Prelacy News, Prelacy News

«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄԸ

Շաբաթ, 4 Յունիսի առաւօտեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Յովնանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սիամանթօ» լսարանի եռամեայ ընթացքը ամբողջացուցած հինգ աշակերտներուն՝ ՝ Ալեքս Վարժապետեանի, Անտրէ Դաւիթեանի, Էտի Հազարեանի, Նարեկ Գասարճեանի եւ Սալբի Քէչէլեանի վկայականաց բաշխումը։ Պատանիները ներկայ էին իրենց ընտանիքներով։

Հանդէսին կը նախագահէր Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ Ներկայ էր առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանը, նաեւ առցանց եւ անձամբ ներկայ էին Ազգային Իշխանութեան ատենապետ՝ տիար Յակոբ Խաչատուրեան, Ուսումնական Խորհուրդի անդամներ եւ անցնող երեք տարիներու ուսուցիչներ եւ հիւր դասախօսներ։

Բացման աղօթքէն ետք, յաջորդաբար խօսք առին Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետուհի՝ տիկ․ Հերա Մախուլեան, եւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ եւ Ուսումնական Խորհուրդի անդամ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որ տասնամեակ մը վարած էր  Ուս․ Խորհուրդի տնօրէնի պաշտօնը մինչեւ 2019ի ամառը։ ՀՕՄի խօսքը ներկայացուց Ուս․ Խորհուրդի անդամներէն տիկ. Թալին Տաղլեան, իսկ Ազգային Վարչութեան անունով՝ պրն. Յակոբ Խաչատուրեան։ Ուս․ Խորհուրդի տնօրէնուհի տիկ․ Մարի Կիւլիւմեան խօսեցաւ «Սիամանթօ» լսարանի այս հունձքին անցած անհարթ ուղիին մասին։ Ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ աշակերտներուն լսարանի վկայականները եւ Հայ Համացանցային Համալսարանի վարկանիշերն ու հաստատագրերը յանձնելով, օրհնութեան խօսքը ընէ։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց աշակերտները, որոնք իրենց պատանեկան խաղի պահերը յատկացուցած էին հայ երիտասարդի դարբնոցին՝ «Սիամանթօ» լսարանին, ինչպէս նաեւ քաջալերեց ծնողներուն գիտակցութիւնը, մաղթելով որ վարակիչ օրինակ դառնան իրենց շրջապատէն ներս։

Աշակերտներուն սրտի խօսքը պիտի տանք այս եւ յաջորդ թիւերուն մէջ։

«Երբ գրեթէ երէկ տարի առաջ «Սիամանթօ» մտայ, տիկ. Մարի Կիւլիւմեանը խոստմնալից բարի գալուստով ողջունեց զիս իմ կողմէս Առաջնորդարանի նոր յայտնաբերուած սրահին մէջ։ Այն ատեն, «Սիամանթօ» լսարանը անձամբ ներկայութիւն ունէր եւ զանազան նիստեր ունեցանք մշակութային ու կրօնական կարեւոր դէմքերու հետ։ Լաւ կը յիշեմ, որ սորվեցանք Քէօթահիայի խճանկարներու մասին եւ նոյնիսկ հատ մը նկարած էի։ Այսպիսի գործերու ընդմէջէն զգացի, որ երկու նոր դռներ կը բացուէին իմ առջեւ՝ հայ մշակոյթի ծարաւս եւ բնածին սէրս մեր ժառանգութեան հանդէպ։

Երբ «Սիամանթո»ն անցաւ իր ներկայ առցանց ձեւին, առիթը ունեցայ նորէն խորանալու հայկական ուսմանց մէջ, երբ դասեր ու դասախօսութիւններ կը ստանայ Սփիւռքի տարածքին գտնուող փորձառու արհեստավարժ անձերէ։ Հայերէնի աւելի խորացած մօտեցումի մը օգուտներուն կողքին, նոր առիթներ ներկայացան, որ ինծի տարեկից քանի մը համախոհ անձերու հետ կապուէի, որոնցմէ քանի մը մօտիկ բարեկամներ դարձան, ինչ որ առիթ տուաւ անոնց հետ գործածելու դասարանին մէջ սորված հայերէնս։

Լեզուական դասերու կողքին, եռամեայ դաստիարակութիւնս հայ մշակոյթի այլ երեսներու իմացութիւնը տուած է, ինչպէս արուեստ, երաժշտութիւն, եկեղեցւոյ պատմութիւն, եւ աւելի ուշ՝ ճարտարապետութիւն։ Տիկ. Մարի Կիւլիւմեան՝ տնօրէնուհին, սուր աչք մը ունի իւրաքանչիւր աշակերտի կարողութիւններուն համար եւ հայասէր անձերու իր խումբին նոր մարտահրաւէրներ եւ կրթական անկիւնադարձեր ներկայացնելու առիթը չի փախցներ» (Նարեկ Գասարճեան)։

««Սիամանթո»ն ինձ հնարաւորութիւն է տուել զարգացնելու հայերէն կարդալու, գրելու եւ խօսելու իմ հմտութիւնները: «Սիամանթո»ն նաեւ ինձ հնարաւորութիւն է տուել հանդիպել Միացեալ Նահանգների տարեկիցների եւ աշխարհի տարբեր երկրների ուսուցիչների հետ: Բացի հայերէնի իմ հմտութիւնները կատարելագործելուց, ես կարողացել եմ աւելին իմանալ հայկական մշակոյթի մասին: «Սիամանթո»յում իմ երեք տարիների ընթացքում ես սովորեցի հայկական երաժշտութեան, արուեստի, պատմութեան եւ ճարտարապետութեան մասին: Ես կարողացել եմ ծանօթանալ հայ երաժշտութեան պատմական ակունքներին։ Ես նաեւ շատ բան եմ սովորել հայկական ճարտարապետութեան եւ բազմաթիւ հայ ճարտարապետների մասին, որոնց նախագծերն այսօր կանգնած են ամբողջ աշխարհում: «Սիամանթո»ն ինձ թոյլ է տուել բարելաւել իմ լեզուական հմտութիւնները եւ աւելի լաւ հասկանալ հայկական մշակոյթը: «Սիամանթո»ն նոյնպէս ընտանիքի նման է, եւ ես գիտեմ, որ ինձ միշտ ջերմ ընդունում են այդտեղ»: (Սալբի Քէչէլեան, արեւելահայերէնի դասարան)։