ԹԱՒՐԻԶԻ «ԱՐԱՄԵԱՆ» ԴՊՐՈՑԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ (19 Փետրուար, 1851)
Ատրպատականը, որուն մաս կը կազմէր պատմական Հայաստանի Պարսկահայք նահանգը Ք.Ե. 4րդ դարէն սկսեալ, շարունակած է հայաշատ ըլլալ 19րդ եւ 20րդ դարերուն, թէեւ հայութեան թիւը զգալիօրէն նուազած է անցեալ դարու կէսէն սկսեալ։
Թաւրիզը, ուր Ատրպատականի թեմի կեդրոնը կը գտնուի, հայութեան հիմնական կեդրոնն էր։ Սահակ Եպս. Սաթունեան ձեռնարկած է ութամեայ դպրոցի մը ստեղծումին, որ հիմնուած է 19 Փետրուար, 1851ին Թաւրիզի Ղալա թաղամասի եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Առաջին տնօրէնը եղած է Տ. Յովսէփ քահանան։ Դպրոցը «Ներսիսեան» կոչուած է ի պատիւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի, եւ այս անունը պահած է մինչեւ 1875, երբ «Արամեան» կոչուած է՝ դպրոցի իրանահայ բարերարին անունով։ Սկզբնապէս ունեցած է 60 աշակերտ, եւ այդ թիւը արդէն հարիւրի հասած է հիմնադրութեան յաջորդ տարին։
«Արամեան» դպրոցի ուսումնական ծրագիրը հայերէնով էր, եւ կը ներառնէր օտար լեզուներու ուսուցումը (պարսկերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն)։ Սկզբնապէս մանչերու դպրոց մըն էր, բայց 1887ին, տեղափոխուելով Աննայեանց դպրոցի նորակառոյց շէնքը, որ շինուած էր Թումանեանց ընտանիքի բարերարութեամբ, դպրոցը ձուլուած է աղջկանց դպրոցին հետ եւ դարձած՝ երկսեռ դպրոց, «Արամեան-Աննայեանց» ազգային դպրոց անունով։ Կեդրոնական թեմական միջնակարգ դպրոցի հիմնադրութենէն ետք (1909), «Արամեան» դպրոցը դարձած է անոր նախապատրաստական դպրոցներէն մէկը։ Ուսուցիչներու շարքին եղած են Րաֆֆիի եւ Հրաչեայ Աճառեանի պէս նշանաւոր դէմքեր։
1888ին, Ստեփանոս Արք. Մխիթարեան տպարան մը հաստատած է դպրոցին մէջ, մոսկուաբնակ Յովհաննէս Յովնանեանի նուիրատուութեամբ։ Գիրքերու տպագրութիւնը սկսած է 1889ին։ Տպարանը, որ աւելի ուշ փոխադրուած է առաջնորդարանը, 63 գիրք տպագրած է մինչեւ 1920։
«Արամեան» դպրոցը կարեւոր դեր ունեցած է իրանահայ համայնքի կրթական գործին մէջ։ Շուրջ 1300 շրջանաւարտներ տուած է մինչեւ 1936, երբ շահ Ռեզա Փահլեւի (1925-1941), հետապնդելով մենատիրական քաղաքականութիւն մը, արգիլած է հայոց լեզուի ուսուցումը երկրին մէջ եւ հրահանգած է բոլոր դպրոցներուն փակումը։