ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ
3-5 Հոկտեմբերին, Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի հոգեւորականաց դասը Թարգմանչաց տօնին առթիւ ունեցաւ տարեկան հաւաքը Seminary of Immaculate Conceptionի մէջ (Հանթինկթըն, Նիւ Եորք)։
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի բացման աղօթքէն եւ բարի գալուստի խօսքէն ետք, տեղի ունեցաւ դիւանի ընտրութիւն։ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան ընտրուեցաւ ատենապետ, իսկ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան՝ ատենադպիր։ Այնուհետեւ, հոգեւոր հայրերը ունկնդրեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրական յորդորները՝ նուիրումով եւ հաւատարմութեամբ շարունակելու իրենց առաքելութիւնը, միաժամանակ պատուիրելով որ ներկայ կեանքի առնչուող որեւէ հարց պէտք է դիտուի եւ բացատրուի եկեղեցւոյ դարաւոր փորձառութեան պրիսմակէն՝ առաջնորդուած Սուրբ Հոգիին կողմէ։
Եռօրեայ այս հաւաքի գլխաւոր զոյգ նիւթերն էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանին վայելող Ազգային Առաջնորդարանի 65ամեայ ծառայութիւնը եւ ներկայ ընկերութիւնը յուզող այժմէական հարց մը՝ «Սեռափոխութիւնը եւ Հայ Եկեղեցւոյ մարտահրաւէրները»։
Առաջին նիւթը ներկայացուց Ազգային Վարչութեան նախկին ատենապետ՝ մեթր Ճէք Մարտոյեան, Շիքակոյէն։ Պրն. Մարտոյեան համապարփակ կերպով ներկայացուց ամերիկահայ գաղութի ծննդոցը, նաեւ Ազգային Առաջնորդարանին մեր ժողովուրդի զաւակներուն ընծայած հոգեմտաւոր, ընկերային եւ այլ ծառայութիւնները։
Երկրորդ նիւթը յաջորդաբար ներկայացուցին հոգեբոյժ Տանիէլ Զազայեան (Տիթրոյիթ)՝ «Սեռափոխութեան ներածական եւ եզրաբանութիւն», Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան՝ «Հոգե-ընկերաբանակքան դիտանկիւն», բժիշկ Յարութ Պոյաճեան (Տիթրոյիթ)՝ «Բժշկական դիտանկիւն», դատաւոր Տէյվիտ Էրիքսըն (Շիքակօ)՝ «Օրէնսգիտական օրինական դիտանկին»։ Չորս դասախօսները՝ ըստ կարելւոյն հասկնալի դարձնելով, ներկայացուցին մերօրեայ ընկերութիւնը յուզող այս տագնապը, որ սկսած է թակել նաեւ մեր դռները։
Դասախօսութեանց ընկերացան հովուական կեանքի փորձառութեանց փոխանակման եւ յետ համավարակի ծիսական ժամանակաւոր փոփոխութեանց բնականոն կարգերու վերահաստատման յատուկ պահեր։ Հաւաքի մէկ կարեւոր մասը կը կազմէին Գիշերային, Առաւօտեան, Արեւագալի, Երեկոյեան եւ Խաղաղական ժամերգութիւնները։ Հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարեցին Արժպ. Տ. Դանիէլ Քհն. Մանճիկեան, Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան եւ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան։
Հակառակ աննպաստ օդին, տասը նահանգներէ համախմբուած եկեղեցական հայրերը, եղբայրական սիրոյ եւ աղօթական կեանքի ջերմ մթնոլորտի մէջ ունեցան ինքնահարստացման հոյակապ փորձառոթիւն։
«Պահպանիչ» աղօթքով, «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականով ու «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ հաւաքը։