ԱՐՇԱԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍՈՎ (մահ՝ 8 Յունուար, 1881)
Րաֆֆիի հռչակաւոր «Խենթը» վէպի (1881) առաջին գլուխը նուիրուած է Պայազէտի պաշարումին 1877-1878ի ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին, եւ թէ ինչպէ՞ս Խենթը (վէպին մէջ՝ Վարդան, բուն անունով՝ Սամսոն Տէր Պօղոսեան) պաշարման գիծը կը կտրէ՝ զօրավար Տէր-Ղուկասովի զօրքերուն օգնութեան խնդրանքը հասցնելու համար։
Տէր Ղուկասեան ծնած է 1819ին, Թիֆլիսի մէջ, Շամխորի շրջանէն (պատմական Հայաստանի Ուտիք գաւառ, այժմ՝ Ատրպէյճանի մէջ) գաղթած հոգեւորականներու ընտանիքի մը մէջ։ Իր սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիսի Ներսէսեան դպրոցին մէջ, եւ այնուհետեւ աւարտած է Փեթերպուրկի հաղորդակցութեան ճամբաներու հիմնարկը (այժմ՝ համալսարան)։ 1842-1850 թուականներուն աշխատած է Կովկասի ճանապարհաշինութեան մէջ իբրեւ ճարտարագէտ, իսկ 1850ին անցած է զինուորական ծառայութեան։
1852ին, իբրեւ Ապշերոնի գունդի 3րդ գումարտակի հրամանատար, մասնակցած է կովկասեան լեռնականներուն դէմ մղուող մարտերուն եւ ցուցաբերած արտակարգ քաջութեան համար նշանակուած է նոյն գունդի հրամանատար (1859)։ Օգոստոս 1859ին, Տէր Ղուկասովի գլխաւորած առաջին եւ 4րդ գումարտակները արիւնալի կռիւներէ ետք գրաւած են կովկասեան իմամ Շամիլի ապաստանը եղող Կունիպ աւանը, որուն համար պարգեւատրուած է Ս. Գէորգի 4րդ աստիճանի շքանշանով։
1860-1870ական թուականներուն շարունակած է իր վերելքը։ 1868ին ստանձնած է Թերեք մարզի կառավարումը, 1860ին նշանակուած է 38րդ հետեւակային զօրաբաժնի հրամանատար, իսկ 1874ին արժանացած է զօրավար-տեղակալի զինուորական կոչման։
Տէր-Ղուկասովի ռազմական տաղանդը աւելի ակնառու կերպով դրսեւորուած է 1877-1878 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմիւ ընթացքին։ Անոր գլխաւորած Երեւանեան զօրաջոկատը 18 Ապրիլին մտած է Պայազէտ, որուն հետեւած է Ղարաքիլիսայի, Դիադինի եւ Ալաշկերտի գրաւումը Ապրիլ-Մայիսին։ Յունիսին երկու իրերայաջորդ ճակատամարտներով ջախջախած է Մուխթար փաշայի մեծաքանակ ուժերը։
15 Յունիսին, կովկասեան բանակի հրամանատար, հայազգի Միքայէլ Լորիս-Մելիքովէն հրաման ստանալով, Տէր Ղուկասով կազմակերպած է իր զօրաջոկատի ութօրեայ նահանջը եւ շուրջ 20.000 հայ բնակիչներու գաղթը Իգդիր։ Գերմանացի ռազմագէտները այդ նահանջը բաղդատած են Քսենոփոնի նահանջին հետ։ Նահանջը իրագործելու համար պարգեւատրուած է «Սպիտակ արծիւ» շքանշանով։ Լուր ստանալով քիւրտ Իսմայիլ փաշայի 25.000 հազարնոց ուժերուն կողմէ Պայազէտի բերդի պաշարման մասին, փութացած է բերդի 1600 հոգինոց կայազօրի օգնութեան եւ 28 Յունիսին, 27 օրուան պաշարումէ ետք, զայն ազատած է։ Այս քաջագործութեան համար, Տէր Ղուկասով պարգեւտրուած է Ս. Գէորգի երրորդ աստիճանի շքանշանով։ Հոկտեմբեր 1877ին, անոր գլխաւորած ուժերը գլխովին ջախջախած են Մուխթար փաշայի քանակական առաւելութիւն ունեցող ուժերուն Դեւեբոյնի ճակատամարտին։
Յունուար 1878ին, Տէր Ղուկասով Ախալցխայի ուղղութեամբ գործող ռուսական զօրքերու հրամանատար նշանակուած է, իսկ պատերամի աւարտէն ետք Կովկասեան երկրորդ զօրաբանակը գլխաւորած է։
Հայազգի զօրավարը 1880ին արտասահման մեկնած է բուժուելու։ Սակայն, լրիւ չապաքինած, Թիֆլիս վերադարձած է եւ 8 Յունուար, 1881ին մահկանացուն կնքած։ Թաղումը կատարուած է Ս. Գէորգ եկեղեցիի բակին մէջ։