ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ՀՈԳՇ. Տ. ՄԵՍՐՈՊ ՎՐԴ. ՊԱՐՍՄԵԱՆԻՆ
Ցաւով իմացանք, որ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան՝ Առաջնորդ էջմիածնական Արեւելեան Թեմի, ինքնաշարժի լուրջ արկածի մը մատնուած էր Շաբաթ, 16 Յուլիսին։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, թեմիս հոգեւորականներուն հրահանգած է յիշել Հայր Սուրբը իրենց աղօթքներուն Ս. Պատարագի ընթացքին եւ խնդրած է մեր հաւատացեալներէն, որ աղօթեն անոր առողջութեան համար։ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանին կը մաղթենք շուտափոյթ եւ ամբողջական ապաքինում։