Առաջնորդարանէն

ԴՈԿՏ. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆԻ ԳԻՐՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱՅԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ

Կիրակի, 24 Ապրիլին, Ֆիլատելֆիայի Միջ-Համայնքային Յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Երրորդութիւն եւ Ս. Սահակ եւ Մեսրոպ Առաքելական եկեղեցիները, Ս. Մարկոս Կաթողիկէ Եկեղեցին, Հայ Նահատակաց Ժողովական Եկեղեցին եւ Հայ Քոյրերու Վարժարանը, Հայոց Ցեղասպանութեան 107ամեակի առիթով ձեռնարկ մը կազմակերպած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, հոծ թիւով ներկաներով։

Եկեղեցական դասուն բացման աղօթքէն ետք, օրուան հանդիսավարը՝ Յանձնախումբի ատենապետ պրն. Անդրանիկ Գզիրեան, հրաւիրեց Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը, ներկայացնելու դասախօսութիւն մը, հիմնուած՝ իր վերջին հատորին՝ “The Politics of Naming the Armenian Genocide”ի վրայ։ Հետաքրքրական դասախօսութենէն ետք, Հայ Քոյրերու Վարժարանի Դ.-Ը. դասարաններու աշակերտները յաւուր պատշաճի գեղարուեստական յայտագիր մը հրամցուցին՝ երգի, արտասանութեան ու պարի ներկայացումով։ Ձեռնարկը փակուեցաւ հոգեւորականներու օրհնութեան աղօթքով։ Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը եւ գիրքերու մակագրութիւն։