշխարհահռչակ «Գառնըկի» համերգասրահի «Ուէյլ» սրահին մէջ։ Երեք երիտասարդ արուեստագիտուհիները՝ երգահան եւ դաշնակահարուհի Տաթեւ Ամիրեան, սոփրանօ Աննա Հայրապետեան, որ պիտի մեկնաբանէ Տաթեւ Ամիրեանի գործերը, եւ կանխահաս թաւջութակահարուհի Լաուրա Նաւասարդեան, այլազան ու հետաքրքրական ծրագիր մը պիտի ներկայացնեն, շարունակելով երկար տասնամեակներու աւանդութիւնը։

«Միւզիքըլ Արմինիա», որ 1982ին հաստատուած էր օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեանի եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան ջանքերով, նուիրուած է երիտասարդ հայ արուեստագէտներ ծանօթացնելու եւ հայ երգահաններու գործերու տարածման սատարելու։ Անցնող 40 տարիներուն, ելոյթ ունեցողներէն շատերը իրենց ասպարէզին մէջ յայտնի ու հաստատուն անուն ունեցող երաժիշտներ դարձած են։

Հովանաւորութեան չորս տարբեր դասակարգեր հաստատուած են՝ ադամանդ (1000 տոլարի նուիրուատուութիւն), լսնոսկի (platinum, 500 տոլար), ոսկի (300 տոլար) եւ արծաթ (200 տոլար)։ Առաջին երեք դասակարգերուն հովանաւորները երկու անվճար տոմսակ պիտի ստանան։

Համերգի տոմսակներուն գինը 25 տոլար է։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տոմսակներ գնելու համար, հաճեցէք կապուիլ Ազգ. Առաջնորդարանին հետ 212-689-7810 թիւին կամ գրել sophie@armenianprelacy.org հասցէին։

Անհրաժեշտ է նկատի առնել, որ «Գառնըկի» սրահը լրիւ պատուաստումի եւ ինքնութեան փաստաթուղթեր պիտի պահանջէ մուտքի պահուն։