Մարտ, Գրիգոր Պըլտեան (լաթակազմ)
$25.00
Out of stock
Ֆրանսահայ գրագէտ ու քննադատ Գրիգոր Պըլտեանի փորձագրութիւններու այս հատորը գրեթէ ամբողջութեամբ նուիրուած է արեւմտահայ արձակին (նորավէպ, վիպակ, վէպ, քննադատութիւն), որուն կու գայ աւելնալու թատրոնը։ Հոս նկատի առնուած են գլխաւորաբար Եղիա Տէմիրճիպաշեան, Լեւոն Շանթ, Զապէլ Եսայեան եւ Յակոբ Օշական, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ գրականութենէն՝ Զարեհ Որբունի։
Հեղինակը կը գրէ իր «Երկու կեդրոն» խորագրուած նախաբանին մէջ. «Անցեալի երկերուն մէջ ներկայի դասեր չեմ որոներ։ Ինչ որ կը մնայ ինծի այնքան աղէտներէ ետք՝ գրականութիւնն է, պարզ է, եւ տաղտուկ, տարասփռումի, գուցէ, ո՞վ գիտէ, անկումի այս օրերուն՝ կ՚ուզեմ հասկնալ ո՛չ թէ գրականութեան նշանակութիւնը (ունի՞, չունի՞) այլ անոր կարելիութիւնը, երբ բոլոր աստուածները չքացած են ու չեմ հաւատար վարդապետութիւններու փայլքին»։
Weight | 2.47 lbs |
---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.