Prelacy News, Prelacy News

ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ընտրութիւններէն ետք, որոնք տեղի ունեցան Մայիս 14ին, Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները առաջին անգամ հանդիպեցան անցեալ շաբաթ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ։

Հինգշաբթի, 2 Յունիսին, Կրօնական Ժողովը կատարեց իր դիւանի ընտրութիւնը։ Ատենապետ ընտրուեցաւ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան՝ Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ (Կլենվիւ, Իլինոյ) հոգեւոր հովիւ, իսկ ատենադպիր՝ Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեան (Ս. Աստուածածին եկեղեցի, Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս)։ Ժողովի միւս անդամներն են Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան (Ս. Ստեփանոս եկեղեցի, Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան (Ս. Սարգիս եկեղեցի, Տիրպորն, Միշիկըն) եւ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան (Ս. Վարդանանց եկեղեցի, Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ)։

Քաղաքական Ժողովը գումարուեցաւ Ուրբաթ, 3 Յունիսին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ։ Ատենապետ վերընտրուեցաւ Յակոբ Խաչատուրեան։ Դիւանի մնացեալ անդամներն են՝ Արամ Սարաֆեան (փոխ- ատենապետ), Թամար Քանարեան (ատենադպիր), Ռաֆֆի Ուրլեան (գանձապահ), Հուրի Տաղլեան, Ռաֆֆի Մանճիկեան, Ճոն Գլընճեան, Արամ Յովակիմեան եւ Ռիչըրտ Քանարեան (խորհրդականներ)։