ՌՈՊԸՐԹ ԶԻԼՃԵԱՆ (մահ՝ 28 Մարտ, 2013)
Գրեթէ վաթսուանամեայ հասակին, Ռոպըրթ Զիլճեան հիմնած է Sabian Cymbals՝ ծնծղաներ արտադրող աշխարհի երկրորդ ընկերութիւնը, իբրեւ ճիւղաւորումը աշխարհահռչակ «Զիլճեան» ընկերութեան։
Ռ. Զիլճեան ծնած է Պոսթըն, 14 Յուլիս, 1913ին։ Հայրը՝ Աւետիս Զիլճեան, որ 1909ին Թուրքիայէն գաղթած էր Միացեալ Նահանգներ, 1927ին նամակ ստացած է իր հօրեղբայր Արամէն, որմէ կը տեղեկանար, որ ժառանգորդ կը դառնար Զիլճեաններու աւելի քան 300ամեայ ընտանեկան գործին։ 1928ին, Աւետիս, եղբայրը՝ Բիւզանդ, եւ հօրեղբայրը՝ Արամ, սկսած են ծնծղաներ արտադրել Քուինսիի մէջ (Մէսէչուսէթս), իսկ յաջորդ տարի «Աւետիս Զիլճեան ընկ.» կազմուած է։ Ռոպըրթ՝ Աւետիսի կրտսեր տղան, 14 տարեկանին աշկերտ եղած է ընտանեկան գործարանին մէջ։
Բ. Աշխարհամարտին, Ռոպըրթ Զիլճեան ծառայած է ամերիկեան բանակին մէջ, իսկ վերադարձին՝ աւարտած է Տարթմութ գոլէճը։ Վերադառնալով «Զիլճեան» ընկերութիւնը, ստանձնած է Եւրոպայի մէջ առեւտուրի գործը եւ յաճախ ճամբորդած իր կնոջ՝ Ուիլիի հետ, որուն հետ ամուսնացած է 1951ին։
Զիլճեան ծնծղաներու առեւտուրը մեծապէս օգտուած էր ճազի վայելած ժողովրդականութենէն։ Գործերը անհամեմատօրէն աւելի մեծ տարողութիւն ստացած են 1964ին, երբ Պիթըլզներու անդամներէն Ռինկօ Սթառը այդ ծնծղաները կը գործածէր խումբի ելոյթին՝ “The Ed Sullivan Show” հեռատեսիլի հռչակաւոր յայտագրի ընթացքին։ Հսկայ պահանջարկին հետեւած է արտադրութեան դանդաղումը, զոր դարմանելու համար երկրորդ գործարան մը բացուած է Նիւ Պրանսուիքի մէջ (Գանատա), 1968ին։
Ընտանեկան աւանդութեամբ, ընկերութեան պետը գաղտնիքները միայն անդրանիկ որդիին կը փոխանցէր, բայց Աւետիս Զիլճեան այդ տեղեկութիւնները հաղորդած է երկու որդիներուն՝ Արմանին եւ Ռոպըրթին։ 1977ին, Արման նշանակուած է ընկերութեան նախագահ, իսկ հօր մահէն ետք՝ 1979ին, ստացած է ընկերութեան շահաբաժնի մեծամասնութիւնը։ Ռոպըրթ յետոյ ըսած է, թէ ասիկա «սոսկալի հարուած մըն» էր, որովհետեւ ինք կը վարէր գործի 80 առ հարիւրը։ Եղբօր հետ հակամարտութեան հետեւանքով, Ռոպըրթ բաժնուած է ընկերութենէն, իսկ 1981ին հիմնած է «Սապեան» ընկերութիւնը գանատական երկրորդ գործարանին մէջ։ Քանի որ իրաւական պատճառներով չէր կրնար ընտանեկան անունը գործածել, որդեգրած է «Սապեան» անունը, իր զաւակներուն՝ Սալլի, Պիլ եւ Անտիի անուններով, որուն կցած է հայկական «եան»ը։
«Սապեան» շուտով մրցակից դարձած է «Զիլճեան»ին, եւ հիմնադրութենէն քառորդ դար ետք, արդէն տարեկան աւելի քան 1 միլիոն ծնծղայ կը ծախէր աշխարհի 120 երկիրներու մէջ։ «Սապեան» ծնծղաները գործածուած են հարուածային գործիքներու շատ նշանաւոր նուագողներու կողմէ։
Ռոպըրթ Զիլճեան շարուանակած է իր ընկերութիւնը վարել մինչեւ վերջին տարիները։ Մահացած է 28 Մարտ, 2013ին, Պրանսուիքի (Մէյն) տան մէջ, 89 տարեկանին։