Prelacy News, Prelacy News

ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ

Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 5 Յունիս

Այսօր, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ Յարութեան յիսուներորդ օրը, Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին
համաձայն կը տօնախմբենք Սուրբ Հոգւոյն Գալուստը, որ նկարագրուած է Գործք Առաքելոց գրքին մէջ
(2:1-21)։ Սուրբ Հոգին հրեղէն լեզուներու կերպարանքով կ՛իջնէ Վերնատան մէջ հաւաքուած
առաքեալներուն վրայ, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը վերածնելով որպէս նոր անձ, տարբեր լեզուներ խօսելու
կարողութեամբ կ՛օժտուին, որպէսզի Բարի Լուրը քարոզեն աշխարհի չորս ծագերուն։
Այս տօնը, որ ծանօթ է նաեւ Պենտեկոստէ անունով, եբրայական աւանդութեան մէջ յետ Զատկի
յիսուներորդ օրը կը նշէ։ Սկզբնական շրջանին Սինա լերան վրայ Օրէնքը Մովսէսի յանձնումի, ինչպէս

նաեւ գարնանային ցորենի հունձքի տօնն էր, իսկ աշխարհի Փրկչին Համբարձումէն ետք ստացաւ նոր
տարազ, եւ հանդիսացաւ առաջին պտուղը Իր խոստումներուն, թէ Մխիթարիչը պիտի գայ եւ առաջնորդէ
առաքեալները ամբողջական ճշմարտութեան մէջ (Յհ 16.13)։ Այսպիսով, անգամ մը եւս յայտնուեցաւ
Ամենակալ Աստուծոյ խօսքին անսխալականութիւնը, թէ «ձեզի նոր սիրտ մը պիտի տամ եւ նոր Հոգի մը
պիտի դնեմ ձեր մէջ» (Եզ 36.26)։

Սուրբ Հոգին, որ Ստեղծագործութեան Գոյապահպանիչն է եւ մարգարէնեը Ներշնչողը, կը կենսաւորէ, կը
նորոգէ ու կ՛արդիւնաւորէ բոլոր ժամանակներուն անոնք, որ կը հետեւին աշխարհի Փրկչին։ Ան ձկնորսները
կը դարձնէ մարդոց որսորդ, աշխարհի տգէտները՝ իմաստուն, «խոնարհները կը բարձրացնէ եւ անօթիները
կը լիացնէ բարիքներով» (Ղկ 1.52-53)։

Սուրբ Հոգին մեր հոգիները Կենդանացնողն է։ Առանց Իրեն, ինչպէս Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ կ՛ըսէ,
«ողջ ենք մարմնով, մեռած՝ հոգիով»։ Նոյն այս հասկացողութեամբ Աստուծոյ օծեալ մեծ մարգարէն Դաւիթ,
իր մեղքերը խոստաովանելէ ետք, կը խնդրէ Աստուծմէ ու կ՛ըսէ․ «Քու ներկայութենէդ մի՛ զրկեր զիս եւ
Սուրբ Հոգիդ մի՛ հեռացներ ինձմէ» (Սղ 51.11)։

Սուրբ Հոգիի պտուղը բազմաշնորհ է, ինչպէս երկնքի մէջ շողացող արեւուն բարիքներ անհամար։ Պօղոս
Առաքեալ ճարտար եւ առարկայական կերպով կը ներկայացնէ այս իրողութիւնը, ըսելով․ «Սուրբ Հոգիին
պտուղն է Սէր, Ուրախութիւն, Խաղաղութիւն, Համբերատարութիւն, Ազնուութիւն, Բարութիւն,
Հաւատարմութիւն, Հեզութիւն, Ժուժկալութիւն» (Գղ 5.22-23)։ Ի մի բան, ճշմարտութիւնը այն է, թէ
Սուրբ Հոգին կը փոխակերպէ անձը հիմնական երկու ուղղութեամբ՝ ներքին եւ արտաքին։ Երբ անձ մը
ներքնապէս կը վայելէ Սուրբ Հոգիի Սէրը, Ուրախութիւնը եւ Խաղաղութիւնը, բնականաբար կ՛արտացոլացնէ
մնացեալ առաքինութիւնները, ինչպէս երկրի ընդերքէն հոսող աղբիւրը կ՛ոռոգէ հողը եւ բազմաթիւ
բարիքներ կը բաշխէ։

Առաքեալին հաստատումը շատ նշանակալից է։ Ան կ՛ակնարկէ Սուրբ Հոգիի առթած պտուղին, եւ անկէ
յառաջացած ճոխ արդիւնքին, մեզ իրազեկ դարձնելով, որ Սուրբ Հոգիի ազդեցութիւնը ենթակային վրայ մեր
երեւակայութենէն վեր հրաշալի բարիքներով կը պարուրէ, որովհետեւ մարմնի օրէնքը չէ որ կը գործէ, այլ՝
Ամենակալին Զօրութեան Շնորհքը։

Հանդիսաւոր այս տօնին առթիւ, բոլորս ալ հրաւիրենք Բարեգութ Արարչին եւ մեր երկնաւոր Հօր Սուրբ
Հոգին, որ գայ եւ բնակի մեր մէջ ու նորոգէ մեր սիրտը, միտքն ու հոգին։ Ամէնքս ալ խոնարհ սրտով
աղօթենք Շնորհալի Հայրապետին հետ ու ըսենք. «Հոգի Աստուծոյ, ճշմարիտ Աստուած, որ Յորդանան
գետին վրայ եւ վերնատունը իջար, եւ լուսաւորեցիր զիս սուրբ աւազանին մկրտութեամբ. մեղանչեցի
երկինքի դէմ եւ քու առջեւդ. վերստին մաքրէ՛ զիս քու աստուածային կրակովդ, ինչպէս հրեղէն
լեզուներով մաքրեցիր սուրբ առաքեալները. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս»։
Աղօթքին հետ գոհաբանութեամբ անդադար փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։