Տօներ

Գ. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԱՑ

Կիրակի, 10 Դեկտեմբերին, Յիսնակի երրորդ Կիրակին է, կանխապատրաստելով  Քրիստոսի գալստեան տօնը, որ մեզի կը բերէ մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ անսահման սիրոյն պատգամը։ Յիսնակի մեծագոյն դէմքը Ս. Յովհաննէս Մկրտիչն է (տե՛ս Մատթէոսի եւ Ղուկասի աւետարաններու 3րդ գլուխները)։ Սպասման այս շրջանը կը կոչուի Յիսնակ, որովհետեւ յիսուն օրեր կան մինչեւ Քրիստոսի Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը 6 Յունուարին։