ԳԵՐԱՊԱՏԻՒ Տ. ԱՐՏԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ԱՐԱՊԵԱՆ՝ ՆՈՐ ՀՈԳԵԻՈՐ ՀՈՎԻՒ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ (ՈՒՍՏԸՐ, ՄԷՍԷՉՈՒՍԵԹՍ)
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան ծառայութեան առաքուեցաւ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմ։
Թեմիս Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու որոշումով, Հայր Սուրբը Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մէսէչուսեթս) հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ։
Կիրակի, 27 Մարտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, գաղութին պիտի ներկայացնէ նորանշանակ հոգեւոր հովիւը։ Այս առթիւ, Հայր Սուրբը հովուական իր անդրանիկ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ քարոզէ։
Գերապատիւ Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան, աւազանի անունով՝ Ճորճ, ծնած է Քեսապ (Սուրիա), 8 Օգոստոս, 1990ին: Նախնական ուսումը ստացած է Քեսապի Ուսումնասիրաց վարժարանին մէջ, իսկ 2002-2003 տարեշրջանին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք: 2010ին աւարտելով Դպրեվանքի ութամեայ ծրագիրը, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է։ 2010-2015ին Կաթողիկոսարանի արխիւներու բաժանմունքին վարիչ նշանակուած է, միաժամանակ դասաւանդելով Դպրեվանքին մէջ, ուր հսկիչի պաշտօն վարած է 2013-2014ին։ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետի օգնական նշանակուած է (2014-2015)։
Յուլիս 2015ին ստացած է Վարդապետական գաւազանի աստիճանը եւ 2015-2016ին մեկնած՝ Սպահան (Իրան) իբրեւ առաջնորդի օգնական։ 2016-2017ին Լաթաքիոյ (Սուրիա) հոգեւոր հովիւ եղած է։ Այնուհետեւ, 2019-2020ին աստուածաբանութիւն ուսանած է Չարլզ Սթըրթ համալսարանին մէջ (Աւստրալիա)։ 2020ին աւարտած է ուսման ընթացքը եւ մագիստրոսական վկայականը ստանալով, վերադարձած՝ Անթիլիաս, ուր մատենադարանապետի օգնականի պաշտօնը ստանձնած է։ Ապրիլ 2021ին Ծայրագոյն Վարդապետի աստիճանը ստացած է:
Յաջողութիւն կը մաղթենք Հայր Սուրբին ծառայական նոր անդաստանէն ներս, ի բարգաւաճում պատկան ծուխին, ի պայծառութիւն Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի փառս Աստուծոյ։
Թեմիս Կրօնական Ժողովը բարձրօրէն կը գնահատէ Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեանը, որ անցնող երեք տարիներուն ձեռնհասօրէն վարեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովուութեան պաշտօնը, մատակարարելով Ծուխին հոգեմտաւոր կարիքները, եւ այժմ կ՚անցնի նոր պաշտօնի, որուն կ՚անդրադառնանք յաջորդ շաբթուան մեր թիւով։