Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ԵՐԿՈՒ ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեան՝ տէր եւ տիկ. Քըըք եւ Ռիթա Սելվէրեաններու զաւակներուն՝ Նիքլըսի եւ Վալերիի հետ

 

Կիրակի, 20 Մարտին, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա) սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանի «Հովիւի գրասեղանէն» հայերէն եւ անգլերէն նորատիպ զոյգ հատորներուն ներկայացումը։ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս յայտնեց, թէ հեղինակին այս գործը լաւագոյնս հասկնալու համար պէտք է զայն կարդալ վերջին էջէն, եւ ապա երթալ սկիզբը։ Արդարեւ Տէր Հայրը վերջաբանին մէջ ամենայն խոնարհութեամբ կը յայտնէ որ իր հոգեմտաւոր կազմաւորումը կը պարտի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուսուցիչներու այն փաղանգին, որոնք նիւթերու դասաւանդումէն անդին իրենց հաւատքին ու տեսլականին ոգիով ներշնչեցին սերունդներ։

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը խօսելով գրքի ընդհանուր նկարագրի մասին, ըսաւ, թէ այս հատորը սոսկ յօդուածներու հաւաքածոյ մը չէ, այլ Կրէնիթ Սիթիի եւ Ֆիլատելֆիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներէն ներս Տէր Հօր երեսնամեայ հովուական ծառայութեան արտացոլացումն է, ուր կը տողանցեն հոգեւոր, ազգային եւ ընկերային տօներու, շրջանաւարտից հանդիսութեանց, եկեղեցւոյ ամեակներու, նորանոր կառուցումներու առթիւ սրտի խօսքեր, մտորումներ եւ պատգամներ։

Յատկանշական բաժին մը կը կազմեն Հովիւի օրատետրէն փրցուած կարգ մը թանկագին էջերը, ուր Տէր Հայրը այնքան հարազատ կերպով ընթերցողին կը ներկայացնէ նոյն օրուան մէջ տեղի ունեցած յաջորդական ուրախ եւ ցնցիչ տխուր տեսարաններ, որոնք յաճախակի են առ հասարակ բոլոր հովիւներու կեանքին մէջ։

Հոգեմտաւոր այս ծաղկեփունջը կը փակուի գողտրիկ բանաստեղծութիւններով, ներշնչում ունենալով հեղինակի քահանայական ձեռնադրութեան, երեխաներու մկրտութեան, կնքումին ու հաղորդութեան այլազան առիթներ։

Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանի այս հատորը իր յատուկ տեղը կը գրաւէ Հովուական ծառայութեան գրականութեան մէջ։

Այս առթիւ կը շնորհաւորենք Տէր Հայրը, մաղթելով որ դալար մնայ իր գրիչը, օրինակ դառնալով այլ Հովիւներու՝ յօգուտ հաւատացելոց։