ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ՓԱԿԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը, որ իր աւարտին հասաւ Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբերին, նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, իր եռօրեայ աշխատանքներուն երկրորդ օրը՝ 8 Դեկտեմբեր, տրամադրեց Սփիւռքի վերակազմաւորման առնչուած հրատապ թեմաներու. ընտանիք, հայակերտում, երիտասարդութիւն, Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման մասնակցութիւն եւ Սփիւռքի վերակազմակերպում։ Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին կատարուեցան լայն քննարկումներ եւ ներկայացուեցան առաջարկներ, որոնք ուղեգիծ պիտի ըլլան 2023 տարուան Սփիւռքի վերակազմակերպման նուիրուած Վեհափառ Հայրապետի հռչակագիրին, ինչպէս նաեւ պիտի որդեգրուին նորընտիր Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան յառաջիկայ քառամեայ գործունէութեան մէջ։
Ա. նիստին՝ «Հայ ընտանիքը՝ առանցքը հայու գոյութեան», զեկուցեցին Արմինէ Սայիթխանեան (Թեհրանի Թեմ) եւ Պերճ Աբգարեան (Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ)։ Ա. Սայիթխանեան լուսարձակի տակ առաւ ծնողներու դերակատարութիւնը հայեցի դաստիարակութեան մէջ, իսկ Պ. Աբգարեան խօսեցաւ ձուլման վտանգին մասին։
Բ. նիստին՝ «Հայակերտում՝ երաշխիքը հայու ինքնութեան», ելոյթ ունեցան Համբիկ Գարայեան (Գանատայի թեմ) եւ Վիգէն Աւագեան (Լիբանանի թեմ)։ Հ. Գարայեան անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութեան ընկերա-քաղաքական զարգացման մէջ եւ հայկական վարժարաններու մէջ բարոյագիտական եւ կրօնական նիւթերու դասաւանդման անհրաժեշտութեան։ Վիգէն Աւագեան ընդգծեց, որ դպրոց-միութիւն-եկեղեցի-ակումբ-մամուլ ծնունդ են հայակերտման անհրաժեշտութեան ու անոր կը ծառայեն։ Այսօրուան աննպաստ պայմաններուն մէջ, դպրոցը կը դադրի սոսկ ուսումնարան ըլլալէ ու կը դառնայ հայակերտման մթնոլորտ ապահովող վայր։
Գ. նիստին՝ «Երիտասարդութիւնը՝ աւիշը հայ կեանքին», հրաւիրուած էին զեկուցելու Կալի Աւագեան՝ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողական Միութենէն (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.), եւ Ժաք Քէչէճեան՝ Զաւարեան Ուսանողական Միութենէն (Զ.Ո.Մ.)։ Անոնք ներկայացուցին հայ երիտասարդը յուզող հարցերը եւ հայկական կառոյցներէն անոնց հեռանալուն դրդապատճառները։ Կ. Աւագեան ըսաւ, թէ ներկայ իրավիճակը յուսախաբ ըրած է երիտասարդը, որ հարց կու տայ, թէ իր ազգային գործը ի՞նչ բանի կը ծառայէ, յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ։ Ժ. Քէչէճեան յիշեցուց, թէ անցեալին ազգային ազատագրական շարժումի ղեկավարները երիտասարդներ էին, որոնք եղած են մղիչ եւ որոշիչ ոյժ, իսկ ներկայիս երիտասարդութիւնը չի գտնուիր հանրային ու կազմակերպական կեանքի ղեկավար մակարդակներու վրայ։
Օրուան վերջին նիստին՝ «Սփիւռքը՝ մասնակից Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման», հանդէս եկան երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի (Լիբանանի Թեմ) եւ Նոէլ Մինասեան (Թեհրանի Թեմ)։ Յ. Բագրատունի դիտել տուաւ, որ Սփիւռքը մնայուն է եւ չի կրնար մեկուսանալ հայրենիքի հարցերէն, մանաւանդ, որ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնութիւնը կենդանի պահելու հիմնական դեր ունի։ Հարկ է վերահաստատել ինքնավստահութիւնը եւ միացնել ճիգերը՝ ամուր պահելու համար Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնութիւնը։ Ն. Մինասեան ըսաւ, թէ միջազգային ասպարէզին մէջ ականատես ենք բռնի ոյժի համատարած կիրառման, հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան անտեսման։ Ան աւելցուց, թէ 44-օրեայ պատերազմին ողբերգական իրադարձութիւնները փլեցին իասնութեան սիւները, եւ ընդգծեց, որ հայութեան հզօրացման ու միասնականութեան նախապայմանը պետականամէտ մտածողութիւնն է, իսկ հայութեան պետականութեան երաշխիքը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է։
Բոլոր նիստերուն հետեւեցան աշխոյժ քննարկումներ, ուր ժողովականները առիթը ունեցան տեսակէտներ յայտնելու եւ գործնական առաջարկներ բերելու յարուցուած հարցերուն հետապնդման ի խնդիր։ Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդէս եկաւ եզրափակիչ խօսքերով, որոնք ամփոփեցին կատարուած քննարկումները եւ շեշտը դրին գործնական ու դէպի ապագայ նայող առաջարկներու վրայ։
Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբերի առաջին նիստին՝ «Սփիւռքը վերակազմակերպելու հրամայականին դիմաց», զեկոյցներ ներկայացուցին Քաղաքական Ժողովի անդամ Սեդա Խտըշեան (Լիբանանի թեմ) եւ Շահան Գանտահարեան (Լիբանանի թեմ)։ Ս. Խտըշեան դիտել տուաւ, որ միջին արեւելեան գաղութներու մէջ քաղաքական տագնապներն ու տնտեսական քայքայումը պատճառ դարձան հսմայնքներու թիւի նուազման։ Սփիւռքը երկու կենսական հարցեր ունի. ինքնութեան պահպանում եւ ներկայացուցչութիւն։ Շահան Գանտահարեան նշեց, որ Վեհափառ Հայրապետի կողմէ 2022-ը Սփիւռքի տարի հռչակումը այժմէականացուցած էր Սփիւռքի բազմաթիւ հարցերու քննարկումը։ Այս բոլորը կը յուշէ, որ համակարգուած աշխատանքը, մասնագիտական յանձնախումբերու յառաջացումը եւ ծրագրի մշակումը անյետաձգելի հրամայական մըն է։ Հարկ է նոր հայեացակարգ մշակել եւ ի գործ դնել։ Երկու բանախօսները նշեցին, թէ բոլոր նախադրեալները մտածել կու տան, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր թեմերու ցանցային համակարգով, վաստակած է հեղինակութիւն եւ կարողականութիւն՝ անհրաժեշտ համախմբումը յառաջացնելու։
Եզրափակիչ խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ արծարծուած նիւթերը մեզի անգամ մը եւս կը յուշեն, թէ Սփիւռքի վերակազմակերպումը հրամայական եւ գոյութենական խնդիր է։ Արամ Ա. Կաթողիկոս նշեց, թէ Հայաստանը կոչուած է միացնող ոյժ եւ իրականութիւն դառնալու եւ երբ ան շեղի իր առաքելութենէն, Սփիւռքը պէտք է շեշտակի կերպով յիշեցնէ անոր պարտականութիւնը։ Ան վերստին ընդգծեց ներհամայնքային եւ միջհամայնքային գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։
Երրորդ օրուան երկրորդ կիսուն, պատգամաւորները Ժողովին ներկայացուցին թեմերէն եկած իրենց առաջարկները, ինչպէս նաեւ լսեցին, քուէարկեցին ու վաւերացուցին բանաձեւի, ընտրական ու տնտեսական յանձնախումբերու զեկոյցները, ընտրեցին յառաջիկայ քառամեակին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները եւ աւարտին լսեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ տարբերութիւններ կրնանք ունենալ, սակայն համազգային արժէքներու, մտահոգութիւններու, վտանգներու գծով ներելի չէ որեւէ ներքին լարուածութիւն, զգայնութիւն ու բեւեռացում՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ Սփիւռքի մէջ։ Վեհը ընդգծեց, թէ որեւէ ժողով իր ճշմարիտ դիմագիծն ու հարազատ էութիւնը կը ստանայ ժողովէն ետք, երբ արտայայտուած մտահոգութիւնները, արժեւորումները եւ որոշումները կեանքի վերածուին։ Ուստի, պէտք է մտածել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է աւելի գործօն կերպով թեմերը մասնակից դարձնել հաւաքական առաքելութեան։
Ապա, ժողովականները, Հայրապետին գլխաւորութեամբ, միաձայնութեամբ երգեցին «Կիլիկիա» քայլերգը եւ Հայրապետական մաղթերգը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան նորընտիր Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու անուանացանկը.
Կրօնական Ժողով
- Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան
- Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան
- Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան
- Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան
- Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան
- Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան
- Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան
- Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան
- Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան
- Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան
- Գերշ. Տ. Գրիգոր Արք. Չիֆթճեան
- Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան
- Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան
- Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան
- Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեան
- Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան
- Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան
Քաղաքական Ժողով
- Ստեփան Տէր Պետրոսեան (Լիբանան)
- Դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեան (Լիբանան)
- Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան (Լիբանան)
- Շահան Գանտահարեան (Լիբանան)
- Յակոբ Հաւաթեան (Լիբանան)
- Տիգրան Ճինպաշեան (Լիբանան)
- Ալեք Մուրատեան (Լիբանան)
- Արթիւր Նազարեան (Լիբանան)
- Սեդա Խըտըշեան (Լիբանան)
- Գրիգոր Մահսերեճեան (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)
- Ռոստոմ Այնթապլեան (ԱՄՆ Արեւմտեան)
- Յովսէփ Աւետեան (Իրան)
- Կայծակ Զէյթլեան (ԱՄՆ Արեւմտեան)
- Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան (ԱՄՆ Արեւելեան)
- Հրաչ Յակոբեան (Սուրիա)
- Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան (Գանատա)
- Տոքթ. Արմէն Տէրեան (Յունաստան)