ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ ՔՐԻՍՏՈՍԸ ԱՊՐԻ՛Լ՝ ՈՐՊԷՍ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՂԵՑՈՅՑ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Քրիստոսի հետ ապրած, անոր երկրաւոր կեանքի բոլոր դրուագներուն հաղորդակից դարձած, անոր ուսուցումները լսած ու հրաշքներուն ականատես եղած աշակերտներուն համար խորապէս ցնցիչ դէպք մըն էր Քրիստոսի յարութիւնը։ Անոնք տակաւին չէին կրցած լիովին ըմբռնել յարութեան խորհուրդը։ Յարութեան դէպքէն որոշ ժամանակ ետք միայն, առաքեալները սկսան հասկնալ ու Քրիստոսի հետեւորդներուն բացատրել յարութեան դէպքին իւրայատուկ նշանակութիւնը՝ յատկապէս շեշտելով անոր առանցքային կարեւորութիւնը քրիստոնեայ մարդու կեանքին մէջ եւ կոչ ուղղելով ապրելու յարութեան խորհուրդն ու իմաստը։
Քրիստոսի յարութեան խորհուրդով օծուն այս օրերուն, անհրաժեշտ է հետեւեալ կարեւոր յիշեցումները կատարել.-
– Քրիստոսի յարութիւնը՝ հիմքն է մեր հաւատքին։ Պօղոս առաքեալ շեշտակիօրէն կը հաստատէ եւ կը յիշեցնէ նորադարձ քրիստոնեաներուն, թէ՝ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար մեր հաւատքը պիտի կորսնցնէր իր հիմքն ու իմաստը (Կր 15.13)։ Յարութիւնն էր որ Աստուծոյ Որդւոյն ուսուցումներուն ու հրաշքներուն եւ ընդհանրապէս անոր երկրաւոր առաքելութեան իմաստն ու նպատակը պարզեց։ Արդ, առանց յարութեան կարելի չէ հասկնալ Քրիստոսի մարդեղութիւնը եւ մարդու փրկութիւնը, որուն համար աշխարհ եկած էր Աստուծոյ Որդին։
– Քրիստոսի յարութիւնը՝ յաղթանակն է կեանքին։ Կեանքը, Աստուծոյ պարգեւը մարդուն, ապականած էր Ադամի մեղքով եւ անոր յաջորդող սերունդներուն մարդակեդրոն կենցաղակերպով։ Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկած էր այլափոխելու մեղքով ու ապականութեամբ շաղախուած մարդու կեանքը, եւ զինք օժտելու նոր կեանքով։ Իր խաչով ու յարութեամբ Քրիստոս յաղթեց մահուան եւ մարդուն պարգեւեց աստուածատուր կեանքը վերստին ապրելու շնորհքը։ Քրիստոսի յարութեամբ, մարդը զինուեցաւ մահէն դէպի կեանք ընթանալու հաւատքի ու յոյսի զօրութեամբ։ Առաքեալը կը վկայէ թէ՝ Աստուած մարդը “վերստին կեանքի կոչեց Քրիստոսով” (Եփ 2.5)։ Նոյն առաքեալը նաեւ կը հաստատէ, թէ իրեն համար կեանքը Քրիստոս է։
– Քրիստոսի յարութիւնը՝ հրաւէր է Աստուծոյ հետ հաշտութեան։ Աստուած առաջին մարդը իրեն գործակից նշանակած էր, զինք օժտելով բանականութեամբ ու կամքի ազատութեամբ, եւ անոր տալով տիեզերքը կառավարելու եւ առաւել հարստացնելու պարտականութիւնը։ Սակայն, մարդը հաւատարիմ չէր գտնուած իր կոչումին եւ հեռացած Աստուծմէ։ Աստուծոյ Որդին իր մարդեղութեամբ ու առաքելութեամբ մարդը մօտեցուց Աստուծոյ եւ հայր եւ որդիի փոխյարաբերութեան ուխտը կնքեց Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ. առաքեալին բառերով՝ “Աստուած իր Որդիին մահով մեզ իր հետ հաշտեցուց” (Հռ 5.10)։ Առաքեալը ապա կոչ կʼուղղէ ըսելով՝ “հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ, որովհետեւ Աստուած մեզի համար մեղքի պատարագ ըրաւ Քրիստոսը” (Բ.Կր 5.20-21)։
– Քրիստոսի յարութիւնը՝ Ճանապարհ է փրկութեան։ Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը անկեալ մարդուն փրկութիւնն էր, անառակացած մարդուն վերադարձը իր երկնաւոր Հօր, մահացած մարդուն նոր կեանք պարգեւել էր։ Խաչի զօրութեամբ ու յարութեան յաղթանակով Քրիստոս մարդուն առջեւ բացաւ փրկութեան ճանապարհը։ Պօղոս Առաքեալ իր կեանքի փորձառութեամբ կը վկայէ թէ՝ “պիտի փրկուինք Քրիստոսի կեանքով” (Հռ 5.10)։
Արդ, քրիստոնեայ մարդը կոչուած է ոչ միայն Քրիստոսը դաւանելու որպէս միակ Փրկիչը աշխարհին, այլ՝ մարդուն համար խաչով յարութիւն կերտած յարուցեալ Քրիստոսը ապրելու։ Առաքեալը կը հաստատէ՝ “ինծի համար կեանքը Քրիստոս է” (Փլմ 1.21) եւ կʼաւելցնէ՝ “ես չէ որ կʼապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է որ կʼապրի իմ մէջս” (Գղ 2.20)։
Ի՞նչ կը նշանակէ Քրիստոսը ապրի՛լ՝ որպէս կեանքի ուղեցոյց ու նպատակ։
Քրիստոսը ապրիլ՝ հաւատարիմ ըլլալով Աստուածաշունչին, անոր ուսուցումներուն ու արժէքներուն։
Քրիստոսը ապրիլ՝ զինք մեր մտածումներուն ու գործերուն առանցքը դարձնելով։
Քրիստոսը ապրիլ՝ օգնելով կարիքաւորին ու զրկեալին եւ ծառայելով ուրիշին։
Քրիստոսը ապրիլ՝ որպէս “ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք”, ինչպէս Քրիստոս բնութագրեց ինքզինք (Յհ 14.6)։
Ա՛յս է քրիստոնեայ ըլլալու ճշմարիտ կերպը, ճի՛շդ ճամբան։
Կʼապրինք չարով ու չարիքներով լեցուն աշխարհի մը մէջ։ Շրջապատուած ենք մարդու կեանքէն Աստուծոյ ներկայութիւնը հեռացնող տեսանելի եւ անտեսանելի երեւոյթներով։ Բազմաթիւ դժուարութիւններով տիրապետուած է մեր կեանքը։ Չմոռնանք առաքեալին յիշեցումը, թէ՝ Քրիստոս “իր անձը տուաւ մեր մեղքերուն համար, որպէսզի Աստուծոյ՝ մեր Հօրը կամքով մեզ ազատէ ներկայ չար աշխարհէն” (Գղ 1.4)։ Արդ, ներկայ ժամանակներու դառն պայմաններուն դիմաց, պէտք է զինուինք Քրիստոսի յարութեան հաւատքով ու յոյսով։ Ներկայ փոթորկայոյզ աշխարհին մէջ Քրիստոսը պէտք է ապրինք, որպէս մեր կեանքին միակ ուղեցոյցը ու ապաւէնը։
Ա՛յս է Քրիստոսի թափուր գերեզմանէն հնչող պատգամը։
*
* *
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով, եղբայրական ջերմ սիրով կʼողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, մաղթելով եկեղեցաշէն իրագործումներով երկար գահակալութիւն։ Կʼողջունենք նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանը, իրենց մաղթելով բեղմնաւոր ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։
Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կʼողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները, Հոգեւոր Դասը, Ազգային Իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը։ Կʼաղօթենք առ Աստուած, որ Իր երկնային հովանիին ներքեւ պահէ ու պահպանէ Հայաստանն ու Արցախը եւ մեր ազգին սիրելի զաւակները, որպէսզի կարենանք, Յարուցեալ Փրկչին յաղթանակով հզօրացած, վերանորոգել մեր կեանքը եւ դիմագրաւել ներկայ ժամանակներու բազմազան մարտահրաւէրները։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Սուրբ Զատիկ 2022
Անթիլիաս, Լիբանան