Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԱՆԱՌԱԿԻ ԿԻՐԱԿԻ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 13 Մարտ)

Մեծ Պահոց երրորդ Կիրակին, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, ծանօթ է Անառակի Կիրակի անունով, ի հետեւումն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի առակին, զոր կը գտնենք Ղուկասու Աւետարանին մէջ (15.11-32)։ Այս թանկագին առակը հոգեւոր ադամանդ մըն է, պսակը հանդիսանալով նախորդ զոյգ առակներուն, որոնք կ՛եզրափակուին կորսուածը գտնուելու ուրախ աւարտով՝ կորսուած ոչխար մը (15.3-7), արծաթեայ դրամ մը (15.8-10), եւ վերջապէս՝ մանչ զաւակ մը (15.11-21)։

Ճիշդ է, որ իւրաքանչիւր առակի մէջ կորսուածը եւ գտնողը տարբեր նկարագիրներ են, այսուհանդերձ, հոյակապ կերպով շաղախուած են իրարու հետ։ Հետեւեալ մտածումները կ՛ուզեմ բաժնել այս երեք առակներէն, որոնք խորքին մէջ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն։

ա․ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Իր ուսուցման մէջ ներդաշնակ կերպով կը ներառէ արարչագործութիւնը, յստակեցնելով այն ճշմարտութիւնը, որ բոլոր տարրերն ալ տարբեր ձեւերով ունին ներքին կապակցութիւն մը, եւ որպէս այնպիսին կարեւոր են կեանքի զարգացման ու յառաջդիմութեան համար։

բ․ Առաջին առակին հերոսը հովիւ մըն է, որուն ոչխարը մոլորելով կը հեռանայ հօտէն եւ ինք կը փնտռէ։ Երբ կը գտնէ, ուսին առած զայն կը վերադառնայ փարախ եւ իր ուրախութեան մասնակից կը դարձնէ իր բարեկամները։ Ոչխարը, որպէս շնչող բայց անբան ընտանի կենդանի մը, բազմազան վայրի անասուններու հետ մարդկային կեանքին մէջ ունի կենսական բաժին մը տարբեր մակարդակներով։

գ․ Երկրորդ առակին դերակատարը տանտիկին մըն է, որ իր արծաթեայ տասը դահեկաններէն մին կը կորսնցնէ։ Ամբողջ տունը ուշադրութեամբ աւլելէ ետք երբ զայն կը գտնէ, իր ուրախութիւնը կը բաժնէ բարեկամներու եւ դրացիներու հետ։ Արծաթեայ դրամը կը ներկայացնէ անշունչ աշխարհը, որ դարձեալ կարեւոր է մարդկային փոխյարաբերութեան մէջ։

դ․ Երրորդ առակին հերոսը բեկանուած սրտով հայր մըն է, որուն անառակ զաւակը երբ կը վերադառնայ տուն, ջերմօրէն կը դիմաւորէ զայն ու կը պատուէ, աւելի քան ինչ որ զաւակը կ՛երեւակայէր։ Աւելորդ պիտի չըլլայ այստեղ յիշել, որ մարդ արարածը կը ներկայացնէ ո՛չ միայն շնչաւոր եւ բանական արարածները, այլ նաեւ կապը ոգեղէն աշխարհին հետ։

ե․ Առակներուն գլխաւոր նիւթը երբ ուշադրութեամբ քննենք, հինգ ենթաբաժանումներ կը տեսնենք հոն․մէկու մը կամ բանի մը կորուստը, անոր փնտռտուքը, յարատեւութեամբ փնտռտուքին շարունակութիւնը, յայրնաբերումը եւ  վերջապէս՝ ուրախանալն ու կորսուածին գիւտը ծանօթներու հետ բաժնելը։ Երրորդ առակին մէջ, ճիշդ է որ հօր փնտռտուքը ակներեւ չէ, սակայն զաւակը հեռուէն նշմարելով վազելն ու գրկելը, մտքով ու հոգիով իր զաւակէն անբաժան ըլլալու լաւագոյն ապացոյցն է։

զ․ Այս երեք առակներուն սիրտը անշուշտ վերջինն է, որ այնքան մանրամասնութեամբ եւ կենդանի կերպող ներկայացուած է մեր Տիրոջ կողմէ։ Այս պատումին ամենէն խօսուն բաժինը կը հանդիսանայ հօր սէրը, որ կ՚արտայայտուի առանց պայմաններու։ Ան ո՛չ կը քննադատէ եւ ոչ ալ կը պախարակէ զաւակը իր յոռի ընթացքին համար։ Աւելի՛ն. առանց ուշադրութիւն դարձնելու իր զաւկին սրտաճմլիկ խոստովանանքին, կը հրամայէ ծառաներուն, որ նախկին պատիւին արժանացնեն զինք եւ խրախճանքի սկսին։ Ասիկա չի նշանակեր, թէ հայրը կ՛անտեսէ անոր անառակութիւնը, այլ գործնապէս կը գնահատէ իր սխալներուն անդրադառնալով գիտակից զղջումը, տուն դարձը եւ խոստովանութիւնը, թէ անարժան է զաւակ կոչուելու։

Նման յուզիչ, բայց խրախուսիչ տեսարանի մը ականատես ըլլալէ ետք, վստահ որ Պօղոս Առաքեալի Սիրոյ ճառը կը դառնայ կենդանի, ներշնչող, գերազանցապէս շինիչ ներոյժ մը, երբ ան կ՛ըսէ․ «Սէր ունեցողը համբերատար կ’ըլլայ եւ քաղցրաբարոյ: Սէր ունեցողը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անպատշաճ վարմունք չ’ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չ’ուրախանար, այլ՝ ուրախակից կ’ըլլայ ճշմարտութեան: Սէր ունեցողը միշտ կը զիջի, միշտ կը հաւատայ, միշտ կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ» (Ա Կոր 13․4-6)։ Արդարեւ, մարդկային մեր յարաբերութիւնները երբ տարբեր ուղղութիւններով նկատի ունենանք, որպէս ծնողք ու զաւակ, տէր եւ պաշտօնեայ, ուսուցիչ եւ աշակերտ, մեծաւոր ու փոքրաւոր, «բնական» մղումով մը կը կշտամբենք այն անձը որ անտեսելով մեր խորհուրդը կամ հրահանգը, մեր դիմաց կանգնած ներողութիւն կը խնդրէ իր ծանրագոյն սխալներուն համար։ Երբեմն մեղադրանքով, երբեմն խղճալով կ՛ուզենք յիշեցնել ենթակային մեր իմաստութեան գերազանցութիւնը, ըսելով․ «Քեզի քանի անգամ ըսի, բայց դուն․․․», եւն․։

Ոսկեայ այս օրէնքը՝ խոնարհաբար ու անկեղծօրէն խոստովանիլը եւ անոր դիմաց առատապէս հասկացողութիւն, ներողամտութիւն ու սէր ցուցաբերելը, կը կազմէ հիմքը ներդաշնակ, խաղաղ եւ բարգաւաճ յարաբերութեան։ Եւ ասիկա է մեր Տիրոջ պատգամը՝ բոլոր դարերու սերունդներուն։

Մեր Տիրոջ եւ Եղբօր՝ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ ստացուած այս հոգեշահ աւանդով եւ մեր Արարչին մեզ աւելի մօտեցնող Մեծ Պահոց հոգեւոր սանդուխի երրորդ աստիճանով բարձրանալով առ Աստուած, բոլորս ալ ամենայն սրտի խոնարհութեամբ եւ Անառակ Որդիի զղջումի ոգիով ծնրադրենք ներողամիտ եւ անհունօրէն սիրող երկնաւոր Հօր, Որուն կը վայելէ փառք եւ պատիւ, Իր համագոյակից Որդւոյն եւ Սուրբ Հոգւոյն հետ։ Ամէն։