Prelacy News, Prelacy News

ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀՌՈՄ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ

31 Մայիսէն մինչեւ 6 Յունիս, Հայց. Եկեղեցին եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիները ներկայացնող հոգեւորականներու պատուիրակութիւն մը այցելեց Վատիկանը։ Ուսումնական ճամբորդութիւնը կազմակերպուած էր Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միջ-եկեղեցական մարմնի՝ Քրիստոնէական Միութեան Տարածման բաժանմունքին կողմէ։

Ֆրէնսիս Պապը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն, որոնց մաս կը կազմէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող երեք հոգեւորականներ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Հոգշ. Տ. Օշին Վրդ. Չուալերթանեան եւ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան։

Իր խօսքին մէջ, Պապը անդրադարձաւ Հոգեգալստեան տօնին, ընդգծելով «չորս էական կէտերը, որոնք մեզ կ՚առաջնորդեն դէպի ամբողջական հաղորդութիւն»։ Ան ըսաւ, թէ միութիւնը նուէր մըն է, որ «հիմնականօրէն մեր յանձնառութեան, մեր ջանքերուն եւ մեր համաձայնութիւններուն արդիւնքը չէ, այլ՝ Սուրբ Հոգիի աշխատանքին արդիւնքը»։ Միութիւնը ներդաշնակութիւն է, որ «միօրինակութիւն չէ, ոչ ալ փոխզիջողութեան կամ փխրուն դիւանագիտական հաւասարակշռութեան պտուղը», այլ «ներդաշնակութիւն՝ Հոգիին տուած շնորհքներուն այլազանութեան մէջ»։ Միութիւնը ճանապարհորդութիւն մըն է, որ «յանկարծ չի յայտնուիր իբրեւ ճնշիչ հրաշք մը, այլ լուռ կերպով երեւան կու գայ համատեղ ճամբորդութեան մը համբարատար ու յարատեւ յառաջդիմութեան մէջ»։ Վերջապէս, «միութիւնը ինքնանպատակ չէ, այլ սերտօրէն կապուած է քրիստոնէական հռչակման արդիւնաւէտութեան հետ՝ միութիւնը առաքելութեան համար է»։

Այս իմաստով, Սրբազան Քահանայապետը իր երախտապարտութիւնը յայտնեց Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու համատեղ վկայութեան համար, որոնք «իրենց արիւնով կնքած են իրենք հաւատքը Քրիստոսի»։ Պապական ունկնդրութիւնը իր աւարտին հասաւ Տէրունական Աղօթքով։

Հիւր եկեղեցականները այցելեցին Հռոմի սրբազան վայրերը, կրթական հաստատութիւններ (Լաթերան համալսարան, Գրիգորեան համալսարան, Ս. Թովմաս Աքուինացիի համալսարան, Արեւելեան հիմնարկ, Եթովպական վարժարան, Հայկական վարժարան եւ Մարոնի վարժարան), վանքեր եւ այլն, հանդիպելով ժառանգաւորներու, քահանաներու եւ վանականներու հետ։ Պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց Վատիկանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը, ինչպէս եւ այլ բաժանմունքներ (Քրիստոնէական Միութեան Տարածում, Միջ-Կրօնական Երկխօսութիւն, Արեւելեան Եկեղեցիներ, Հաւատքի Վարդապետութիւն եւ Կաթողիկէ Կրթութիւն)։

5 Յունիսին, մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Ս. Պատարագին Ս. Պետրոս մայր տաճարին մէջ։