ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆ. ՇԻԹԻԼԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Սեպտեմբեր 30-ին, Հայաստանի պետական կամերային նուագախումբը, ղեկավարութեամբ Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեանի՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մէսէչուսէթս), ելոյթ ունեցաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան համերգասրահին մէջ: Համերգը կազմակերպուած էր Կամերային (սենեկային) Երաժշտութեան Ազգային Կեդրոնի «Հայահաւաք» նախագիծի շրջանակին մէջ: Այս նախագիծը կը ներկայացնէ հայազգի յայտնի արուեստագէտներ, որոնք որոշ պատճառներով դեռ ելոյթ չեն ունեցած կամ աշխոյժ ստեղծագործական գործունէութիւն չեն ծաւալած հայրենիքէն ներս
Նուագախումբը ներկայացուց Դանիէլ երաժիշտի հայկական ժողովրդական եւ հոգեւոր մեղեդիները՝ «Արուեստ եւ ժողովրդական պար», «Ուստի՞ կու գաս» եւ «Պետրոս Ղափանցի» մշակումները, Մոցարթի համանուագ թիւ 29-էն եւ Շոսթաքովիչի սենեկային համանուագէն հատուածներ ու Սարգիս Ասլամազեանի գործեր՝ հայկական ժողովրդական երգերու թեմաներով (ըստ Կոմիտասի գրառումներուն):
Տէր Հայրը իր երաժշտական ուսումը ստացած է Երեւանի եւ Ս. Փեթերպուրկի մէջ, մասնագիտանալով խմբավարութեան մէջ։ Մասնակցած է միջազգային զանազան փառատօներու եւ ունեցած ելոյթներ՝ Ռուսաստանի, Շուէտի եւ Անգլիոյ մէջ։ Պարգեւատրուած է Ռուսաստանի մշակութային հիմնադրամի մետալով եւ պատուոյ գրով։