Առաջնորդարանէն

ՏՕՆԱԽՄԲՈՒՄ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ 65ԱՄԵԱՅ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ

Գոհաբանութեան Տօնի կանխող Կիրակին՝ 20 Նոյեմբերին, գոհաբանութեան օր է Ազգային Առաջնորդարանին համար, որ իր ծառայութեան 65ամեակը պիտի տօնէ։ Վերջին տարիներու մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրները արդէն ցոյց կու տան, թէ որքա՛ն բաներու համար երախտապարտ պէտք է ըլլանք։

Ասիկա պատեհ առիթ մըն է ո՛չ միայն Արեւելեան Թեմի երկարամեայ գոյութեան յետադարձ հայեացք մը նետելու, այլեւ դէպի յառաջ նայելու եւ մեր համայնքն ու ինքնութիւնը վերաիմաստաւորելու՝ ապագայի ուղղութեամբ։

Կը սպասենք ձեզի Ս. Պատարագին, զոր պիտի մատուցանէ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ս. Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, իսկ այնուհետեւ տօնախմբութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Terrace on the Park սրահին մէջ, Քուինզ (Նիւ Եորք)։

 

Սեղմեցէք այստեղ մանրամանութիւններու համար