Լուրեր

Ի ՅՈՒՇ ՆԻՆԱ ԿԱՐՍՈՅԵԱՆԻ

Շաբաթ, 24 Սեպտեմբերին, հանգուցեալ հայագէտ ու բիւզանդագէտ Նինա Կարսոյեանի ընտանեկան պարագաներ, բարեկամներ ու գործընկերներ առցանց հաւաքոյթ մը կազմակերպեցին անոր յիշատակին։

Նինա Կարսոյեանի աշակերտներէն՝ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Մագսուտեան, հաւաքոյթը բացին աղօթքով։ Խօսք առին անոր բարեկամներն ու գործընկերները՝ Ուեսլի Ճէնուէյ, Շառլ տը Լամպերթըրի եւ Իզապէլ տը Լամպերթըրի, սանը՝ Սսու Ուէնկ, ազգականը՝ պատմաբան Արսէն Սափարով, եւ աշակերտուհին՝ Սիլվի Մերեան։ Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան դաշնակահար Շահան Արծրունի, որ Եոհան Սեպասթիան Պախէն կտոր մը նուագեց, եւ երգիչ Հայկ Իւթիճեան (Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Տարածեալ ձեռք» շարականը եւ Մակար Եկմալեանի «Պլպուլն Աւարայրի»)։

Պաշտօնական յայտագրէն ետք, Ռոնըլտ Սիւնի, Թամըս Մէթիուզ, Ինա Բաղդեանց-ՄաքՔէյպ, Քլէր Մուրատեան, Լօլա Գունտագճեան, Էլիզապէթ Պրաուն, Սերճօ Լա Փորթա, Քոնսթանթին Հաճիտիմիթրիու, Ճոզէֆ Փորթանովա, Ճէյն Պիշոփ եւ Փաթրիսիա Կոստանդինեան յուզիչ նշմարներ եւ յուշերու պատառիկներ ներկայացուց հանգուցեալ Նինա Կարսոյեանի մասին։